Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Ծառերու Խորհուրդը

Գեղարուեստական Յայտագիր

6 Նոյեմբեր 2021, Շաբաթ յետմիջօրէին, Փասատենա քաղաքի Թէքէեան Մշակութային Միութեան Պէշկէօթիւրեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական լեռնաշխարհի ծառերուն եւ անոնց պատմական-գրական նշանակութեան նուիրուած գեղարուեստական յայտագիր մը: Յայտագիրը պատրաստուած էր նոյն քաղաքի Պլեյր երկրորդական դպրոցի Հայկական Ճեմարանի աշակերտներուն կողմէ: Յայտագիրը նուիրուած էր ATP (Armenia Tree Project) բարեգործական հիմնադրութեան հետ վարժարանի ունեցած համագործակցութեան:

Ծառը իր ճիւղերուն եւ տերեւներուն, նոյնիսկ իր սոսափիւնին մէջ կը պարունակէ խորհուրդներ: Աւելին՝ Հայկական լեռնաշխարհի բնիկ ամէն ծառ ունի իր տոհմիկ աւանդազրոյցը, դիցաբանական, տոհմական պատմութիւնը: Հայ բանաստեղծներ հիանալով իւրաքանչիւրին սլացիկ տեսքին ու գեղեցկութեան՝ խոհական եւ իմաստասիրական քերթուածներ նուիրած են անոնց: Այս գիտելիքներու հիման վրայ, Պլեյր վարժարանի Հայկական Ճեմարանի աշակերտները պատրաստեր էին քնարական եւ տեղեկատուական ճոխ յայտագիր մը: Ան բաղկացած էր ասմունքէ, պարէ եւ տասնեակ մը ծառի համար պատրաստուած սահիկներու ներկայացումէ: Յայտագրին ներկայ էին ATP կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ (Պոսթըն քաղաքէն), ծնողներ եւ հիւրեր:

Յայտագիրը սկսաւ վարժարանի վարիչ եւ դասատու Նորայր Տատուրեանի բարի գալուստի խօսքով: Ան երեկոյին իմաստն ու խորհուրդը բացատրեց հետեւեալ պատմութեամբ. «Վերամուտի օր էր: Այս տարի: Գացի տնկարան մը, այն խնդրանքով, թէ դասարանիս համար երկու ծաղիկ նուիրեն: Խանութի երիտասարդ տնօրէնը տերեւախիտ երկու թաղար բերաւ եւ ըսաւ, թէ արեւազուրկ սենեակներու մէջ լաւ կ’աճին անոնք: Ես հարցուցի, թէ ե’րբ եւ որչա’փ ջուր պէտք էր տալ անոնց: Տնօրէնը տուաւ անակնկալ պատասխան.- Մի» տաք: Երկու շաբաթ զրկեցէք ջուրէ: Բայց, ըսի զարմացած, առանց ջուրի անոնք ինչպէ’ս պիտի մեծնան: Մասնագէտ ծաղկավաճառը բացատրեց. Ջուր փնտրելու համար այս ծաղիկները արմատներ կ’արձակեն հողի խորերը ու այդպէս ալ կը մեծնան: Այդ վայրկեանին մտածեցի, թէ ասիկա մեր աշակերտներուն պատմութիւնն է: Սփիւռքահայ մեր սաները զրկուած են հայրենի հողէն ու ջուրէն, այնուհանդերձ կը խորանան ու արմատներ կ’արձակեն հայկական մշակոյթի, պատմութեան եւ գրականութեան մէջ ու կ’ամրանան: Այսօրուան յայտագիրը ինքնութեան կաթիլ մը ջուր է այս պատանիներուն համար»:

Սահիկներու վրայ յայտնուած իւրաքանչիւր ծառի առջեւ աշակերտ մը նախ ներկայացուց զայն, ապա խօսեցաւ հայկական մշակոյթի եւ գրականութեան մէջ անոր ունեցած տեղի մասին: Աշակերտները յաճախ յիշեցին Մովսէս Խորենացիի անունը: Անոր «Պատմութիւն Հայոց» աշխատասիրութեան մէջ ծառերու մասին բազմաթիւ առասպելախառն զրոյցներ աւանդուած են: Տողանցեցին ծիրանի ծառը, նռենին, ուռենին, սոսին, եւ այլն: Յայտագրի մէջ սլացաւ նաեւ Տնջրին՝ Հայոց աշխարհի ամենամեծ ծառը: (Յիշենք, թէ այդ հսկայ գեղեցկութեան շուքին տակ ներշնչում գտեր են Մեսրոպ Մաշտոցը եւ Սայաթ Նովան):

Յայտագիրը ճոխացած էր արտասանութիւններով: Ուռենիի ներկայացումին հետեւեցաւ Աւետիք Իսահակեանի «Գետակի վրայ» դիմառնական բանաստեղծութիւնը, ուր ծերացած կին մը կը ներկայանայ որպէս ուռենի, եւ այդ վշտահար կնոջ արտասուքը ծառի ճիւղերէն կաթող շիթեր են: Այս յուզիչ բացատրութիւնը տուաւ ու բանաստեղծութիւնը արտասանեց Սօֆի Եուսէֆեանը:

Ծառը փոթորիկին դէմ քրքջալու, հողին կառչած մնալու, կացինահար ըլլալէ յետոյ իսկ բարունակներ արձակելու վսեմ գաղափարը կը ներշնչէ: Այս միտքերը բիւրեղացած են Մատթէոս Զարիֆեանի «Ծառը» քերթուածի մէջ: Այս այլաբանական բանաստեղծութիւնը կատարեց Տարօն Եագուպեանը եւ տուաւ վերլուծական բացատրութիւն մըն ալ, թէ Զարիֆեանի գաղափարի «ծառ»ը, կը մերժէ մահանալ, ու պատճառ կ’ըլլայ, որ բանաստեղծը խոր յուզումով մը ծունկի գայ.

Եւ յուզումէս ինկայ ծունկի…

… Իր կողէն

Արծուաթռիչ նիզակներու խրոխտանքով՝

Բարունակներ ժայթքեր էին դէպի երկինք։

Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ ATP կազմակերպութիւնը ծնունդ առին նոյն թուականին: 1991 թուականը Հայաստանի համար վերանկախացում էր, իսկ ATP կազմակերպութեան համար՝ ամէն սարի վրայ, ամէն ձորի մէջ ծառ տնկելու, հայրենի հողը ծառերով պաշտպանելու հրամայական մը: Այդ մտածումները խօսելով է, որ Լուլու Էքիզեանը բեմ եկաւ ու արտասանեց Զարեհ Խրախունիի 1991ին գրի առած «Այս ծառը սուրբ» քերթուածը: Բանաստեղծութեան վերջին տողերուն Խրախունին աշխարհի հայութեան կը յորդորէ ծառ տնկել.

Օ՜ տնկեցէք

Ամուր ձեռքով խնամեցէք

զարդարեցէք

պաշտպանեցէք

պաշտեցէք

Ազատութեան ծառն է այս …:

Աշակերտները նաեւ իրենց ներկայացուցած ծառի հետ կապ ունեցող փափաք կամ յիշատակ մըն ալ փոխանցեցին: Սօֆի Շահինեանը ըսաւ, թէ կ’ուզէ օր մը Արարատ ելլել ու գտնել Նոյ Նահապետի տնկած ուռենին ու անոր շուքին տակ գիրք կարդալ ու նկար մը նկարել: Էլեն Վարդանեանը ուզեց, որ օր մը, որպէս ուխտաւոր, երթալ Արցախ ու Տնջրի ծառի հսկայ ճիւղերուն տակ հաղորդուիլ հայոց նախնիներու եւ մեծերու հետ: Էնթընի Քէշիշեանը ըսաւ, թէ ամառները երբ Հայաստան երթայ, կը սիրէ դրացիի պարտէզը մտնել ու ծիրան ուտել: Սինթիա Վանէսեանը ըսաւ, թէ կը փափաքի Պլեյրի պարտէզի մէջ հայ աշակերտներուն տնկած նռենիի ճիւղէն կախել գունաւոր կտոր մը, որպէսզի հասնի իր նպատակին՝ ընդունուիլ իր երազած համալսարանի կողմէ: Հրաչ Գարակէօզեանը եղեւնին եւ Ծիծեռնակաբերդի պուրակը ներկայացնելէ յետոյ ըսաւ, թէ ի’նքն ալ այժմ կը փափաքի այդ պուրակի մէջ ծառ մը տնկել:

Յայտագրին մաս կազմեցին նաեւ վարժարանի պարախումբը: Փաթիլ եւ Սինթիա Ալպարեան քոյրերու ցուցմունքներով պատրաստուած խումբը նախ ներկայացուց ոգեշնչող, աշխոյժ եւ հայրենասիրական պար մը, որ կը կոչուէր «Եռագոյն»: Ապա պարախումբը հայկական հանդիսաւոր, տօնական ճոխ սեղան մը պատրաստեց ու բեմադրեց «Ղափամա»ն: Յորդառատ ուրախ ծափերը ընկերացան այդ պարին: Սեղանի վրայ յայտնուեցան ծիրանն ու թուզը, նուռն ու խաղողը, նուշն ու լաւաշը: Երբ պարը վերջացաւ, խումբի կազմած վահանի առջեւ յայտնուեցաւ Էնտրու Աղաճանեանը: Ան, որպէս երեկոյի ոգին ամփոփող խօսք՝ արտասանեց Դանիէլ Վարուժանի «Անդաստան»ը: Բանաստեղծութին չէր ան, այլ՝ ջերմեռանդ աղօթք, բոլորին աղաչանքը, թէ խաղաղութիւն թող ըլլայ, օրհներգութիւն թող ըլլայ, պտղաբերում թող ըլլայ եւսիրերգութիւն թող ըլլայ: Աւարտին ATP կազմակերպութեան գործադիր վարիչ Ժան-Մարի Բաբելեանը եւ կազմակերպութեան Քալիֆորնիոյ ներկայացուցիչ Անահիտ Ղարիբեանը շնորհաւորեցին աշակերտները ու սրտի ջերմ խօսքեր արտայայտեցին: Իսկ Ն. Տատուրեանը, որպէս եզրափակիչ խօսք ըսաւ. «Թող հայրենի այգիներն ու մրգաստանները, ATP-ի տնկած բոլոր պտղատու ծառերը, սահմանէ սահման, առատօրէն պտուղ տան: Թող հայրենի սեղանները օրհնուին հացով: Հայը իր ընտանիքի հետ վայելէ այս սուրբ սեղանը»: Յայտագիրը աւարտեցաւ Տէրունական Աղօթքով:

Հաղորդագրութիւն՝ Պլեյր վարժարանի Հայկական Ճեմարանէ, Փասատենա, Քալիֆ.
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ