Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Գոհաբանութեան Օրը

Վեր. Դոկտ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Գոհաբանութեան Օրը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կը տօնուի Նոյեմբեր ամսուն չորրորդ Հինգշաբթի օրը: Այդ օրը նշանակուած է որպէս Շնորհակալութեան Օր ամերիկացի ժողովուրդին համար՝ իր երախտագիտութիւնը յայտնելու իր վայելած տեսանելի եւ անտեսանելի բարիքներուն համար:

Պատմականօրէն, Ամերիկայի առաջին Գոհաբանութեան Օրը տօնուեցաւ 1621 թուականին, Պանդուխտ Հայրերու կողմէ Մէսէչուսէթց նահանգի Փլիմըթ քաղաքին մէջ: Այդ տարուան ձմեռը եղած էր սաստիկ որու ընթացքին այլազան հիւանդութիւններու պատճառով Պանդուխտ Հայրերու համայնքին գրեթէ կէսը մահացան: Բայց 1621-ի ամառը յոյս ներշնչող եղանակ մը եղաւ: Կառավարիչ Ուիլիըմ Պրատֆըրտ հրահանգեց որ ժողովուրդը եռօրեայ խնճոյքով մը իր երախտագիտութիւնը յայտնէ Աստուծոյ՝ իր ընծայած բարիքներուն համար:      

Գոհաբանութեան Օր-ուան առթիւ կ’արժէ աւուր պատշաճի քանի մը հակիրճ խորհրդածութիւններ ընել.-

Առաջին, Գոհաբանութեան Օր-ը իր ծագումով եւ ոգիով կրօնական օր մըն է:  Ան հաստատուեցաւ որպէս մասնաւոր արտայայտութիւն ու յիշեցում, թէ մարդիկ յաւէտ երախտապարտ ըլլալու են իրենց Արարիչին, քանի որ կեանքն ու անոր լիութիւնը Աստուծոյ պարգեւն է մարդ արարածին:

Գոհաբանութեան Օր-ուան նախորդող շաբաթներուն եւ օրերուն ձայնասփիւռի, հեռուստատեսիլի եւ թերթերու անթիւ ու անհամար ծանուցումներ կ’ողողեն մեզ, թէ Գոհաբանութեան Օրը ի’նչ պէտք է ուտենք եւ խմենք: Բայց գրեթէ ոչինչ կը լսենք օրուան խորհուրդին մասին, թէ Գոհաբանութեան Օրը մեր երախտագիտութիւնը առ Աստուած արտայայտելու պատեհ առիթ մըն է: Մարդիկ իրենց կերուխումին մէջ կորսնցուցած են այդ օրուան խորհուրդն ու իմաստը: Պանդուխտ Հայրեր իրենց Գոհաբանութեան տօնախմբումով կ’ուզէին իրենց երախտագիտութիւնը յայտնել Աստուծոյ՝ Անոր ընծայած տեսանելի եւ անտեսանելի բարիքներուն, պարգեւներուն եւ շնորհքներուն համար: Անոնց նպատակը հնդկահաւ ուտել, ոգելից ըմպելիներով արբենալ եւ զուարճանալ չէր: Կերուխումը միայն միջոց մըն էր գերագոյն նպատակին, այսինքն գոհունակութիւն եւ շնորհակալութիւն մատուցանելու «ամէն բարի տուրք եւ ամէն կատարեալ պարգեւ շնորհող Աստուծոյն»:

Երկրորդ Գոհաբանութեան Օր-ը յիշեցում մըն է մեզի, որ երախտագիտութիւնը հայեացքի հարց է եւ կախեալ չէ արտաքին պարագաներէ: Անհատի մը երախտագիտութիւնը չի չափուիր իր վայելած բարիքներու թիւով: Երախտագիտութիւնն ու գոհունակութիւնը քանակական իրականութեանց հետ աղերս ունեցող բաներ չեն: Երբ յետադարձ ակնարկ մը նետենք Ամերիկայի առաջին Գոհաբանութեան Օրուան վրայ՝ այն եզրակացութեան կը հանգինք, որ երախտագիտութիւնն ու գոհաբանութիւնը աւելի հոգեկան ներքին տրամադրութիւններ են քան արտաքին պարագաներէ կախեալ երեւոյթներ:

Վաղեմի օրերուն Նիւ Ինկլընտի մէջ սովորութիւն դարձած է Գոհաբանութեան Օրը ճաշասեղանի իւրաքանչիւր պնակին մէջ հինգ եգիպտացորենի հատիկներ դնել՝ որպէս յիշեցում այն ցուրտ ու սաստիկ առաջին ձմեռուան դառն օրերուն երբ Ամերիկա ժամանած Պանդուխտ Հայրերու օրապարէնը (ration) միայն հինգ եգիպտացորենի հատիկներ էին…: Ահաւոր ձմեռ մըն էր, որ անցուցին այդ խեղճ պանդուխտները օտար ափերու վրայ ոչ միայն ֆիզիքական զրկանքներու ենթարկուեցան, այլ նաեւ մարդկային մեծ կորուստներ ունեցան: Ահա այս տեսակ պայմաններու մէջ այդ Պանդուխտ Հայրերը իրենց երախտագիտութիւնը կը յայտնէին Աստուծոյ:

Երրորդ, Գոհաբանութիւնը թէեւ ներքին գոհունակ ապրումէ մը կը ծնի, բայց առանց արտայայտութեան կը դառնայ անիմաստ եւ ընդունայն: Առօրեայ ընդհանրացած ասացուածք մը կայ հետեւեալ խօսքերով—«եթէ չգործածես՝ կը կորսնցնես»: Չարտայայտուած երախտագիտութիւն մը շուտով կը չքանայ ու կը մեռնի, մինչ արտայայտուած շնորհակալութիւնը օրհնաբեր կը դառնայ թէ» զայն մատուցանողին եւ թէ» զայն ընդունողին համար: Միւս կողմէ, արտայայտուած երախտագիտութիւնը ոչ միայն հոգեպէս կը վսեմացնէ ենթական, այլ զայն տուողն ու ստացողը կը ստեղծեն հոգեկցութիւն մը, երկուստեք ներքուստ հոգեկան կապ մը:

Հարց կը ծագի, թէ ինչպէ՞ս կարելի է յայտնել երախտագիտութիւն: Դարեր առաջ, վաղեմի եբրայեցի Սաղմոսերգուն այս մասին մտածած ատեն, կը հարցնէ, «Ի՞նչ հատուցանեմ Տիրոջը՝ Անոր ինծի ըրած բոլոր բարութեանը փոխարէն» (Սաղմոս 116.12): Սաղմոսերգուն այն եզրակացութեան կը հանգի որպէս պատասխան իր իսկ հարցումին թէ ինք իր երախտագիտութիւնը պիտի յայտնէր խօսքով, գործով եւ տալով:           

Առաջին, իր երախտագիտութիւնը պիտի արտայայտէր խօսքով. «պիտի փառաբանեմ Տիրոջը անունը» (Սաղմոս 116.13):

Երկրորդ, իր երախտագիտութիւնը պիտի արտայայտէր գործով, «Տիրոջը պիտի ծառայեմ» (Սաղմոս 116.16):

Երրորդ, իր երախտագիտութիւնը պիտի արտայայտէր տալով. «Իմ ուխտերս Տիրոջը պիտի հատուցանեմ» (Սաղմոս 116.18):

Սաղմոսերգուն փորձառութեամբ այն եզրակացութեան հանգած էր, թէ գոհաբանութեան երեք ազդու արտայայտութիւններն են խօսք, գործ, եւ նուիրում (տալ):

Ինչպէս անցեալին, ներկայիս ալ երախտագիտութեան այս երեք արտայայտութիւնները նոյնչափ ազդու են: Ի՜նչ մեծ օրհնութիւն է երկուստեք «շնորհակալ եմ» բառերը թէ» արտասանողին եւ թէ» լսողին համար: Բայց որքա՜ն մարդիկ ժլատ են այս զոյգ երախտագիտական բառերը իրենց շրթներով արտասանել:

Երախտագիտութիւն արտայայտելու գործնական եւ ազդեցիկ այլ կերպերէն մէկն ալ բաժնել է մեր շուրջիններուն հետ այն բոլոր բարիքները, պարգեւներն ու շնորհները որ մեր Երկնաւոր Հայրը տուած է մեզի, ըլլան անոնք նիւթական, շօշափելի պարգեւներ կամ մտաւոր ու հոգեւոր շնորհներ:

Թող յառաջիկայ Գոհաբանութեան Օրը մարմնական հաճոյքներէ, ընտանեկան համախմբումներէ, կերուխումէ եւ ընկերային վայելքներէ աւելի բան մը դառնայ ամէնուն համար: Թող այդ օրուան խորհուրդը ոչ միայն Գոհաբանութեան Օրուայ, այլ նաեւ մեր ամէնօրեայ կենցաղին յարացոյց դառնայ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ