Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

«Կլիմայի Հակակշռում» Կոչուող Միջազգային Կազմակերպութեան Սեւեռուն Մոլեգնութիւնը

Հեղինակ ՍԱՄԱՆԹՀ ՍՈՒՊՐԱՄԱՆԵԱՆ

Թարգմ. ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

«Climate Control» անուանուած միջազգային կազմակերպութիւնը, որ կը ներառէ 38 երկիրներ, նպատակադրած է երկրագունդի կլիման զսպել, հսկել, հակակշռել կամ ղեկավարել (կրնաք անուանել հազար ու մէկ մակդիրներով) առանց սակայն հանրութեան  հասկցնելու կազմակերպութեան յստակ եւ իսկական հետապնդած նպատակը, որ մինչեւ այսօր տակաւին անորոշ է եւ կը տարուբերի զանազան մարզերու մէջ, ըլլան անոնք ելեկտրականութեան արտադրութեան, ինքնաշարժներու, օդանաւերու, նաւերու, գործարաններու եւ այլ զանազան տնտեսական արտադրութեանց ասպարէզներու մէջ գործածուած հում կամ արդիւնաբերուած նիւթերու, գլխաւորապէս՝ հանքածուխի, նաւթի, աթոմային, քիմիական եւ այլ նիւթերու գործածութեանց զսպումին վերաբերեալ:

Երեւակայեցէք մեր երկրագունդի մթնոլորտը զսպուած՝ անհատներու կողմէ եւ՝ ոեւէ տիրական քմահաճոյքի ենթակայ: Բարեբախտաբար՝ տակաւին ոեւէ մէկը չէ կարողացած աշխարհի մթնոլորտը զսպել կամ հակակշռել, պայքարելով բնութեան դէմ:

Սոյն կազմակերպութեան ղեկավարները կը յերիւրեն հազար ու մէկ անտրամաբան երեւոյթներ աշխարհի մէջ, ինչպէս՝ սառցակոյտերու հալք, մինչդեռ հիւսիսային երկիներ կը տառապին ձիւնի ու սառնամանիքի մէջ, ովկիանոսի ջուրերու 1 սանթիմեթրի բարձրացում, անձրեւներու առատ տեղացում, ջրհեղեղներ, եւայլն, որոնք բնութեան մէջ սովորական երեւոյթներ եղած են աշխարհի ստեղծումէն ի վեր, ջրհեղեղն ու կտակարանը վկայ:

Անցեալ տասնամեակին, հարուստ երկիրներ եւ անհատական նախաձեռնութիւններու պատասխանատուներ յաջողած են առնուազն 500 միլիառ տոլարի պահեստ գոյացնել, «օգտակար» հանդիսանալու համար այն երկիրներուն որոնք տակաւին զարգացման շրջանի մէջ են: Այս ֆինանսական ծրագիրը որ ծնունդ առած էր 2009 թուին, նպատակ ունէր տարեկան 100 միլիառ տոլարի ներդրում ունենալ պահեստի հիմնադրամին մինչեւ 2020 թուական: Սոյն ծրագիրը նպատակ ունէր աշխարհի կլիմայի խոտոր եւ ապականած կարգավիճակի բարելաւում եւ օգնութիւն ցուցաբերել մանաւա՛նդ այն կարօտեալ երկիրներուն որոնք կը տառապէին հարուստ երկիրներու գործարաններուն եւ այլ արտադրութիւններու հետեւանքներէն:

Զարգացած երկիրները, ինչպէս կը գտնենք այսօր, անոնք որոնք խոստացած էին տարեկան 100 միլիառ տոլարի ներդրումը հիմնադրամին, չէին կատարած իրենց խոստումները, շեղելով իր նպատակէն: Աւելի հետաքրքրականը այն է որ այս երկիրներէն, անհատներէն, կառավարութիւններէն եւ նախաձեռնողներէն ո՛չ մէկը, այո՛ ո՛չ մէկը տեղեակ է այս հիմնադրամի նիւթական բաշխումի համեմատութիւններէն կամ՝ աւելին, նոյնիսկ տեղեակ չեն թէ արդեօ՞ք բաշխուած է:

Աշխարհատարած 38 երկիրներու (OECD) Organization for Economic Co-operation and Development կազմակերպութիւնը որ ստանձնած է տնօրինութիւնը սոյն հիմնադրամին, չէ կարողացած յստակ հաշուետուութիւն մը ներկայացնել նկատի ունենալով զանազան բացթողումներ եւ յերիւրուած վրձիններու ներկայացումներ, մանաւա՛նդ երբ հարցը կը կայանայ կատարուած անհատական բաշխումներուն: Իրականութեան մէջ, «կլիմայի ֆինանսական» մակագրումը, ծրագրի մասնակիցներուն կողմէ, միշտ եղած է լպրծուն եւ կռանելի, իրենց նպատակներուն ծառայող պէտքերով եւ յարմարութիւններով:

Այս տարի, Սկովտիոյ Կլասքօ քաղաքին մէջ կայացած COP26 համագումարը որ ծրագրուած էր աւարտելու 12 Նոյեմբերին, առաւել եւս մեծամեծ 130 եռիլիոն տոլարի ներդրում առաջարկեց անհատական «առեւտրական միջազգային ընկերակցութեանց» երկրի կլիմայի պահպանման համար եղած երկիրներու նիւթական բաշխումներուն առնչութեամբ: Օրինակ՝ Հնդկաստան կը պահանջէր մէկ եռիլիոն, ափրիկեան երկիրներ՝ 1.3 եռիլիոն եւայլն:

Զարմանալին այն է որ ո՛չ մէկ նշում կայ այս բաշխումներուն գործածութեան մասին: Գերմանացի Heinrich-Boll-Stiftung տնտեսական հետախուզական ընկերութեան տնօրէն՝ Liane Schalatek կը յայտարարէ այսպէս՝ «այս կը նմանի կանաչի լուացումի ուր կ՝ըսուի պահանջի գումարդ ըսէ առանց մանրամասնութիւններուն: Եթէ պահանջուած գումարները չմանրամասնուին, այս կը նմանի թուզի տերեւի երեւոյթին:»

Աշխարհի բոլոր հիմնադրամներու գոյացումն ու սպառումը կայացած է վստահութեան, անկեղծութեան եւ թափանցիկութեան հիմերու վրայ: Այնպէս որ «կլիմայի պահպանման» հիմնադրամը եւս պարտի ըլլալ հարազատ եւ արդար իր նիւթական գոյացման եւ բաշխումի ընթացքին մէջ, առանց խտրականութեան կամ անձնական հետապնդումներու:

2019 թուականին OECD-ի անդամ երկիրները կարողացան 80 միլիառ տոլար հաւաքել իրենց ներքին կազմի մասնակցութեամբ: Այս հաւաքուած գումարը սակայն գոյացաւ երկկողմանի հիմնադրամներէ, փոխառութիւններէ, ժողովրդային հիմնադրամներէ կամ նպաստներէ անդամ երկիրներուն միջեւ, որոնք հիմնադրամին փոխանցուեցան միջազգային դրամատուներու միջոցաւ:

Նոյն գերմանական ընկերութիւնը տարակուսանքով կը յայտարարէ թէ չեն կարողացած լման տեղեկութիւններ քաղել հիմնադրամի նիւթական բաշխումներու մասին:

Մի քանի օրինակներ կարելի եղած են ստանալ, ինչպէս՝ 2014-ին 2.78 միլիոն տոլարի կատարուած փոխանցում Արժանթինի աղբի տնօրինութեան ծրագրին համար, «երկրագունդի շրջակայ միջավայրերու հաստատութեան» կողմէ:

2019-ին՝ 9.68 միլիոն տոլար յատկացուած է Պէնկլատէշին, հաւանական ջրհեղեղներու հետեւանքով գիւղերու պահպանման համար պատուանդաններ կառուցելու նպատակով, «կանաչ կլիմայ հիմնադրամ»-ին կողմէ:

2015-ին 4.56 միլիոն տոլար յատկացուած է Լիպերիոյ, սուրճի եւ քաքաուայի բերքի պահպանման համար, «փոքր երկրագործական ծրագրի որդեգրում» հիմնադրամին կողմէ:

Ընթերցողը պիտի նկատէ արդէն կլիմայի հակակշռի մայր հիմնադրամի կողքին ստեղծուած զանազան երկկողմանի հիմնադրամները որոնք ինչպիսի՞ կապեր ունին մայր հիմնադրամին հետ, տակաւին կը մնան անյայտ:

Առաւել եւս, CPI, (Climate Policy Initiative) բարեգործ կազմակերպութիւնը կը յայտարարէ թէ բոլոր ներկայացուած ծրագիրները հատաւոր չեն իրենց ընդհանուր կազմով, որը կարելի չէ մասնազատել զանոնք յստակ գաղափար կազմելու համար, հիմնադրամի գումարներու բաշխումին ժամանակ: Այնպէս որ համայն ծրագրին էութիւնը կը մնայ անորոշ եւ գուշակելի:

Հարուստ երկիրներու ներդրումները «կլիմայի հիմնադրամին» կը մակագրուին թիւ 2 որպէս՝ կլիմայի յատկացուած գումար, իսկ թիւ 1 որպէս՝ մասամբ կլիմայի յատկացուած գումար, որոնց մեկնաբանութիւնը յստակ չէ եւ կը տարուբերի ծառայելու իւրաքանչիւր երկրի յետին նպատակին, մակագրուած՝ վերոյիշեալ հիմնադրամներուն օրինակով:

Ֆինլանտա 4.47 միլիոն տոլար տուաւ Եթովպիոյ ջուրի մատակարարման եւ կոյուղիներու կառոյցներու համար, որ մակագրուած էր թիւ 1, մասամբ գործածուելու համար կլիմայի պահպանման, հակառակ անոր որ կլիմայի հիմնադրամին մէջ նման գործունէութեան համար ծախսուելիք գումարի որեւէ նշում չկար :

Իսկ աւելի ծիծաղելին. չյիշատակուած երկրի մը յատկացուած գումարին բացատրականը զանց առնուած է հաշուեյարդարի ժամանակ, որովհետեւ՝ յատկացուած գումարը եղած է ածխահանքի մը բարեկարգման համար:

Կլասքոյի համագումարին որոշուեցաւ աւելի ճշգրիտ, մանրամասն եւ յստակ քայլեր առնել եւ գրանցել հիմնադրամի ներդրումներուն, բաշխումներուն, փոխառումներուն կամ տալուն, շնորհումներուն եւ բոլոր այլ գործարքներուն բացատրութեանց առնչութեամբ:

Հակառակ առնուած բոլոր որոշումներուն եւ հրահանգներուն, տակաւին յստակ չէ թէ ո՞ր երկիրը հարազատօրէն կը գործակցի կամ՝ կը ջանայ օգտուիլ առիթէն, որովհետեւ երրորդ դէմք մը չկայ որ կը վերահսկէ, կը քննէ, բացատրութիւն կու տայ եւ հաշուեկշիռ կը ներկայացնէ բոլոր գործունէութիւններուն մասին:

Այս կերպով դժուար պիտի ըլլայ հասարակաց համաձայնութեան մը հանգիլ:

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ