Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Շահումեանի Նորայայտ Դամբարանէն Հնագիտական Բացառիկ Նմուշներ Ներկայացուեցան

ՀՀ Ժողովրդական արուեստներու թանգարանին մէջ ցուցադրուեցան վաղ պրոնզէ դարու Կուր-արաքսեան մշակոյթը ներկայացնող նմուշներ՝ Հայաստանի պատմութեան թանգարանէն եւ Արմաւիրի մարզի Շահումեան համայնքին մէջ այս տարի յայտնաբերուած դամբարանէն, որ իր տեսակով առաջինն է ՀՀ տարածքին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

Աղբիւրին համաձայն՝ Շահումեանի դամբարանը յայտնաբերած է Մուշեղ Յարութիւնեանը՝ իր այգիին մէջ ծառատունկի ժամանակ: Յուշարձանի եւ տարածքի ուսումնասիրութիւնը սկսած է այս տարուան Օգոստոսին։ Մուշեղ Յարութիւնեանի խօսքով, եթէ պարզուի, որ մօտակայ տարածքները եւս հնագիտական նշանակութիւն ունին, ուստի պիտի տրամադրեն այդ նպատակներով: ՀՀ ԳԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ուսումնարանի հնագիտական արշաւախումբը աշխատանքներուն առաջին իսկ օրերուն պարզած է, որ կը պեղուի ՔԱ III հազարամեակի առաջին քառորդով ժամանակագրուող խիստ ուշագրաւ դամբարան մը:

ՀՀ ԳԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ուսումնարանի հնագիտական արշաւախումբի ղեկավար, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Ռուբէն Բադալեանի խօսքով՝ պեղումներուն ընթացքին յայտնաբերուած է դամբարան, որ դեռ ամբողջութեամբ ուսումնասիրուած չէ: «Անսպասելի կերպով պարզուեցաւ, որ անիկա հսկայական տարածք է, որ ունի աւելի քան 30 հանգուցեալի կմախք եւ իրենց ուղեկցող իրեր՝ աւելի քան 60 կաւէ, մօտ 100 պրոնզէ իր, հազարաւոր ուլունքներ տարբեր նիւթերէ պատրաստուած եւ այլն»,- ըսաւ ան: Բադալեան շեշտեց, որ միանշանակ պիտի շարունակեն աշխատանքները եւ յոյս ունին, որ պիտի աւարտեն ամբողջ ուսումնասիրութիւնը, քանի որ անիկա արտասովոր յուշարձան-դամբարան է:

ԿԳՄՍ նախարարի տեղակալ Արա Խզմալեան շնորհաւորեց բոլորը նմանատիպ բարձրարժէք գտածօներուն առնչութեամբ: Փոխնախարարը նշեց, որ կառավարութեան հետ ունեցած քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք՝ որոշուած է այսուհետեւ Հայաստանի ընդերքի գանձերը դարձնել հանրային սեփականութիւն, եւ ջանք չխնայել իրականացնելու միջոցառումներ, որոնք ուղղուած պիտի ըլլան մեր արժէքներու հանրայնացման:

Ցուցահանդէսը, որ կ՝իրականացուի ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարութեան, ՀՀ ԳԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ուսումնարանի նախաձեռնութեամբ ու Հայաստանի պատմութեան թանգարանի եւ Յովհ. Շարամբէյեանի անուան ժողովրդական արուեստներու թանգարանի հետ համագործակցութեամբ, բաց պիտի մնայ մինչեւ Դեկտեմբեր 30։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ