Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաստան Սփիւռք Հեռանկարներ. Ո՞ւր Ենք, Ո՞ւր Պիտի Ըլլայինք եւ Ո՞ւր Կ՛երթանք

Հայաստանի անկախութենէն ի վեր, Հայաստանի պետութիւնը սփիւռքահային նկատեց օտարերկրացի եւ ոչ Հայ : Ուստի Հայ չնկատուեցան 7-8 միլիոն սփիւռքահայութիւնը որպէս հայութեան հիմնական մասնիկը, այլ ոչ հարազատ տարր , որ կը շարունակուի մինչեւ օրս: Հայաստանի պետութիւնը Հայ կը նկատէ միայն Հայաստանի հողի վրայ ծնած եւ ապրողները որ հիմնականօրէն սխալ է :

Ի՞նչ իմաստ ունի “ Հայաստան բոլոր հայերու հայրենիքն է “ կամ  “ Աշխարհի վրայ 10-11 միլիոն Հայ կ՝ապրի “արտայայտութիւնը երբ Հայաստան չ՝ապրող հայերու ոչ մի իրաւասութիւն չի տրուիր պետական պաշտօններու մէջ , կամ ազգային հիմնարար որոշումներու մասնակից դառնալու։

Սփիւռքահայը ի՞նչ կարգավիճակ ունի Հայաստանի Հայի կամ պետական կառոյցի համար: Երեսուն տարիէ Հայաստանի վարչակարգը, հակառակ տարբեր Հայաստան-Սփիւռք համաժողովներու, սփիւռքահայերու ներկայացուցչական օրինական պաշտօն չտրամադրեց։

Անտրամաբանական եւ ոչ ողջամիտ անձի խօսք է երբ Հայաստանի ներկայ օրէնքներով “Եկէք ձեր հայրենիքը“ կ՛ըսուի։ Սփիւռքահայուն “Իր հայրենիքի“ համապատասխան օրէնքներ չկան Հայաստանի մէջ: :
Անհրաժեշտ է սփիւռքահայերու համար.

  1. հաստատել ազգային ժողովի զուգահեռ 50-60 սփիւռքահայերէ բաղկացած ներկայացուցչական պալատ , որոնք մասնակից դառնան խորհրդարանի գործունէութեան,
  2. Այս ներկայացուցչական պալատի միջոցով նախարարութիւններու մէջ սփիւռքի գործօն ներկայացուցիչներ տեղադրուին,
  3. Սոյն պալատի եւ նախարարութիւններու միջոցով ուսումնասիրուին այն մարզերը  որ սփիւռքը իր ներուժը պիտի տրամադրէ Հայաստանի վերելքի ապահովութեան, ինքնաբաւ գոյատեւման , արդի ռազմականացման եւ հայրենատիրութեան։ Հայաստանի անցեալ 30 տարիներու վարչակարգերը ձախողած են եւ ներկայիս կը շարունակեն ձախողիլ , սփիւռքի կարողականութիւնն ու ներուժը Հայաստանի հցօրացման ամրապնդման եւ բարօրութեան տրամադրելու գործընթացի մէջ։ Հայաստան դժբախտաբար շարունակեց իր ոչ արդիւնաւէտ , սխալ եւ ինքնագլուխ գործունութեան մէջ ։ Հայաստան պէտք է համահայկականօրէն կառավարուի եւ համահայկական նպատակներ իրագործելու ուղղութիւն ունենայ: Անցեալ եւ ներկայ վարչակարգերու գործունէութիւններէն դժբախտաբար այդ գործնական  ընթացքը չտեսանք, հակառակ շռայլ խոստումներու։ Ժամանակն է որ Հայաստան համահայկական հեռանկարի օրէնքներ հաստատուին, որպէսզի սփիւռքահայը հարազատութիւն զգալով իր հայրենիքի հանդէպ հոն հաստատուի կամ իր ներուժը տրամադրէ հայրենիքին , “ Հայաստան բոլոր Հայերու հայրենիքն է “ սկզբունքի վրայ հիմնուած։ Երկու Արցախեան պատերազմներու հողային, նիւթական եւ մարդկային կորուստները հաւանաբար չէին իրականանար եթէ սփիւռքի ներկայացուցիչներ ըլլային Հայաստանի ազգային ժողովի մէջ ։Արցախ թիզ  մը հող չէր կորսնցներ, Հայաստանի եւ Արցախի բնակչութիւնը կ՝ աւելնար ,երկիրը տնտեսական, գիտական, գիւղատնտեսական, ստեղծագործական եւ արդիւնաբերական թռիչք կ՝ ունենար , նաեւ ապիկար ու անկարող անձիք պետական գլխաւոր պաշտօններ չէին կրնար գրաւել։ Հայաստանի պետութիւնն ու բնակչութիւնը հոգեմտաւոր բարեփոխումի պիտի ենթարկուի եւ ազգային գաղափարախօսութեամբ համահայկական վարչակարգի օրէնքներ հաստատէ Հայաստանի մէջ որպէս զի  սփիւռքահայն ու հայաստանաբնակ Հայը հարազատ զգան եւ հայրենատրութեան եւ երկրի բարգաւաճման նոյն ոգեւորութեամբ, թափով գործեն ու նուիրուին ։Ներկայ օրէնքներով սփիւռքահայը ոչ հարազատ տարր է իր “ Հայրենիքին “ մէջ ։Իրաւասութիւն չէ տրուած էական հարցերու եւ որոշումներու մասնակցելու ….” Եկէք երկիրը զարգացուցէք  կամ ներդրում ըրէք “ արտայայտութիւնը ընելէ առաջ սփիւռքահայը պիտի արժեւորուի, գնահատուի եւ Հայաստանի օրէնքները  իրեն պիտի յարմարեցուին  որպէս Հայ: Անցեալին եւ ներկայիս  Հայաստանի իշխանութիւնները իրենց ստեղծած օրէնքներով անտեսեցին եւ արհամարհեցին սփիւռքահայութիւնը եւ պետական կառուցակարգին մասնակից չդարձուցին։ Արդարացում չկայ նման “հաւնոցային“  մտածելակերպի եւ աթոռապաշտութեան,  որուն հետեւանքով Հայաստան մնաց թոյլ , տկար, անկազմակերպ եւ համազգային ներուժը չ՝ օգտագործած ՝  պարտուեցաւ եւ նուաստացաւ… Եթէ 30 տարի սփիւռքը իր մասնակցութիւնը բերած ըլլար իր ներկայացուցիչներով  ազգային ժողովի եւ նախարարութիւններու մէջ , ո ՜ չ քառօրեայ եւ ո ՜ չ ալ 44 օրեայ պատերազմը կը պատահէր: Եթէ Հայաստանն ու իր վարչակարգը սփիւռքահայը չարժեւորէ եւ գործօն մասնակից չդարձնէ ազգային որոշումներուն , հիասթափեցնելով կը հեռացնէ զայն եւ կը կորսնցնէ  Հայ ազգի 50% -է աւելի ներուժը եւ որպէս հետեւանք  ոտնակոխ կը դառնայ Թուրք – Ազերի  ասպատակութեան: Հայաստան պէտք է հրաժարի իր “ հաւնոցային” մտածելակերպէն եւ աշխարհատարած սփիւռքահայը նկատէ իր մասնիկը եւ քաղաքացիութիւն շնորհելով անոր ներգրաւէ ազգակերտման եւ հայրենատիրութեան գործունութեան մէջ ։ Ներկայիս Հայրենիքի 7/10-ը բռնագրաւուած է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ, չիրագործուած Վիլսոնեան իրաւարար վճռի տարածքը ,Կարսի պայմանագրով եւ Նոյեմբեր 9/2020-ի յայտարարութեամբ բռնատիրուած հայրենի հողերը(Վանէն, Կարինէն,Տրապիզոնէն,Նախիջեւանէն,Էրզրումէն մինչեւ Շուշի եւ 7 շրջանները): Ազգահաւաք, համախմբութիւն ու համագործակցութիւն պիտի ըլլայ Հայուն օրակարգը: Սփիւռքի մէջ միացեալ խորհուրդ կազմելը անհրաժեշտ չէ այս նպատակը իրագործելու համար: Հայութեան ապագայ յաջողութիւնը մէկ էական սկզբունքի վրայ պիտի հիմնուի, որ սփիւռքահայն ու հայաստանահայը նոյն իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները ունին հայութեան եւ հայրենիքի հանդէպ:
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ