Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Պատգամը Սուրբ Ծննդեան Առթիւ

ԵՒ ԶԳԵՆՈՒԼ ԶՆՈՐ ՄԱՐԴՆ

«Ձեր վրայէն հանէք այն ձեր առաջուան վարմունքը ունեցող հին մարդը, որ խաբեբայ ցանկութիւններով ապականուած էր, եւ մտքով ու հոգիով նորգուեցէք՝ նոր մարդը ձեր վրայ հագնելով, որ Աստուծոյ պատկերին նմանակցութեամբ արդարութիւնով եւ ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է»։ 

ԵՓԵՍԱՑԻՍ 4:22-24

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու սեմին հրաւէր կը ստանանք Ամենաբարին Աստուծմէ մերժելու եւ թօթափելու մեր էութեան մէջ ծուարած  «հին մարդը, որ խաբեբայ ցանկութիւններով ապականուած է»: Առաջին հայեացքէն՝ հինցած, մաշուած, բարոյալքուած, հոգեւորէն զուրկ եւ ամէն առումով մեզի խոցելի դարձնող երեւոյթներէն հրաժարիլ դիւրին կը թուի ըլլալ։ Սակայն մեղքի բաւիղներուն մէջ մոլորեալ մարդը չի կրնար դիւրութեամբ ազատուիլ խաւարի ճիրաններէն եւ արդարութեան, սրբութեան շաւիղներով քալել առանց ապաշխարութեան, որ կ’ըլլայ զղջումով, խոստովանութեամբ եւ հատուցումով, անշուշտ՝ զուգակցուած աղօթքով եւ բարի գործերով։ «Հին մարդուն» հետ առերեսուիլը հոգեւոր հասունութիւն, քաջութիւն եւ ազնուութիւն կը պահանջէ, որովհետեւ մեր քննադատութեան թիրախը այս անգամ ո՛չ թէ մեր դիմացինն է, այլ՝ մենք, ինքներս։ Դժուար է, չափազա՜նց դժուար սեփական եսն ու ինքնասիրութիւնը մէկդի դնել, ամօթը յաղթահարել, արժանապատուութիւնը փրկել, որովհետեւ հինէն հրաժարիլ, կը նշանակէ հրաժարիլ մեր մասին մեր իսկ ստեղծած եւ ուրիշներուն հրամցուցած պատրանքէն եւ այն սին կերպարէն, որ փառք ու հպարտութիւն կը բերէ մեր անձին։ Բայց Յիսուս շատ յստակ կ’ըսէ՝ «Ոչ ոք նոր գինին հին տիկերու մէջ կը լեցնէ. այլապէս՝ նոր գինին կը պայթեցնէ հին տիկերը եւ պատճառ կ’ըլլայ, որ թէ´ գինին թափի եւ թէ´ տիկերը փճանան»: ՄԱՏԹԷՈՍ 9:17

Ասկէ տարի մը առաջ ազգովին աղէտալի պարտութիւն մը կրեցինք։ Տակաւին չեն չորցած մեր արցունքները եւ չեն սպիացած մեր վէրքերը։ Խոցուած են Մայր Հայաստանը եւ Արցախը։ Ունեցա՞նք արդեօք քաջութիւն անդրադառնալու մեր սխալներուն, վերլուծելու մեր թերացումները, երեւան հանելու այն յոռի, տմարդի, ժխտական երեւոյթները, որոնք մեր մէջ սողոսկելով եւ բոյն դնելով պատճառ դարձած էին հոգեւոր, բարոյական փճացումի։ Կրցա՞նք վերջապէս արթննալ այն մահացու թմբիրէն, որ մութ շղարշով գոցած էր մեր աչքերը իրականութեան դիմաց։ Կը հասկնա՞նք մեր պարտութեան ծանրութիւնը, թէ տակաւին կը շարունակենք ապրիլ գինովցած մեր անցեալի գլխապտոյտ փառքով։

Անտարակոյս, կարիք ունինք համազգային ապաշխարութեան եւ աղօթքի, որպէսզի «հին մարդը» թօթափելով մեր հոգիներուն մէջ ծնունդ տանք «նոր մարդուն» ի Քրիստոս։ Այլապէս չենք կրնար հաղորդուիլ այն մեծագոյն հրաշքին, որ Աստուածորդու Ծնունդն է։

Յաճախ մարդիկ տեղի ունեցող դէպքերուն եւ իրադարձութեանց ակնդէտ կը կատարեն հետեւեալ հաստատումը՝ ըսելով, թէ աշխարհը փոխուած է։ Բայց իրականութիւնն այդ չէ։ Աշխարհը նոյնն է, եւ միայն մարդն ու մարդկութիւնն են փոխուած։ Մարդը հեռացած է Աստուծմէ եւ հոգեւորապէս մերկացած առաքինութիւններէ։ Ուրեմն, հարկ է փնտռել արդարութեան եւ ճշմարիտ սրբութեան ուղին եւ վերադառնալ դէպի ամենողորմ եւ բարեգութ Աստուած։ Պօղոս առաքեալ Եփեսացիներուն ուղղուած իր նամակին մէջ երբ կը խօսի «նոր մարդու» մասին, յատուկ կերպով կ’ընդգծէ Աստուծոյ նմանակցութիւնը, ինչպէս նաեւ արդարութեան եւ սրբութեան գաղափարը։

Աստուածային արդարութիւնը եւ ճշմարիտ սրբութիւնը բացարձակ արժէքներ են յեղյեղուկ եւ յարափոփոխ այս աշխարհի մէջ, ուր յաճախ կեղծիքը ճշմարտութեան տեղ կը հրամցուի, գէշը՝ լաւի, տգիտութիւնը՝ գիտութեան, անբարոյութիւնը՝ նոր բարոյականութեան։ Մարդկութիւնը իրականութենէ կտրուած՝ երեւութական իրականութան մը մէջ կ’ապրի։ Ի՞նչ կը դառնայ մեր շուրջը։ Ինչո՞ւ գլուխ բարձրացրած է նորէն սոցեալական անարդարութիւնը։ Ինչո՞ւ այսքան բեւեռացած է մեր հասարակութիւն։ COVID-19ը տակաւին որքա՞ն կեանքեր պիտի խլէ։ Վստահինք պատուաստանիւթերուն, թէ՞ ոչ։ Նոր տնտեսական ճգնաժամ մը պիտի պատուհասէ՞ մեզի։

Ասոնք շփոթուած եւ խարխափող մարդկութեանը մտահոգող լրջագոյն հարցեր են, որոնց պատասխանելու համար անհրաժեշտ է, որ «նոր մարդը» կրողը դառնայ քրիստոնէական այն արժեհամակարգին, որուն մէջ առանցքային են աստուածային արդարութեան եւ սրբութեան գաղափարները։ Անոնք պիտի ըլլան մեր կոմնորոշիչները։ Չմոռնանք երբէք, որ տաճարն ենք Աստուծոյ բնակութեան, եւ մեր խօսքն ու գործը պարտի ըլլալ միայն ու միայն Աստուծոյ կամքին համաձայն։ Հետեւաբար, հետամո՛ւտ ըլլանք Աստուծոյ պատուիրաններուն, կեանքն ապրի՛նք Քրիստոսի ուղեգծած ճանապարհով, որպէսզի Աստուծոյ ստեղծած աշխարհը մեզի պարզուի գեղեցիկ գոյներով՝ առանց գորշութեան, առանց մշուշի, առանց չարի պատրանաց։ Մեր հոգին, միտքն ու սիրտը զարդարե՛նք Աւետարանէն ճառագայթող ոսկի պատուիրաններով եւ մեր մէջ վերակերտենք Աստուծոյ պատկերը։ Մերժե՛նք անտարբեր կեանքը, ագահութիւնն ու ամբարշտութեան ոգին։ Ապրի՛նք սրբութեան տեսիլքով, Աստուծոյ որդեգրութեան գիտակցութեամբ եւ տակաւին այն բոլոր բարի աւանդութիւններով, որոնք մեր հոգին կ’ազնուացնեն։

Նոր Տարին ու Ս. Ծնունդը մեր Տիրոջ եւ Փրկչի Յիսուս Քրիստոսի սիրոյ պատուիրաններով ապրելու հրամայականն է։ Սիրե՛նք զմիմիանս, սիրե՛նք Մայր Հայաստանը ու մեր Մայր Սուրբ եկեղեցին։ Հայ քրիստոնեայի կոչումին ու նկարագրին հաւատարիմ՝ խոնարհ ծառայ ըլլանք մեր ինքնութեան խարիսխ հանդիսացող այս երկու սրբութիւններուն։ Գիտակցի՛նք, որ դժուա՜ր ժամանակներ են, լի հազարումէկ փորձութիւններով։ Հայրենիքն ու Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցին ցաւ ու տառապանքի բովին մէջէն կ’անցնին։ Բայց մենք, որ ժառանգներն ենք Հայկի, Վարդանի եւ նորօրեայ մեր քաջարի հերոսներու, պարտինք մերժել տկարութիւնը՝ հաւատքը դարձնելով հիմնաքարը մեր հոգեւոր ու ազգային նկարագրին։ Պահն է համախմբումի, որպէսզի ներքին միասնականութիւնը դարձնենք վկայութիւնը մեր հաւատքի կեանքին։ Այդ գիտակցութեամբ ու հաւատքով Վարդանանք խոնարհեցան Ս. Էջմիածնի լուսատու խորանին առջեւ եւ Ս. Հաղորդութեամբ զօրացած՝ հայոց պատմութեան էջերը լուսաւորեցին Սարդարապատի յաղթանակով։

Հաւատաւո՛ր հայ քրիստոնեայ, վերածնուի՛ր Քրիստոսի Ս․ Ծնունդով, որպէսզի «նոր մարդուն» աշխարհ գալով այս հողակոյտին վրայ աւելնայ պտղունց մը բարութիւն, կաթիլ մը սէր, նշոյլ մը խիղճ, ծուէն մը յոյս, ափ մը հաւատք։ Ա՛յս է սպասումը մեր նախնեաց, այս է սպասումը մեր քաջարի երիտասարդներուն, որոնք կեանքն ապրեցան վասն Յիսուսի, վասն Հայրենեաց։

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ։ Օրհնեա՜լ է Յայտնութիւնը Քրիստոսի։

Յովնան Արք. Տէրտէրեան

Դեկտեմբեր, 2021
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ