Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, 2024

Շաբաթաթերթ

Քաղաքական Արտաքին Երեւոյթներ

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Քաղաքականութիւնը ի ծնէ ունեցած է արտաքին եւ ներքին խաբուսիկ երեւոյթներ: Մարդկութիւնը կարծես ինք եւս ի ծնէ ունեցած է նման խաբուսիկ արտաքին երեւոյթներ, յաճախ քօղարկելով զանոնք հազար ու մէկ սուտասանութիւններով, շողոքորթութիւններով, երեւոյթներով եւ ցուցամոլութիւններով: Դիւանագէտներն ու քաղաքական դէմքերը վկայ են այս երեւոյթին:

Բայց քաղաքականութիւնը այս վերջին երկու դարերուն ընթացքին մանաւա՛նդ, թեւեր առած կը սաւառնի աշխարհի վրայ, սպառնալով անոր անդորրութեան եւ բնականոն կեանքին: Գիտական զարգացումները եւ յառաջխաղացումները որոնք ի նպաստ մարդկութեան պէտք էր զարգացուէին, դժբախտաբար շեղեցան իրենց նպատակի անաղարտ ուղիէն, ծառայելու համար քաղաքական աշխարհի տիտաններու քմահաճոյքին եւ իրենց գռեհիկ շահարկումներուն:

Մեր մտահոգութիւնը կը ծանրանայ մեր հայրենիքի կարգավիճակին, անոր ապահովութեան եւ գոյատեւման վրայ:

Սփիւռքահայը այսօր կ՝ապրի վրդոված վիճակի մէջ, հայրենիքէն մեզի հասած ամէնօրեայ տեղեկութիւններու տարափին ներքեւ: Բազում անգամ կրկնուած մտահոգութիւն կրնայ թուիլ այս, սակայն այդ մտահոգութիւնը փարատելու նշոյլ չենք տեսներ տակաւին: Հայրենիքի սրտէն բխած ազգային հասարակական հակասական տեղեկութիւններու այլանդակութիւնները նոյնիսկ սփիւռքի մտահոգութիւն  կը պատճառեն, առ ի զարմանս թէ՝ ի՞նչ է պատճառը այդ միասնականութեան քայքայումին, նի՞ւթը թէ՝ այն ղեկավարի անիծեալ աթոռը: Կամ՝ երկուքը:

Իսրայէլի 5-րդ վարչապետ Կոլտա Մայիր խորհուրդ տուած էր իր ազգին, «եթէ կ՝ուզէք որ ձեր երկիրը դառնայ ապրելու ցանկալի երկիր, ձերբազատուեցէք նախ՝ կաշառակերութիւնէն ապա՝ այլ բոլոր արգելքներէն, միատեղ աշխատեցէք ու աշխատեցէք եւ գնահատեցէք ձեր երկիրի արժէքները»:

Հայրենիքը այսօր վստահօրէն տարբեր ընթացքի մէջ կը թուի ըլլալ իր ներքին կարգով, երբ հեռուստատեսիլի կայանները զիրար կը հակասեն, լրատուական աղբիւրները նոյն կարգով, իսկ բազմաթիւ կուսակցութիւններու ներկայութիւնը բոլորովին խառնաշփոթ վիճակ ստեղծելու աւելի առիթներ կը ստեղծէ: Ընդդիմութիւն անուանուածը այսօր կը համեմատի թուրքին եւ անոր վարած քաղաքականութեան իր կեցուածքով եւ գործով, պատսպարուած կարգ մը օլիկարխներու քղանցքին տակ:

Այս բոլոր ներքին իրադարձութիւններու կողքին, կը նշմարենք համաշխարհային հետաքրքրութիւն մեր հայրենիքի հողերուն նկատմամբ: Արդեօք անոնք բարեսիրակա՞ն նպատակներով ընթացող, թէ՝ քաղաքական միտումներով հետաքրքրութիւններ են որոնք կը մնան տարակուսելի: Կը նշմարենք Եւրոպական եւ ամերիկեան երկիրներու հետաքրքրութեան դիմաց ռուսական հետաքրքրութիւնը, մեր հայրենիքին հանդէպ, որ կարծէք նախանձի արդիւնք կամ «ձեռքէ բաց չթողելու» հետաքրքրութիւն ըլլար: Երբ Եւրոմիութիւնը կը խոստանայ 2 միլիառ եւրոյի ներդրում ընել Հայաստանի մէջ, Ռուսաստան յաջորդ օրն իսկ կը յայտարարէ 1 միլիառ տոլարի ներդրում: Բայց ո՞ւր էիք 30 կամ 100 տարի առաջ: Այսօր, մօտ երկու հարիւր տարիներէ ի վեր, հայրենիքը կը տառապի մէյ մը ռուսական-պարսկական եւ մէյ մը ռուսական-թրքական արշաւանքներու հետեւանքներուն պատճառով: Սովետական ժամանակաշրջանի վերհասանումը հայրենիքի ափ մը մնացած հողի փրկութեան յոյս ներշնչեց հայ ժողովուրդին, հակառակ անոր որ հայ ժողովուրդի սրտէն պոկուած լայն տարածքներ նուէր բաշխուեցան թրքական պետութեանց, աջին ու ձախին, ցարական կամ համայնավար ռուսին՝  Լենինին, Սթալինին կամ ներկայ իշխանութեանց կողմէ:

Իսկ այսօր, կրկին հարթակ իջած է աւելի քան 200 տարեկան թուրանական ծրագիրը տարբեր շպարումով, սակայն նոյն այն թրքական ոգիով, որը տակաւին վառ է թրքական պետութեան ծաւալապաշտական ծրագիրներուն մէջ: Այսօր, երբ Թուրքիա ունի հսկայական տնտեսական տագնապ, իր մուտքը մերժուած բոլոր արեւմտեան եւ արաբական պետութիւններու կողմէ, Միջերկրականի նաւթային պահեստներու մերձեցման եւ գործածութեան, խիստ կարիքը ունի արեւելքի իր ազգակիցներուն, որոնք հարուստ են քարիւղով եւ կազով, որոնք ամենատարրական եւ անհրաժեշտ կարիքներն են Թուրքիոյ տնտեսութեան կայունութեան համար:

Թուրանական ծրագիրը այսօր, առաւել եւս  կ՝արծարծուի Հայաստանի հաշուոյն, խաղաքարտի նման, որովհետեւ Հայաստան արգելք կը կանգնի այդ թուրանական ծրագրի կայացման ճանապարհին:  Ժամանակին, Աթաթուրք խոստացած էր ապահով Հայաստան առանց Սիւնիքի, եթէ հայեր զիջէին այդ շրջանը թուրքերուն: Այսօր, Ատրպէյճան ոտքի ելած է նոյն նպատակով եւ շատ հաւանաբար կարգ մը երկիրներու քաջալերանքով կամ խոստումներով: Իսկ այս բոլորին դէմ յանդիման, ի՞նչ է ռուսաստանի դիրքը այս ուղղութեամբ, չէ՞ որ փոխադարձ օգնութեան համաձայնագիր գոյութիւն ունի Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ: Ռուսական քաղաքական ռազմավարութիւնը փոխուա՞ծ է 1920 թուականէն ի վեր, երբ այսօր տակաւին մեզ կը յիշեցնեն իրենց տուած խոստումը թուրքին որ չկարողացան գործադրել շնորհիւ Նժդեհի արթուն մտքին ու գործունէութեան: Խօսքը ճանապարհի կամ միջանցքի մասի՞ն է թէ՝ համայն Սիւնիքի, որն արդէն Աթաթիւրքի ծրագիրն էր եւ մինչեւ այսօր կը փայփայուի թուրքին եւ կը քաջալերուի ռուսին կողմէ: Յետին է ռուսական նպատակը եւ անընդունելի հայ ժողովուրդին համար:

Սակայն յստակ է միտք բանին ուր սոյն ծրագրի յարատեւ տարիներու արծարծումը այսօր քաղաքական գետնի վրայ ունի թաքուն նպատակներ որոնց գործադրութիւնը հանգած է դժուարութիւններու առաջ եւ հայրենի ժողովուրդը ՄԻԱՏԵՂ պայքարի խիստ կարիքը ունի այսօր:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ