Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

«Մշոյ Բուլանըք Գաւառի Հայաբնակ Գիւղերն Ըստ Մկրտիչ Ա. Խրիմեան Կաթողիկոսին Ուղղուած Նամակների» Աշխատութեան Լոյս Ընծայման Առթիւ

Հարցազրոյց Գիրքի Հեղինակ  

Վերա Սահակեանի Հետ

Ես գիտեմ, դուն ալ գիտես, որ սոսկ լալով ու ողբալով

եթէ շաղախենք մեր հայրենեաց հողը Հայրենիք չի շինուիր:

ԽՐԻՄԵԱՆ  ՀԱՅՐԻԿ

Հարցազրոյցը վարեց` ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Անցեալ տարի լրացաւ Մկրտիչ Ա. Խրիմեան Կաթողիկոսի ծննդեան 200-ամեակը։ Աշխարհացրիւ հայութիւնը պատշաճ հանդիսութիւններով պիտի յիշատակէր Հայոց Հայրիկի բազմաբովանդակ գործունէութիւնը։ Բայց ցաւալիօրէն նախ բախուեցանք քորոնայի համաճարակի պատճառով առաջ եկած կաթուածահար իրավիճակին, որն էր դեռեւս չթօթափած Ատրպէյճանը սանձազերծեց Արցախեան պատերազմը։ Եւ այս դժբախտութիւններու կողքին, կարելի է ըսել, որ Հայոց Հայրիկի յիշատակը, ծննդեան տարեդարձը հայութիւնը չկարողացաւ նշել աւուր պատշաճի։ Խրիմեան Հայրիկը եղած է ոչ միայն հոգեւորական՝ վանահայր, Կ. Պոլսոյ Պատրիարք և Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց, այլեւ՝ հասարակական-քաղաքական, մշակութային, կրթական եւ ազգային-ազատագրական շարժման խիզախ գործիչ։   

Այս հարցազրոյցով կուզենք հանրութիւնը լուսաբանել Երևանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի մէջ պահուած Մկրտիչ Ա. Խրիմեան Կաթողիկոսի արխիւի հիման վրայ վերջերս լոյս տեսած արժէքաւոր հատորը։ 

Հարցազրոյցը կատարուած է հեռակայ կապով

Խաչիկ Ճանոյեան – Կուզեմ նախ շնորհաւորել Ձեզ, որ առնուազն 120 տարի յետոյ լոյս աշխարհ բերած էք այնպիսի աշխատութիւն մը, որ բացառիկ արժէք կը ներկայացնէ ոչ միայն պատմա-բանասիրական բնագաւառէ ներս, այլ նաեւ առարկայապէս շօշափելի կը դարձնէ Խրիմեան Կաթողիկոսի «Հայոց Հայրիկ» պատուանունը։ Ինչպէ՞ս յղացաւ այս հատորի հրատարակման գաղափարը։

Վերա Սահակեան Խորապէս  շնորհակալ եմ հարցազրոյցի և լուսաբանման համար։ Տարիներ առաջ ինձ յանձնարարուած էր ուսումնասիրել Համիտեան կոտորածներու, Հայոց ցեղասպանութեան, Հայոց մեծ եղեռնի վերաբերեալ Մաշտոցի անուան հին ձեռագրերու գիտահետազօտական կաճառ՝ Մատենադարանի մէջ պահուող ձեռագիր ժառանգութեան ուսումնասիրութիւնը։ Հետազօտական այս  աշխատանքը հիմնականին մէջ կը կեդրոնանար արխիւային նիւթերու քննութեան վրայ։ Աշխատանքի ընթացքին ես յայտնաբերեցի մի շարք կարեւոր վաւերագրեր և վկայութիւններ, որոնցմէ յատկապէս կուզեմ այստեղ առանձնացնել օսմաններէն պաշտօնական վաւերագրերի ամփոփագրերը, որոնք յոյժ կարևոր ըլլալով, դեռեւս անցեալ դարու կէսերուն փնտռուած էին վախճանեալ Գրիգոր վրդ.Կերկերեանի կողմէ։ Կերկերեան (Գրիկէր) նոյնիսկ յանձնարարած էր լուսահոգի պատմաբան Վահագն Տատրեանին, որպէսզի ինք Հայաստան եղած շրջանին փնտռէր այս վաւերագրերը։ Ի թիւս այլ կարևոր վկայութիւններու: Երկար տարիներ փնտռուած այս օսման երեն վաւերագրերը, ինչպէս նաեւ այլ վկայութիւններ եւս, Մատենադարանի արխիւին մէջ յաջողեցայ գտնել։ Եթէ Մեծ եղեռնի առնչութեամբ յատկապէս հարուստ են անհատական անձանց արխիւները, ապա լեփ-լեցուն են Համիտեան կոտորածների վկայութիւններով, յատկապէս Հայոց 125-րդ Կաթողիկոս Մկրտիչ Ա. Խրիմեան Վանեցիի արխիւը։ Որովհետեւ իր կաթողիկոսութեան շրջանին տեղի ունեցած էին կոտորածները։ Մատենադարանի մէջ պահուող այս արխիւը բացառապէս հայ գաղթականութեան կողմէ գրուած նամակներ են, որոնք, իբրեւ փոքրագոյն պատմութիւններ մանրամասն և տեսանելիօրէն կը նկարագրեն Համիտեան կոտորածներու նպատակի ողջ ընթացքը, ծրագրուած ձեւը, փուլերը, միջոցները եւ  կատարելաբանութիւնը։

Խաչիկ Ճանոյեան Կարո՞ղ էք այս նամակներու մասին աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցել։

Վերա Սահակեան – Ըստ էութեան հայրենի կառավարութիւն չունեցող, լլկուած, սովահար, բռնութեան ենթարկուած, հողազրկուած, որդեզրկուած, բանտարկուած, բռնի իսլամացած, առևանգուած անչափահաս մօր կամ հօրեղբօր, այլ կերպ, մէկ այլ խօսքով՝ լլկուած հայութեան կողմէ գրուած նամակներ են՝ վերը շարադրուած խնդիրների լուծման հաւատքով։ Այս նամակները քայլ առ քայլ կը պատկերացնեն ցեղասպանական ընթացքը, եւ անոր մանրամասնութիւնները։ Նամակներ, որոնցմով հայութեան մեծագոյն հատուած մը կաթողիկոսը կընդունէին որպէս փրկիչ, պաշտպան, Աստուծոյ երկրային փոխանորդը։

Ինչպէս նամակագիրներն գրած են յաճախ՝ «Վերեւն Աստուած և ներքեւն Քեզ ենք ապաւինում»։ Միով բանիւ՝ իր ամենանեղ ու ամենալայն իմաստներով հայութեան կողմէ անմնացորդ ընդունուած Հայոց Հայրիկ։ Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան համար մեծ կարևորութիւն ներկայացնող այս նամակները ունին այլ առանձնայատկութիւն մը եւս։ Կարևոր է նաեւ շեշտել այն հանգամանքը, որ նամակագիրներն իրենց խնդիրը շարադրած ատեն անպայմանօրէն նշած են այն հասցէն, որտեղ իրենք կը բնակէին։ Այս առումով բնակավայրերու, գաւառներու կամ գաւառակներու ազգագրութեան վերականգնման առումով ունին մեծ կարևորութիւն։ Ասոնց վրայ յենուելով կարելի է յստակ ցոյց տալ, թէ վստահաբար 1893-1907 թթ. ընթացքին ո՞ր գիւղերու մէջ կապրէին այս հայերը։ Ինչ որ մեր հետազօտութեան և հրատարակուած առաջին սոյն գրքի բուն նպատակն եղած էր։ Այսինքն, մենք յենուելով նամակագիրներու նշած հասցէներուն առանձնացուցած ենք Մշոյ Բուլանըք կամ Պուլանըք գաւառի հայաբնակ բնակավայրերը։ Գիրքը վերնագրուած է «Գիրք I.», քանի որ Հայրիկին 1893-1907 թթ. ուղղուած է աւելի քան 8000 նամակ, իսկ ուսումնասիրութիւնները տակաւին կը շարունակուին։ Յառաջիկայ  տարիներու ընթացքին յուսով եմ՝ որ մենք կը կարողանանք հրատարակութեան պատրաստել միւս հատորները։ Ամբողջական նիւթի հրատարակումէն յետոյ հնարաւոր կըլլայ կը կարծեմ: Այս աշխատանքը կարող է նպաստել նաև բնակչութեան թուաքանակի, տեղաշարժերու ուղղութեամբ կատարուած ուսումնասիրութիւններու: Այլեւայլ ընտանիք կամ գերդաստաններու նուազագոյն պատմութիւններու լուսաբանութեամբ կրնայ հարստանալ Արևմտեան Հայաստանի ընդհատուած հայ ժողովուրդի պատմութեան որոշ մանրամասնութիւնները։

Խաչիկ Ճանոյեան. Արդեօ՞ք պահանջատիրութեան հարցի առնչութեամբ եւս կարելի է գործածել այս վաւերագրերը։ Արդեօ՞ք ունին անոնք իրաւական արժէք և ունեցա՞ծ էք նման նպատակ Ցեղասպանութեան հարցի ճանաչման, հատուցման, պահանջատիրութեան հարցի կապակցութեամբ։

Վերա Սահակեան.- Շատ հետաքրքիր դիտարկում ունեցաք այստեղ։ Իրականութեան մէջ թէեւ վաւերագրերը որեւէ պաշտօնական կառոյցի, պետական յանձնախումբի կամ կառավարական պաշտօնեայի կնիք չունին,  բացառութեամբ թերևս այն  վկայագրերը, որոնք կը կրեն գիւղի տանուտէրի, ծխատէր քահանայի կնիքները։ Ասոնք սեփականութեան վկայագրեր չեն, որոնք կարելի է ներկայացնել, փաստաթղթերով հաւաստել անձի ժառանգորդ ըլլալու հանգամանքը և ստանալ հատուցում։ Սակայն ասոնք հաւաստի վկայութիւններ են, որ տուեալ մարդիկ իրաւամբ, անառարկելիօրեն ապրէր են տուեալ տարածքի մէջ, ունեցեր են սեփականութիւն,  զրկուեր են իրենց սեփականութիւններէն,  վտարուեր են իրենց հայրենիքէն և անշուշտ՝ հայոց դատի և պահանջատիրութեան հարցի մէջ նման նամակները ևս պէտք է գործածուին՝ ցեղասպանական քաղաքականութեան ողջ պատկերը ամբողջացնելու և հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքը վերականգնելու կարևորութեամբ։ 

Խաչիկ Ճանոյեան.Որքա՞ն ժամանակ հարկաւոր է բոլոր 8000 վաւերագրերը ուսումնասիրելու և հրատարակելու համար։ 

Վերա Սահակեան.- Տարիներու և տքնաջան, նուիրուած աշխատանք կը պահանջէ նման հատորներու լոյս ընծայման համար։ Այս ուսումնասիրութիւնը իրականացաւ «Հայ Օգնութեան ֆոնտ»ի Նիւ-Եորքի մէջ հիմնադրուած  կրթութեան և գիտութեան հայկական ազգային հիմնադրամի կողմէ տրամադրուած դրամաշնորհով (ANSEF), որ մենք խորապէս շնորհակալ ենք իրենց։ Դրամաշնորհի շրջանակներուն մէջ մենք աւարտած ենք արդեն նամակներու գաւառ առ գաւառ խմբաւորման աշխատանքները։ Այժմ նախ հարկաւոր է վերծանել՝ արտագրել և գրել տուեալ գաւառին նուիրուած հերթական ուսումնասիրութիւնը։ Թէ որքան կը տեւէ յաջորդ հատորի լոյս ընծայումը կախուած է վաւերագրերի քանակին, ընթեռնելիութեանը յատկացուած ժամանակի, ու նաեւ մասնագիտական անհրաժեշտ աղբիւրներու ձեռքբերման հանգամանքներէն։

 Խաչիկ Ճանոյեան.- Կուզեմ հարցս ուղղել նաև նամակներու լեզուի առնչութեամբ։ Ի՞նչ լեզուով գրուած են անոնք և արդեօ՞ք նամակներու արտագրութեան ընթացքին միջամտութիւններ եղած են։

Վերա Սահակեան – Մեծ մասը բարբառախառն հայերէն լեզուով շարադրուած են։   Կան նաեւ ճոխ ու դասական, գեղեցիկ շարադրանքներ։ Ինչպէս ալ ըլլայ շարադրանքը նամակներու բնոյթն ու բովանդակութիւնը նոյնն են։ Նեղ միջամտութիւններ առած ենք՝ պահպանելով արխիւային նիւթերու բնագրերու հրատարակման չափանիշները։

Խաչիկ Ճանոյեան –   Հոկտեմբերի 29-ին կը լրանայ Հայոց Հայրիկի վախճանման  114-րդ տարին։ Շնորհակալութիւն յայտնելով Տիկին Սահակեանին՝ մեզ հետ ունեցած հարցազրոյցի համար։ Մաշտոցի անուան  Մատենադարանի պաշտօնական էջի մէջ բաց տեղադրուած է գիրքի թուային տարբերակը, որպէսզի ցեղասպանութիւնը վերապրող սերունդները, կարողանան գտնել իրենց հարազատները։ Այդուհանդերձ,  մեր հարցազրոյցին իբրեւ ամփոփում կուզենք զետեղել Հայոց հայրիկին ուղղուած նամակի մէկ նմոյշ՝ յոյս փայփայելով, որ այսօրինակ իրավիճակի այլեւս երբեք չպիտի առճակատուի հայ ժողովուրդը։


ՆՈՐԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌՈՒԹԵԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՐԵԱԼ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԵՒ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԿԱԹՈՒՂԻԿՈՍԻ ԱՄ[ԵՆԱՅՆ] ՀԱՅՈՑ Տ[ԵԱ]ՌՆ Տ[ԵԱ]ՌՆ ՄԿՐՏՉԻ Ի ՄՇՈՅ ԲՈՒԼԱՆԽ ԳԱՒԱՌԻ ՅՈՏՆՋՈՒՐ ԳԵՂՋ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԲՆԱԿՉՈՒՀՒՈՅ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՅ ՂԱԶԱՐԵԱՆ ԸՍՏ ԱՌՆ՝ ԴԱՒԹԵԱՆՑ

 Աղերսախառն խնդիր

Արդէն քաջայայտ իսկ է Ձերոյին Վեհափառութեան զտաժանակիր տարագրութիւնը թշուառ ազգայնոց մերոց՝ ի հայրենի յերկրէ եւ տանց իւրեանց՝ ի ձեռաց բռնակալ տէրութեանն Օսմանիոյ եւ բարբարոս ազգաց  հպատակաց նորին, որք կեղեքեն եւ լլկեն զորդիս եւ զանտերունչ ազգայինս մեր անխնայաբար։ Ի թիւս որոց եւ թշուառս` հանդերձ չորիւք մատաղ զաւակօք իմովք եւ մշտնջենական անբուժելի ցաւօք, դեգերեալ արամբ իմով Մկրտչիդ, որ կարօտ աւուրն պարէնի անկեալ տնի ի մահճիս հիւանդութեան յԵրեւան քաղաքի։ Թողլով զիս որդւովքս` հանդերձ ի սուգ թախծութեան ի դրունս այլոց նօթի եւ ծարաւ, յօրէ տարագրութեան մերոյ, որ լրացուցանէ աւասիկ ամիսս իբրեւ զերկոտասան։ Արդ, ստիպեալ յայսոցիկ դառնաղէտ հանգամանաց, պարտ անձինս վարկայ մատչել այսու աղերսագրով իմով ի համբոյր ոտիցդ սրբութեան եւ խոնարհաբար հայցել զՁերոյինն մարդասիրական գթութեան առ իս եւ զաւակունս իմ, որք հանդերձ թշուառացեալ հարբ իւրեանց զարտօսր յաչս աղաղակեն. «Հա՛յր, գթա՛ ի մեզ եւ ողորմեա՛», յուսալով՝ զի զաղաչանս իմ եւ զաղաղակ նոցին ընկալցի Վեհափառութեան Ձեր ի գութ խնամողական եւ մի՛ անխայեսցէ սրբել զարտօսդ յաչաց մերոց` տալով մեզ զօրապահիկն մեր զպարէն` ցօր ելանելոյ մեզ աստի կենացս։

ԸՍՏ ԽՆԴՐԱՆԱՑ ԵՒ ՎԱՍՆ ԱՆԳՐԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴՐԱՏՈՒԻՆ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՅ Ի ՏԵՂԻ ՆՈՐԱ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑԻ՝ ՄԱՄԻԿՈՆ ՏԷՐ-ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆՑ Ի 1ն  Օգոստոսի, 1895 ամի  յԵրեւան


ՆՈՐԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌՈՒԹԵԱՆ Ս[Ր]ԲԱԶՆԱԳՈՅՆ Ա[ՍՏՈՒԱ]ԾԸՆՏԻՐ ԿԱԹՈՒՂԻԿՈՍԻ ԱՄ[ԵՆԱՅՆ] ՀԱՅՈՑ Տ[ԵԱՌՆ] Տ[ԵԱՌՆ] ՄԿՐՏՉԻ ՊՈՒԼԱՆԸԽՈՒ ԿՈՊԱ ԸՌԷՍ ՅՈՎՀ[Ա]ՆՆԷՍ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆՑԷ

Ամենախոնարհաբար խնդիր Վեհափա՛ռ Հայրիկ, Դիմեցի այսօր Վեհութեանցդ ոտք ոչ թէ ողորմութ[իւ]ն հայցելու, զի մասնաւոր ողորմութիւնով անկարելի է ցաւերս դարմանուին։ Հապա, մի շրջաբերական գիրը, որով թերեւս կարողանամ Ձերին հայրական բարեսրտութ[եա]ն շնորհիւ կրկին կենդանանամ եւ ընտանիքս ազատեմ։ Վեհ[ափա՛ռ] Տէր, իմ անունը Յովհաննէս է: Ես էնքան հարուստ չէի թէեւ, բայց մեր գերդաստանի անունը միշտ կը յիշուէր, ունէր տեղ մեր 500 տնաւոր գիւղի բնակիչների մէջ։ Մեր տունը անուն ունէր։ Մեր հիւրերը բոլոր մեր շէն կելնէին, մեր յարկի տակ կը կերակրուէին թէ՛ փաշան եւ թէ՛ Կոփին երեցներով։ Հիմայ այս տունը գոցուած է եւ երեսունի չափ ընտանիքս մոխրի վր[այ] նստած է՝ մերկ, քաղցած։ Այն ամէն կարողութիւն վերջապէս կորաւ գնաց։ Տաւարներուս գոմերը եւ ցորենիս ամբարները պարապ մնացին։ Երկու անգամ բռնուեցայ։ Ամէն մի անգամին 50 ոսկի դուկանք տալով ազատուեցիմ։ Յետոյ, երբ տեսայ, որ կորուստս անհրաժեշտ է, թողի, ընտանիքս Ա[ստուծո]յ կամաց հանձնելով՝ այս կողմ փախայ։ Եւ այս վեց ամիս էր, որ Ապարանի Խազնաֆար գիւղ յամոթած մնացեր էի, եւ յասօր ելլելով կաղեկաղ զիս Ձերին Վեհափառութեան ոտք հասուցի։ Վեհ[ափա՛ռ] Տէր, խնդրեմ լալով ողորմածութիւնդ՝ իմ խաւար աչքերուս մի լո՛յս շնորհէք, զի Դուք էք այսօր զորութիւն ե՛ւ հոգեւոր ե՛ւ մարմնաւոր լուսատու արեւով։ Անոր հ[ա]մ[ար] ծնկաչօք Ձերին գանձերով լի սրտի դռան դիմեցի։ Հիւանդ եմ, պարտատէր եմ, օտար եմ, ծերացած եմ, հայ եմ եւ Ձերին վիրաւոր ոչխարներէն։ Անոր հ[ա]մ[ար] մատչելով Ձերին Ս[ր]բազնագոյն գարշապրոց դիմեցի եւ խնդրում եմ, որ իմ միակ խնդիր կատարուի, որ աղօթարար լինիմ Ձեր անգին կենաց։

ԸՆԴՄԻՇՏ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆՑ,

ԿՈՊԵՑԻ 1896,  Ապրիլ ի 6ը,
Վաղարշապատ
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ