Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Նոր Տարուայ Եւ Ս. Ծնունդի Առիթով

Տարի մը եւս կը բոլորենք անվերջ խորհրդածութիւններով եւ նորանոր յոյսերով։

2021 տարեշրջանը իր ծանր լուծը թողեց մարդկութեան վրայ ամենուրէք, որմէ զերծ չմնաց նաեւ հայութիւնը իր ապրած տագնապալի օրերով` առող­ջապահական, տնտեսական, քաղաքական, ընկերային եւ այլ ոլորտներու մէջ։

Նոր Տարուայ սեմին, հակառակ որ մեր հայրենիքը կը դիմագրաւէ լուրջ խոչընդոտներ եւ շրջափակուած կը մնայ չարակամ պետութիւններով, սակայն կը յանդգնինք պայծառ հայեացքով նայիլ գալիք օրերուն։

Կ՚ուզենք հաւատալ թէ մեր գոյապայքարը կը պարտաւորեցնէ մեզ խիզախօրէն շարունակել պայքարը, միաժամանակ լուծումներ գտնելով մեր ներքին ալեկոծումներուն եւ հակամարտութիւններուն։

Այսօր պահն է վերստին հաստատելու մեր յանձնառութիւնը՝ շարունակելու կեանքի պայքարը, քաջ գիտակցելով որ մեր բռնած ուղին թէեւ պիտի ըլլայ դժուար, բայց պիտի չկոտրէ մեր կամքն ու հաստատակամութիւնը: Ա՛յս է մեր պատգամը:

Ամանորեայ մեր ջերմ բարեմաղթութիւնները կը յղենք մեր ընթեր­ցողներուն, անդամակցութեան, անոնց ընտանիքներուն եւ համայն հայութեան՝ բաղձալով խաղաղութիւն, քաջառողջութիւն, երջանկութիւն, նորանոր յաջողութիւններ եւ իրագործումներ։

Խաղաղութիւն մեր հայրենիքին, Հայ ազգին եւ համայն մարդկութեան։

Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ։

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան
Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ