Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

Դրուագներ Նշանաւոր Մարդոց Կեանքէն

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Վերապատուելի Տիգրան Խրլոբեան

Հայկազեան Գոլեճը (այժմ համալսարան) հիմնուած է 1955 թուականին։ Ես երկու տարի (1964-66) ուսանեցայ հոն որպէս բարձրագոյն կարգերու (Junior and Senior) աշակերտ, քանի որ Freshman եւ Sophomore դասարանները աւարտած էի Հալէպ Գոլեճի (Aleppo College) մէջ։

Հալէպէն գալով, գիշերօթիկ աշակերտ էի եւ առ այդ մօտիկ յարաբերութիւն մշակած էի վաթսունի մօտ գիշերօթիկ միւս աշակերտներուն հետ որոնք եկած էին Երուսաղէմէն, Քեսապէն, Թեհրանէն, Աթէնքէն եւ Աղեքսանդրիայէն, ի միջի այլոց։

Որպէս բարձրագոյն կարգի աշակերտ, ես զերծ էի պարտադիր հայերէն լեզուի դասընթացքէն, որը կը դասաւանդէր Հայկական Բաժանմունքի ատենապետ Վերապատուելի Տիգրան Խրլոբեանը։ Ան՝ յաղթահասակ եւ թիկնեղ ու բարի անձնաւորութիւն մըն էր, սիրուած թէ աշակերտներուն եւ թէ ալ ուսուցիչներուն ու գոլեճի անձնակազմին կողմէ։

Վերապատուելին հիմնադիրը եղաւ նաեւ գոլեճի հայկական գրադարանին։ Իր բոլոր բարեմասնութիւններու կողքին, ան ունէր միակ թերութիւն մը, որ յաճախ կը նեղացնէր զինք։ Ան թէեւ բոլորովին խուլ չէր, բայց ունէր լսելու յստակ դժուարութիւն։

Վերոյիշեալ թերութիւնը շատ դիւր կու գար կարգ մը աշակերտներուն, որոնք ետեւի շարքերը նստած՝ դասի ժամանակ կը շաղակրատէին իրարու հետ։ Գիտէ՞ք, երբ դաս մը պարտադիր է՝ ան կը դառնայ գրեթէ տաժանելի, գէթ կարգ մը աշակերտներու մօտ …

Դրուագը որուն մանրամասնութիւնները պիտի ներկայացնեմ, ինծի պատմուած է Վերապատուելիին աշակերտուհիներէն մէկուն կողմէ, որ ինծի նման գիշերօթիկ էր։ Սա ալ ըսեմ որ գիշերօթիկ աշակերտները՝ ճաշի սեղաններուն շուրջ եւ կամ իրիկունները սերտողութեան ժամանակ գրադարանի սեղաններուն շուրջ, ժամանցի համար շաղակրատութեամբ ալ կ՛զբաղէին։

Ուրեմն օր մը դասի ժամանակ՝ աշակերտուհի մը սապէս կ՛արտայայտուի, խորհելով որ պատուելին պիտի չլսէ …

Պատուելի, ես ձեզի շատ, շատ կը սիրեմ:

Պատուելին է որ յանկարծ ետեւ կը դառնայ եւ կ՛ը պատասխանէ, ի՞նչ ըսիր աղջիկս, նորէն ըսէ։

Ասոր վրայ, անզուսպ եւ բարձրաձայն խնդուք մըն է որ ծայր կ՛առնէ դասարանին մէջ, ապշեցնելով բոլորը։ Անգլերէնով զայս կը բնութագրեն որպէս selective hearing, հասկցողին՝ շատ բարեւներ!

Պատուելին մահացաւ Պէյրութի մէջ, 1966 թուականին։  

Տաթեւ Արքեպիսկոպոս Սարգիսեան

Այս դրուագը պատահեցաւ 1968 թուականին՝ Հալէպի մէջ, ուր Անթիլիասէն նոր ժամանած էր Առաջնորդ նշանակուած Տաթեւ Եպիսկոպոս Սարգիսեանը։ Ան կը փոխարինէր Ղեւոնդ Արքեպիսկոպոս Չէպէեանը։

Այդ թուականին՝ ես Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ նախակրթարանի տնօրէնն էի, իսկ Հայ Աւետարանական համայնքի Համայնքապետն էր Վերապատուելի Յովհաննէս Գարճեանը։ Վերապատուելի Գարճեան պարտք զգաց դիւանագիտական այցելութիւն մը կատարել ազգային Առաջնորդարան եւ բարի գալուստ մաղթել նորանշանակ Սրբազան հօր։

Վերապատուելին փափաքեցաւ որ ես ալ՝ որպէս Առաքելական համայնքի զաւակ, միանամ իրեն։ Ուստի՝ նախօրօք առնուած ժամադրութեամբ մը, գացինք ազգային Առաջնորդարան մեր այցելութեան համար։

Սրբազանը մեզ ջերմօրէն ընդունեց եւ պատշաճ հիւրասիրութեամբ մըն ալ պատուեց մեզ։ Խօսակցութեան ընթացքին՝ երբ Սրբազանը իմացաւ որ ես Այնթապցի ընտանիքի զաւակ եմ, հետեւեալ դէպքը պատմեց մեզի եւ մինչ այդ տեղի ունեցած լուրջ խօսակցութիւնը ստացաւ մտերմիկ բնոյթ մը, զուարճախօսութեամբ համեմուած։

Ուրեմն, ըսաւ Սրբազանը, երբ Անթիլիասի միաբան եղբայրներս իմացան որ Հալէպ պիտի ուղարկուիմ որպէս Առաջնորդ, ողջերթի համար սենեակս եկան եւ սկսան իրենց հարուստ փորձառութենէն բխած խրատներ տալ։ Առաւել, անոնք պատուիրեցին որ Այնթապցիներու բարեկամութիւնը շահիմ, եթէ ուզեմ համով-հոտով կերակուր ուտել …

Սրբազանը 1996-էն ի վեր կը բնակի Էջմիածին եւ կը դասաւանդէ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ