Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայ Գիրքը եւ Ընթերցողը

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճելըսի Մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը, Ուրբաթ, 29 Հոկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Թ.Մ.Միութեան «Պէշկէօթիւրեան» սրահին մէջ։

Դասախօսութեան նիւթն էր «Հայ Գիրքը եւ Ընթերցողը», իսկ դասախօսն էր Տոքթ. Գրիգոր Սիմոնեան։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ հանդիսավար Սեւան Տէր Պետրոսեանը։ Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ գրասէր հասարակութեան եւ ապա անոնցմէ խնդրեց որ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեն յիշատակը նորոգ հանգուցեալ ԹՄՄիութեան ղեկավարներէն Ճորճ Մանտոսեանի։

Օրուան հանդիսավարը յետոյ ներկայացուց  բանախօսը՝ Տոքթ. Գրիգոր Սիմոնեանը, որ մանկութենէն ի վեր եղած է գիրի եւ գիրքի սիրահար։

Տոքթ. Սիմոնեան իր նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Հ Բ Ը Միութեան Երուանդ Տէմիրճեան եւ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարաններուն մէջ։ Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին պատճառաւ, ան իր ընտանիքին հետ գաղթած է Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուած Լոս Անճելըս։

Տոքթ. Սիմոնեան 1981-ին յաճախած է Հարաւային Գալիֆորնիոյ Համալսարանը (USC), ուրկէ վկայուած է որպէս ատամնաբոյժ եւ քանի մը տարի աշխատելէ ետք, դարձեալ յաճախած է նոյն համալսարանը եւ այս անգամ վկայուած է որպէս լինտերու մասնագէտ վիրաբոյժ (dental implants)։

Բանախօսութենէն առաջ բեմ հրաւիրուեցաւ Խաչիկ Նահապետեանը որ մեզի հրամցուց երկու երգ, Ռոպերթ Ամիրխանեանի «Երազ իմ Երկիր Հայրենիք»ն ու Արմէն Մանդակունեանի «Մեր Հայոց Լեզուն։» Ան բարձրօրէն գնահատուեցաւ ներկաներուն կողմէ։ Հետաքրքրական է գիտնալ  որ Ամիրխանեանի երգը ընդունուած է որպէս Հայաստանի Նոր Բանակի Օրհներգ։

Յարգելի բանախօսը՝ ժամանակագրական կարգով ներկայացուց գիրքին եւ գրականութեան կարեւորութիւնը եւ ապա անոնց յարաբերական անկումը։ Ժամանակին՝ շարունակեց ան, գիրն ու գիրքը կախարդական հմայք մը ունէին, որ կլաներ էր նաեւ նոյնիսկ անգրագէտները։ Այն ատեն` ընթերցումը եղած էր հաճոյքի ժամանց, իսկ գրողները՝ դարձած էին հռչակաւոր մարդիկ։

Տոքթ. Սիմոնեան անդրադարձաւ Մխիթարեան Հայրերու անուրանալի ներդրումին՝ հայ գիրի եւ գրականութեան տարածման մէջ։ Վենետիկի Մխիթարեան Հայրերու գրադարանը կարեւոր գանձարան մըն է, որ մինչեւ օրերս կը գրաւէ զբօսաշրջիկներու ուշադրութիւնը։

Ան արդարօրէն դիտել տուաւ որ գիրքը, գրողը, հրատարակիչն ու ընթերցողը քառեակ մըն է, որ կը կազմէ գրականութեան 4 գլխաւոր բաղադրութիւնները։ Գրողը կ՛ուզէ ընթերցող, շարունակեց ան եւ գծեց պատկերը՝ ներկայ ժամանակներու տժգոյն վիճակին, երբ համացանցը յաղթած է տպագրուած գիրքին եւ գրաւոր մամուլին։

Հայերէն լեզուի եւ պատմութեան դասագիրքերն ալ՝ նշեց յարգելի բանախօսը, ենթարկուեցան նոյն տխուր իրավիճակին։ Ըստ Համազգային Մշակութային Միութեան, մէջբերեց Տոքթ. Սիմոնեան, 40 տարուան մէջ անոնց տպաքանակը իջած է 5,000-էն մինչեւ 500։ Իսկ հիմա հրատարակիչներն ալ՝ յիշեց ան, գիրքերու եւ դասագիրքերու փոխարէն՝ կ՛զբաղին առեւտրական ծանուցումներով, իրենց օրապահիկը ապահովելու համար։

Եզրակացնելով՝ Տոքթ. Սիմոնեան ըսաւ որ, լեզուները կ՛ապրին գործածուելով միայն եւ մենք պէտք է շարունակենք խօսիլ հայերէն …

Վարչութեան նախկին Ատենապետ Վաչէ Սեմերճեան՝ գնահատելով նիւթին շահեկանութիւնը եւ Բանախօսին բծախնդիր պատրաստութիւնը, իրեն նուիրեց իր հեղինակած «Լուսարձակի Տակ» աշխատասիրութենէն երկու հատոր։ Հատորները փոխանցուեցան Տոքթ. Սիմոնեանին՝ Վարչութեան Փոխ-Ատենապետ Արա Պապայեանի կողմէ։

Շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ ԹՄՄիութեան Արեւմտեան Ափի Գործադիր Քարտուղար Մայտա Քիւրէճեանը։ Ան բարձր գնահատեց բոլոր մասնակցողները, իրենց կատարած անգնահատելի աշխատանքին համար։

Փակման խօսքն ու օրհնութեան աղօթքը կատարեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Ափի Թեմակալ Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ներկայացուցիչ՝ Արժանապատիւ Տէր Եղիա քահանայ Իսայեան, հոգեւոր հովիւը Կլէնտէյլի Սուրբ Պետրոս եկեղեցւոյ։

Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հարց-պատասխանի զրոյց եւ ապա կոչնակնները հրաւիրուեցան հիւրասիրութեան։

Հոս կ՛ուեմ դիտողութիւն մը ընել հարց-պատասխանի կապակցութեամբ, որ կը պատահի ամէն դասախօսութենէ ետք։ Հարցումը պէտք է ըլլայ կարճ՝ եւ առնչութիւն ունենայ նիւթին հետ, եւ ոչ թէ առիթ՝ երկարապատում անհատական մտածումի փոխանցման …

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ