Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամէն Օր Մաքարոն Ուտելու Անպատեհութիւնը

Ամէն օր մաքարոն ուտելը շատ վատ գաղափար է, յայտնած է սննդաբան Անասթասիա Գավրիքովա: Անոր խօսքով՝ այդ մէկը կրնայ ստեղծել գրգռուած աղի համախտանիշ (հիւանդութեան նախանշաններու որոշ համակցում), «օթոիմիւն» հիւանդութիւններ (քրոնիք հիւանդութիւն, ուր օրկանիզմը՝ վահանաձեւ գեղձը եւ անոր կողմէ արտադրուող հորմոնները կ՛ընկալէ որպէս օտար՝ արտադրելով հակամարմիններ եւ ստեղծելով «օթոիմիւն» հիւանդութիւններ) եւ մաշկային խնդիրներ:

Սնունդի այլազանութիւնը, մասնագէտին համաձայն, հիմնական կանոնն է սննդականոն մը ստեղծելու համար․ այլազանութիւնը կ՛օգնէ խուսափելու օրկանիզմին համար վտանգաւոր հետեւանքներէն։

«Եթէ ամէն օր մաքարոն ուտենք, ապա չենք ստանար այն սնունդները, որոնք կան, օրինակ, հացահատիկներու մէջ՝ հնդկաձաւար, շագանակագոյն բրինձ, «քինոա»: Եթէ կը ​սիրենք մաքարոնեղէն, վերլուծենք՝ արդեօ՞ք խնդիրներ ունինք ստամոքս-աղիքային «թրաքթ»ի կամ «օթոիմիւն» հիւանդութիւններու հետ. ինչպիսի՞ ձեւ ունի մեր մաշկը. ունի՞նք աւելորդ կշիռք, թէ ոչ։ Եթէ ​​խնդիրներ չկան, կարելի է օգտագործել սովորական ցորենի մաքարոնեղէն, բայց ՝ չափաւոր»,-ըսած է մասնագէտը։

Afhil.com
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ