Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ Համահայկական Հիմնադրամ

Կենսական Սահմանային Համայնքներ

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը վերջերս կազմակերպեց իր տարեկան հանգանակութիւնը։ Հիմնադրամի 24-րդ նուիրահաւաքման արշաւն էր այս մէկը, որու արդիւնքով հանգանակուեցաւ 12 միլիոն 351 հազար ամերիկեան տոլար։ Կատարուած կամ խոստացուած այս նուիրատուութիւնները պիտի յատկացուին Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններու բնակիչներու կարիքներու դիմագրաւման։ Այս տարուան հանգանակութիւնը արդէն կազմակերպուած էր «Կենսունակ սահմանային համայնքներ» խորագրով։ Սոյն միջոցները պիտի նպատակաուղղուին Հայաստանի սահմանային համայնքներու առողջապահական, ընկերային, մշակութային, ինչպէս նաեւ ենթակառուցուածքներու զարգացման ուղղեալ ծրագրերու գանձատրման։

Այս տարուան հանգանակութիւնը, ըստ էութեան, հիմնադրամի արտասահմանի երեք հիմնական մասնաճիւղերուն՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Գանատայի տեղական մարմիններու առանցքով իրականացաւ՝ հեռախօսամարաթոններու ձեւաչափին մէջ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղի առանցքով հաւաքուեցաւ 7 միլիոն 861 հազար ամերիկեան տոլար։ Ֆրանսայի մասնաճիւղին ապահոված նուիրատուութիւնները կազմեցին 3 միլիոն 990 հազար ամերիկեան տոլար։ Գանատայի մարմինն ալ կարողացաւ կէս միլիոն ամերիկեան տոլար հանգանակել։ Այս պահու դրութեամբ հրապարակուած նուիրատուութիւններու ընդհանուր գումարը տակաւին վերջնական չէ։ Արդարեւ, նուիրահաւաքը տակաւին կը շարունակուի եւ հանգանակութիւններու վերջնական արդիւնքները տարեվերջին պիտի ամփոփուին։

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը շնորհակալութիւն կը յայտնէ իր բոլոր գործընկերներուն եւ նուիրատուներուն՝ շարունակական աջակցութեան, անմնացորդ նուիրումի եւ Հայաստանի կողքին կանգնած ըլլալու համար։ Արդարեւ, շնորհիւ այդ բոլորին բարելաւուած են տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներու կեանքերը։

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի առաքելութիւնն է համահայկական ցանցային համակարգի մը ձեւաւորումը։ Նպատակն է Հայաստանի, Արցախի, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ հայկական համայնքներու համաչափ, կայուն եւ փոխկապակցուած զարգացման ապահովումը՝ հիմնուելով ընդհանուր ինքնութեան վրայ։

Հարկ է նշել, որ Արցախի երկրորդ պատերազմի շրջանին գոյացած միջոցներու Հայաստանի կառավարութեան կողմէ տնօրինման եզրերուն շուրջ օրակարգի վրայ եկած են զանազան պնդումներ, որոնք խնդրայարոյց դարձած են հիմնադրամի ընդհանուր գործունէութեան տեսակէտէ։ Այս տարուան նուիրահաւաքի շրջանին ալ խնդրայարոյց այդ հանգամանքները ունեցած են լայն հնչողութիւն՝ մանաւանդ, որ Հայաստանի նախկին նախագահներէն՝ Ռոպերթ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան, նաեւ արտասահմանի այլ բարերարներ բարձրաձայնած են իրենց վերապահութիւնները, օրակարգի վրայ բերելով զանազան առաջարկներ։ Հիմնադրամի աղբիւրները տեղեկացուցած են, որ այդ առաջարկները քննարկման նիւթ կը դարձուին ու կ՚արժեւորուին։ Անանտեսելի հիմնական կէտերէն մին այն է, որ միջազգային աուտիթինկի եզրակացութեան հիման վրայ յիշեալ պնդումներու հերքումը դարձած է դժուար։

Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի գլուխը ի պաշտօնէ կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ լուրջ կամք դրսեւորած է, որպէսզի անհրաժեշտ ուսումնասիրութիւնները կատարուին, ամէն ինչ ըլլայ թափանցիկ եւ հիմնադրամի վարկն ու հեղինակութիւնը մնայ բարձր։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ