Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը Կը Յայտարարէ Երկու Պատուական Նուէրներ Ֆրէզնոյի Մէջ Կայացած Տարեժողովի Ճաշկերոյթին

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը՝ որու գլխաւոր Կեդրոնատեղին կը գտնուի Նիւ Ճըրզիի Բըրէմըս քաղաքին մէջ, Շաբաթ Հոկտեմբեր 23-ին, Ֆրէզնոյի (ՔալիՖորնիա) մէջ կայացած Տարեժողովի Ճաշկերոյթի ընթացքին յայտարարեց երկու պատուական նուէրներ։ Ընկերակցութեան 102րդ Տարեժողովի Ճաշկերոյթը, որ տեղի ունեցաւ Ֆրէզնոյի Առաջին Հայ Երիցական Եկեղեցիի սրահին մէջ, նուիրուած էր Արցախի Հանրապետութեան։

 Աւետարանչականի Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեան յայտարարեց, որ Վըրճինիա նահանգի ՄէքԼին Քաղաքի Մանկիկեան ընտանիքը կը նուիրէ 300,000 ԱՄՆ Տոլար հովանաւորելու Ստեփանակերտի (Արցախ) նոր մանկապարտէզի ծախսերը։

Վերանորոգուած մանկապարտէզը՝ որու դռները կը նախատեսուի բանալ 2022-ի աշնան, պիտի կոչուի Տօքթ. Պետրոս Մանկիկեանի անունով։

 Պր. Խանճեան նաեւ յայտարարեց, որ Գանատայի Օնթարիօ նահանգի Թորոնթո քաղաքէն Սարգիս եւ Հայկուհի Մարանճեանները սիրով կը նուիրեն 125,000 ԱՄՆ տոլար Հայաստանի Հանրապետութեան Վանաձոր քաղաքին մէջ գտնուող Աւետարանչականի «Շող» Կեդրոնին։ Կեդրոնը, որ յատուկ ծառայութիւն կը մատուցանէ անապահով ընտանիքներու երեխաներուն, պիտի կոչուի Սարգիս եւ Հայկուհի Մարանճեան «Շող» Կեդրոն։

«Աւետարանչականը յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ այս երկու ըտանիքներուն, որոնք Հայ համայնքի սիրոյ, հաւատքի եւ ծառայութեան օժանդակելու հարազատ օրինակներ են,» ըսաւ Պր. Խանճեան։ «Նոր եւ ընդլայնուած մանկապարտէզը պիտի սպասարկէ 200 երեխաներու եւ անոնց ընտանիքներուն՝ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ, անոնց ջամբելով ուսման հիասքանչ ճանապարհ։ Իսկ «Սարգիս եւ Հայկուհի Մարանճեան Շող Կեդրոն»ը պիտի օգնէ Քրիստոնէական ոգիի տարածման Վանաձորի երեխաներուն, ստեղծելով դրական մշակութային եւ կրթական միջավայր, որ վճռական ազդեցութիւն պիտի ունենայ այդ համայնքին վրայ»։

Որպէս Քրիստոնէական կազմակերպութիւն, Աւետարանչականը իր ծառայութիւնը կը մատուցանէ բոլոր անոնց՝ որոնք օգնութեան կարիք ունին՝ առանց խտրութեան։ Աւետարանչականը իր այս համաշխարհային առաքելութիւնը կ’իրականացնէ շարք մը կրթական, աւետարանչական եւ ընկերային ծառայութիւններու միջոցաւ աշխարհացրիւ 24 երկիրներու մէջ՝ ներառեալ Հայաստան եւ Արցախ։  Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել Աւետարանչականի կայքէջը www.amaa.org.

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ