Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Սուրբ Ծննդեան Պատգամ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդին կողմէ

Ծնունդի Նուէր

 «Որովհետեւ Աստուած ա’յնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ»

(ՅՈՎՀ. 3.16):

Մարդիկ զանազան առիթներով իրարու նուէրներ կու տան եւ իրարմէ նուէրներ կը ստանան: Յատկապէս, սակայն, Ս. Ծննդեան եղանակը յատկանշուած է նուէր տալու եւ նուէր ստանալու սովորութեամբ: Նուէր տալն ու ստանալը  գոհունակութիւն կը պատճառեն երբ անոնք կուգան սիրալիր եւ բարեացակամ անձերէ, ոչ թէ շահադիտական նկատումներէ կամ պարտք մը վճարելու զգացումներէ մղուած մարդոցմէ:

      Յաճախ կը հարցուի, թէ ի՞նչ տեսակ նուէրներ աւելի գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն կը պատճառեն գիտակից եւ բանիմաց մարդոց: Ընդհանրապէս այն տեսակ նուէրները որոնք անձնական են—իրեր, որոնք մասնաւոր կերպով շինուած, սարքուած կամ ծախու առնուած են այն անձերուն, որոնց նուէրը կը տրուի: Կամ այն տեսակի նուէրներ, որոնք կարիք մը կամ պէտք մը կը գոհացնեն նուէրը ստացողին համար: Կամ այնպիսի նուէրներ, որոնք օգտակար են, աւելի կը նպաստեն եւ կը դիւրացնեն նպաստընկալին կեանքը:

      Քսան դարեր առաջ, Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան Օրը Աստուած մարդկութեան տուաւ իր մեծագոյն նուէրը, Իր Միածին Որդին: Ինչպէ՞ս կարելի է փոխադարձել Աստուծոյ այս աննման Պարգեւին: Առ ի երախտագիտութիւն, Ծնունդի առթիւ ի՞նչ կրնանք տալ Աստուծոյ: Այս հարցումին պատասխանը Յիսուս կուտայ Յովհաննու Աւետարանի 17 գլխուն 24րդ համարին մէջ ըսելով, «Հայր, անոնք որոնք ինծի տուիր՝ կ’ուզեմ որ ինծի հետ ըլլան՝ ուր որ ըլլամ, որպէս զի տեսնեն իմ փառքս, այն փառքը, որ ինծի տուիր, որովհետեւ զիս սիրեցիր աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ»:

      Այլ խօսքով, Յիսուսի Ծննդեան տարեդարձին առթիւ, մեր նուիրելիք լաւագոյն պարգեւը իրեն հետ ըլլալն է, մեր կեանքերը իրեն ընծայելն է: Ծնունդի առթիւ երբ մեր սիրելիները մեզի հարցնեն, թէ ի’նչ նուէր կ’ուզենք, մեզմէ շատերուն պատասխանը յաճախ հետեւեալը կ’ըլլայ, «Քեզի հետ ըլլալը լաւագոյն նուէրն է»: Քրիստոսի բաղձանքն ալ այն է, որ մենք իրեն հետ եւ իրենը ըլլանք:

      Արդարեւ, Յիսուս Քրիստոսի աշխարհ գալուն նպատակն ու առաքելութիւնը այն էր, որ իրմէ եւ Աստուծմէ հեռու չմնանք մեր մեղքերուն պատճառով: Ան իր երկնային փառքը ձգելով աշխարհ եկաւ, մեզի համար հալածուեցաւ, չարչարուեցաւ եւ խաչուեցաւ, որպէս զի մեզ Աստուծոյ հետ հաշտեցնէ: Եզակի եւ չնաշխարհիկ պարգեւ մըն է ասիկա, որ մարդկային չափանիշներով կարելի չէ գնահատել:

      Արդ, այս Ծնունդին, լաւագոյն նուէրը, որ կրնանք ընծայել Աստուծոյ եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի մեր կեանքն է—մեր ժամանակէն, մեր ձիրքերէն, տաղանդներէն, ունեցածէն մեր լաւագոյնը ընծայել իրեն: Իր անունով եւ Իր փառքին համար օգնութեան ձեռք կարկառել մեր նմաններուն, մեր հայրենաբնակ ազգակիցներուն, որոնք կարիք ունին մեր սիրոյն եւ կարեկցութեան: Ան մեզի պիտի ըսէ, «Որովհետեւ այս իմ եղբայրներուս ամենէն պզտիկներէն մէկուն ըրիք, ինծի ըրիք» (Մատթ. 25.40): Իսկ երբ մեր կեանքերը կը նուիրենք Անոր այն ատեն ինքնաբերաբար կը ծառայենք մեր նմաններուն, կը կարեկցինք զրկուածներուն կը խնամենք որբերը, կը կերակրենք անօթիները եւ կ’օգնենք մարդոց որպէս զի անոնք յոյս եւ նոր կեանք գտնեն Քրիստոսով:

      Ս. Ծննդեան այս եղանակին, անգամ մը եւս տագնապի մէջ է մեր ժողովուրդը Հայաստանի, Արցախի եւ Միջին Արեւելքի մէջ: Յատկապէս, Լիբանանահայ մեր գաղութը մատնուած է տնտեսական խիստ մտահոգիչ կացութեան մը: Եթէ իրօք մենք մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն «պահապանն» ենք, անհրաժեշտ է որ մեր օգնութեան ձեռքը երկարենք իրենց:

      Ս. Ծնունդի առթիւ Աստուած Իր ամենամեծ Պարգեւը տուաւ մեզի, արդեօք մենք ի՞նչ կու տանք Իրեն եւ մեր եղբայրներունու քոյրերուն:

     Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ.

     Օրհնեալ է յայտնութիւնը Քրիստոսի:

                                          Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան, Գործադիր Տնօրէն
                                            Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ