Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Գինեձօն

«Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն Կոմիտէ։

Հիմնադիրները, Գաղափարախօսութիւնն ու Կառոյցը»

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Վերոյիշեալ գիրքին գինեձօնը՝ կազմակերպութեամբ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Մեծագոյն Լոս Անճելըսի Մասնաճիւղի Վարչութեան, տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 6 Նոյեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 4:00-ին, ԹՄՄիութեան Ալթատինայի Պէշկէօթիւրեան կեդրոնի սրահին մէջ։

Հանդիսավարն էր Վարչութեան Փոխ-Ատենապետ Միհրան Թումաճանը, իսկ գիրքը ներկայացնողը՝  Գալիֆորնիոյ Պետական Համալսարանի (Ֆրէզնօ) Հայագիտական Բաժնի Տնօրէն՝ Դոկտ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեանը։ Ներկայ էին՝ ի միջի այլոց, Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի Գլխաւոր Հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Բայբուրթեան իր ազնուափայլ տիկնոջ հետ եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Յովնան արք. Տէրտէրեանը։

Հանդիսավար Միհրան Թումաճան եւ Ուսուցչուհի Լիզա Մանոյեան

Միհրան Թումաճան հրաւիրեց Յովնան Սրբազանը, որ աղօթքով մը բացումը կատարէ հանդիսութեան։ Հանդիսավարը ապա յաջորդաբար հրաւիրեց Փասատինայի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ՝ Յովսէփեան վարժարանէն երեք ուսանողներ, որ արտասանութիւններով հանդէս գան։

Արեւ Պարտագեան արտասանեց «Մայրենի Լեզու»ն, Էլլա Մարգարեան արտասանեց Ժագ Յակոբեանի «Խօսէ Հայերէն»ը, իսկ Անթընի Գասարճեանը արտասանեց Վահան Թէքէեանի «Տաղ Հայերէն Լեզուի»ն։ Անոնց Հայերէն լեզուի ուսուցչուհի Լիզա Մանոյեանին նուիրուեցաւ՝ առ ի գնահատանք, Ժագ Յակոբեանի «Թէքէեան Վահան՝ Աստուածախոյզը» գիրքը։

Փրոֆեսոր Պարլօ Տէր Մկրտիչեան

Վերոյիշեալ գիրքը խմբագրուած է Պարլօ Տէր Մկրտիչեանի (Ֆրէզնօ), Արա Սարաֆեանի (Լոնտոն) եւ Իւմիթ Քիւրտի (Երուսաղէմ) կողմէ, որ գրած է նաեւ գիրքին ներածականը։

Փրոֆեսոր Պարլօ Տէր Մկրտիչեան սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց գիրքը, որ կը բաղկանայ հինգ մասերէ, հետեւեալ կարգով։

1. Ֆրանսահայ պատմաբան Ռէյմընտ Գէորգեան կը ներկայացնէ «Միութենական Վարչակարգը; Գաղափարախօսութեան Հրամայականը» նիւթը։ Այս գաղափարախօսութիւնը սկսաւ հաւասարութիւն քարոզելով, սակայն վերջացաւ բռնապետութեամբ։ Անոնք կը հաւատային որ թուրքիան թուրքերուն է միայն։

2. Զուիցերիացի պատմաբան Հանս-Լուքաս Քայզըր կը ներկայացնէ թուրք յեղափոխական Զիյա Կէօքէլբը, որ ապրած է այն ժամանակ երբ «Երիտասարդ Թուրքերը» պետութեան տիրացան եւ մօտիկ կերպով աշխատակցած է անոնց հետ։

3. Ամերիկահայ պատմաբան Տիգրան Քալիկեան կ՛արծարծէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան առնչութիւնը «Երիտասարդ Թուրքերու» հետ եւ թէ ինչպէս անմեղ կերպով հայերը հաւատացին թուրքերու համագործակցութեան խոստումներուն, որ յետագային հերքուեցաւ եւ հայերը դատապարտուեցան տեղահանումի եւ բնաջնջութեան . . .

4. Իւմիթ Քիւրտ՝ որ Այնթէպ ծնած եւ հոն հասակ առած է, կ՛արծարծէ յետ յեղափոխական ժամանակաշրջանը, Այնթէպի մէջ։ Անշուշտ այս պարագային՝ յեղափոխութեան ակնարկը Երիտ Թուրքերու յեղափոխութիւնն է որ պատճառ դարձաւ մէկուկէս միլիոն հայերու ջարդին։ Նոյն հարցով՝ ան առանձին գիրք մըն ալ հրատարակած է։

5. Տօյղու Գոշքունդանա երիտասարդ թրքուհի մըն է որ կ՛ապրի եւ կը գործէ Նիւ Ճըրզի նահանգի Փրինսթըն քաղաքի նշանաւոր համալսարանին մէջ։ Անոր նիւթը կը կեդրոնանայ Երիտասարդ Թուրքերու կուսակցութեան վրայ, որոնց ղեկավարները դրժելով իրենց խոստումը՝ հայերուն ինքնավարութիւն շնորհելու, ծրագրեցին եւ գործադրեցին քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը։

Առ ի գնահատանք Փրոֆեսորին աշխատասիրութեան եւ բանախօսութեան, Հանդիսավարը իրեն նուիրեց Երուանդ Ազատեանի «Ազգային-Քաղաքական Յորձանուտի մէջ» գիրքին երկու հատորները։

Վերջաւորութեան՝ խօսքը տրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր Հիւպատոսին, որ շեշտեց գրքին կարեւորութիւնը եւ մանաւանդ անոր տարածումը՝ աշխարհով մէկ, որպէսզի ողջ մարդկութիւնը իմանայ թուրքերու գազանային ծրագիրը, հանդէպ մարդկութեան։

Հուսկ ապա Հանդիսավար Թումաճանը հրաւիրեց հոյլ մը ներկայ մտաւորականները որ մասնակցին գինեձօնի արարողութեան, երբ Փրոֆեսոր Տէր Մկրտիչեան գինին հոսեցուց գիրքի էջերուն մէջ։ 

Հոս տեղին է յիշել որ այս գիրքը 13րդ հրատարակութիւնն է՝ Ֆրէզնոյի Գալիֆորնիոյ պետական համալսարանի Հայկական Բաժանմունքին։

Հանդիսութեան աւարտին առիթը տրուեցաւ ներկաներուն, որ իրենց հարցերը ներկայացնեն յարգելի բանախօսին, որմէ ետք տեղի ունեցաւ աւանդական հիւրասիրութիւնը։

Վարձքը կատար՝ բոլոր մասնակցողներուն։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ