Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Նոր Տարուան Մտածումներ

Փրոֆ․ ՕՇԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Ժամանակը կը յառաջանայ, կեանքի փոփոխութիւններ տեղի կ՜ունենան աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ – բարելաւումներ և տեղքայլեր ։ Գիտութիւնը նորութիւններ կը ներմուծէ մեր առօրեայ գործունէութիւններու ընթացքին, ընկերային իրավիճակները կը նորոգուին՝ նոր ըմբռնումներ հաստատելով քաղաքական, մշակութային, ընկերային, տնտեսական եւ այլ բնագաւառներուն մէջ։

Փոքրամասնութիւններ կը փորձեն գոյատեւել տիրող մեծամասնական քաղաքակրթութեանց մէջ՝ հնարաւորին չափ, պայմաններէն օգտուելով։

Շրջան մը կար, 20-րդ դարու սկիզբը, որ Ամերիկայի մէջ Անկլօ-Սաքսօն քաղաքակրթութիւն կը տիրէր եւ անհրաժեշտ էր այդ մշակոյթին հետեւիլ եւ տիրող կառավարութիւնը խոչընդոտներ կը հաստատէր փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ։ Սեւամորթներ, Հարաւային Ամերիկացիներ, Հայեր, Արաբներ, Յոյներ եւ այլ ազգութիւններու պատկանողներ որոշ թաղամասերու մէջ չէին կրնար ապրիլ կամ բնակարան ունենալ։ Նոյնիսկ միայն որոշ աշխատանքներ կրնային ընել եւ քիչ աշխատավարձք կը ստանային։

Ժամանակները բարեփոխուեցան շնորհիւ տասնամեակներ առաջ ընկերաբաններու ներմուծած սկզբունքներուն համաձայն եւ այսօր Ամերիկան կ՜ընդունի փոքրամասնութիւնները եւ իրենց մշակոյթը` այնքան ատեն որ կը նպաստեն Ամերիկայի քաղաքակրթութեան եւ Ամերիկայի քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, եւ այլ հարցերու ապահովութեան չեն վնասեր։ Այս տեսութիւնը կամ սկզբունքը կը կոչուի cultural pluralism, այսինքն, մշակութային բազմականութիւն։

Կը Փորձենք Մշակոյթ Պահել

      Հայ կեանքն ալ նոյն կացութեան մէջ կը գտնուի սփիւռքի բոլոր գաղութներուն մէջ։ Բնական երեւոյթ է։ Հայեր կը փորձեն պահել եւ նոյնիսկ զարգացնել իրենց մշակոյթը այլեւայլ միջոցներու դիմելով՝ դժուար պայմաններու մէջ։

Առաջին Հայը որ Ամերիկա եկած է, Յոհաննէս  Մարտիկանեան  (որ եղաւ Ճան Մարթին)  1618 կամ 1619 թուականին, հաստատուած է Ճէյմզթաուն, Վըրճինիա եւ զբաղած է ծխախոտի գործով։ Հայերու թիւը բազմացաւ տարիներու ընթացքին եւ այսօր, որոշ տուեալներու համաձայն Միացեալ Նահանգներու մէջ մէկուկէս միլիոնի կը հասնի Հայոց թիւը։

Հայերը իրենց նպաստը միշտ բերած են Ամերիկեան կեանքին, մանաւանդ 20-րդ դարու սկիզբին Ֆրեզնոյի շրջանի երկրագործութեան մէջ։  Հայոց դիմագիծը մեծապէս փայլեցաւ շնորհիւ Ուիլիըմ Սարոյեանի, Քըրք Գրիգորեանի, Ռոս Պաղտասարեանի, Հայկ Պէրպէրեանի, Լիոն Փիթըրզի եւ այլոց։ Հայերը այս շրջանին երկրագործութեան մէջ սքանչելի յառաջդիմութիւն մտցուցին չամիչի, խաղողի, թուզի, սեխի արտադրութեանց մէջ, եւ իրենց վիճակն բարելաւուեցաւ ու շատերն ալ հարստացան։

Հայերը կարեւոր նպաստ ունեցած են Միացեալ Նահանգներու զանազան մասնագիտութիւններու մէջ:

Բարեբախտաբար անուրանալի է հայերու օժանդակութիւնը Քալիֆորնիոյ առօրեայ կեանքին եւ այսօր հպարտութեամբ կրնանք յիշել որ քաղաքական կեանքի մէջ ունեցած ենք նահանգային ծերակուտականներ, քաղաքապետներ, Քաղաքային Խորհուրդներու անդամներ, Գերագոյն Ատեանի դատաւորներ, նոյնիսկ կառավարիչ՝ Ճորճ Տէօքմէճեան, որ դժուարահունչ մականուն ունէր, սակայն չփոխեց զայն ։

Ո՞ւր են Հայ երիտասարդները

       Անհրաժեշտ է որ Հայկական վարժարաններու շրջանաւարտները հայ կեանքին մէջ պահենք։

Այսօր, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարաններուն մէջ շուրջ 25,000 հայ ուսանողներ կան եւ տարեկան մօտաւորապէս 8,000 հայ շրջանաւարտներ կ՜ունենանք։ Այս զարգացած երիտասարդներէն քա՞նի հոգի կրցած ենք հայ կեանքին կապել եւ իրենց պաշտօններ տալ

Ունինք փոքր թիւով շրջանաւարտներ որոնք դպրոցներու, եկեղեցիներու հոգաբարձուներ են։ Պէտք է աւելցնել թիւը՝ զանոնք միացնելով հայ կեանքին որպէսզի իրենց նպաստը բերեն մեր համայնքներուն։

Համայնքային կազմակերպութիւններու մէջ անհրաժեշտ է որ մեր հայ շրջանաւարտներէն ներառենք – միութիւն, կուսակցութիւն, ակումբ, եկեղեցի, եւայլն։

Աշխատանք պէտք է տանիլ երիտասարդներու թիւը աւելցնելու մեր մարզական միութիւններու մէջ, անշուշտ անոնք որոնք մարզական կեանքի նկատմամբ մասնաւոր հետաքրքրութիւն ունին, եւ կ՝ուզեն մաս կազմել։

Մշակութային միութիւններու մէջ նոր սերունդի անդամներուն թիւը աւելցնելու հնարաւորութիւններ կան քանի որ կան բազմաթիւ երիտասարդներ որոնք ստեղծագործական աշխատանքի սէր ու մանաւանդ  տաղանդ ունին եւ օգնութեան ու քաջալերանքի պէտք ունին – կը նկարեն, կը գրեն, դերասանութիւն կ՜ընեն, կ՜երգեն։ Շատերը լեզուական հարց չունին։

Անհրաժեշտ է նաեւ որ նոր սերունդի անդամները առեւտրական եւ քաղաքական ոլորտի մաս կազմեն, օգտակար ըլլան իրենց մասնագիտութիւնը ներդնելով,  նոյն ժամանակ հայոց անունը բարձր պահեն եւ օգտակար հանդիսանան հայ համայնքին։

 Նոյնիսկ, առանց սխալ հասկցուելու, եթէ անհրաժեշտ է, որոշ միութիւններու եւ գործունէութեանց մէջ Անգլերէն լեզուի գործածութեան դիմելու է։ Ամերիկեան համալսարաններու մէջ բազմաթիւ դասախօսներ եւ պաշտօնեաներ ունինք․

անհրաժեշտ է որ հայ կեանքին մօտեցնենք; Մշակոյթի ոլորտին մէջ չանտեսուի նաեւ արտակարգ կարողութիւններ ունեցող Անգլիախօս սերունդը որ Ամերիկեան շրջանակներու մէջ գործունեայ է։

Անշուշտ ուրիշ բնագաւառներու մէջ ալ աշխատանք կարելի է տանիլ։

Այսօր միայն Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ շուրջ 25,000 հայ ուսանողներ կան համալսարաններուն մէջ եւ 10 համալսարաններէն տարեկան 7-էն  8 հազար զարգացած հայ շրջանաւարտներ կ՝ելլեն։ Եթէ կարենանք նոյնիսկ 10 տոկոսը կապել հայ կեանքին ամէն տարի, կրնա՞ք երեւակայել որքան ծառայած կ՜ըլլանք մեր ժողովուրդին։

Սիրելի ընթերցող, քու զաւակդ ո՞ւր է, կապ ունի հայ կեանքին հետ ․․․․ 

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ