Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Դէպքեր Անձնական Փորձառութենէս

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Երբ ընտանեօք Երուսաղէմէն փոխադրուեցանք Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը 1948-ին, վեց տարեկան էի։ Ծնողներս Այնթապցի ըլլալով, զիս արձանագրեցին Կրթասիրաց վարժարանը։ Դպրոցը ան ժամանակ ունէր երկու բաժին, աղջկանց եւ մանչերու։ Աղջկանց բաժինը կը պարփակէր նաեւ մանկապարտէզը, իր չորս դասարաններով։

Ուրեմն երկու տարի մանկապարտէզ եւ մէկ տարի ալ առաջին դասարանի աշակերտ՝ աղջկանց բաժինը մնալէ ետք, փոխադրուեցայ մանչերու բաժինը։ Ան ժամանակ մեր տնօրէնն էր Գրիգոր Պօղարեանը, իսկ աւագ ուսուցիչն էր Յովակիմ Պագգալեանը։ Ստորեւ՝ դրուագներ անոնց կեանքէն։

Գրիգոր Պօղարեան

Յայտնի մտաւորական Գրիգոր Պօղարեան Գարեգին քահանայ Պօղարեանի չորս մանչ զաւակներէն մին էր։ Անոր երէց եղբայրն էր Երուսաղէմի Սուրբ Յակոբայ միաբանութեան յարգուած անդամ եւ նշանաւոր ձեռագրագէտ Նորայր արք․ Պօղարեանը։

Որպէս տնօրէն՝ Գրիգոր Պօղարեան խիստ էր եւ իր շուքը ծանր։ Ան երբ փակէն ներս մտնէր, աշակերտները եղած տեղերնին կը քարանային եւ ամէն խօսակցութիւն անմիջապէս կը դադրէր։ Ան վեցերորդ դասարանի աշակերտներուն կը դասաւանդէր Հայերէն լեզու եւ ընդհանուր ազգաց պատմութիւն։

Այս դէպքը կը պատահէր 1952 թուակաnին, երբ ես տաս տարեկան եւ երկրորդ դասարանի աշակերտ էի։ Այդ ժամանակ՝ Երկուշաբթի եւ Շաբաթ օրերը դասաւանդութիւնները մինչեւ կէսօր միայն կ՛ընթանային։

Ուրբաթ օր մը տնօրէնին գրասենեակը գացի, արտօնութիւն առնելու որ յաջորդ օր բացակայէի դպրոցէն։ Երբ հարց տուաւ թէ ինչո՞ւ, պատասխանեցի որ մօրս հետ բաղնիք պիտի երթայի . . .

Ան՝ բարկացած ոտքի ելաւ եւ զիս յանդիմանեց ըսելով,

          Այս տարիքիդ տակաւին մօրդ հետ բաղնիք կերթա՞ս!

Անակնկալի եկած եւ սաստիկ կերպով ամչնալով, դուրս վազեցի գրասենեակէն եւ այդ եղաւ իմ վերջին բաղնիքագնացութիւնս՝ մօրս հետ։ Յետ այսու, բաղնիք սկսայ երթալ իրիկունները՝ հօրս եւ հօրեղբօրս հետ միատեղ։

Հոս պէտք է յիշեմ որ կիները ցորեկները կ՛երթային բաղնիք, գիշերները վերապահելով էրիկ մարդոց, այդ էր այդ ժամանակներու ընթացիկ սովորութիւնը։

Իմ աւարտական տարիս, 1956-ը եղաւ իր պաշտօնավարութեան վերջին տարին, որմէ ետք ան փոխարինուեցաւ Արմէն Տէր Պետրոսեանով, Սորպոն աւարտած ուրիշ մտաւորական մը։ Այդ տարին՝ Պարոն Պօղարեան ընտանիքով փոխադրուեցաւ Պէյրութ, ուր ապրեցաւ մինչեւ իր մահը։

Յովակիմ Պագգալեան

Սիրուած եւ յարգուած ուսուցիչ Յովակիմ Պագգալեանը գիտութիւն եւ ուսողութիւն կը դասաւանդէր բարձրագոյն դասարաններուն։ Ան նաեւ խմբագրական կազմի անդամ էր Հալէպահայ ուսուցչական միութեան կողմէ հրատարակուող «Բուրաստան» մանկապատանեկան ուսանողական պարբերաթերթին, Հայկ Պարիկեանի եւ այլոց կողքին։

Այս դէպքը կը պատահէր 1956 թուականին, երբ ես  14 տարեկան եւ աւարտական դասարանի աշակերտ էի։ Մեր դասարանի պատասխանատու ուսուցիչն էր Պարոն Պագգալեանը։

Այդ ժամանակ՝ դպրոցական օրուան ընթացքին, ուսուցիչները կարգով հերթապահ կ՛ըլլային զբօսանքներուն, որպէսզի կարգապահութիւնը սահուն կերպով ընթանար։ Գնդակ խաղալը արգիլուած էր, որովհետեւ պատուհաններուն ապակիները յաճախ կը կոտրուէին գնդակին զարկէն։

Պարոն Պագգալեանի հերթապահութեան օրերէն մին, ես հետն էի խորհրդակցութեան համար։ Յանկարծ փոքրիկ աշակերտներէն մին մօտեցաւ իրեն եւ բարկացած գանգատեցաւ որ աշակերտ մը զինք էշ կոչած էր . . .

Պարոն Պագգալեան հանդարտութեամբ ըսաւ աշակերտին,

          Դուն ալ տղաս, ինծի էշ ըսէ . . .

Երբ աշակերտը զարմացած իրեն կը նայէր՝ ան շարունակեց,

          Տղաս, երբ ինծի էշ ըսես՝ ես էշ կ՛ըլլա՞մ։

Ուրեմն մտիկ մի՝ ընէր իրեն ու շարունակէ քու խաղդ։ Թող ինք ամչնայ իր ըսածէն ու վերջ։

Սա իմաստուն եւ կտրուկ լուծում մըն էր յառաջացուած հարցին՝ որ մինչեւ հիմա դրոշմուած մը մնայ իմ յիշողութեանս մէջ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ