Տօնական օրերուն սննդային թունաւորումներէն զերծ մնալու համար, մասնագէտները կը յանձնարարեն.
- Նախաճաշ, ճաշ կամ ընթրիք պատրաստելէն առաջ եւ ընթացքին յաճախ լուալ ձեռքերը, յատկապէս, եթէ գործ ունիք հում ուտելիքի հետ, մասնաւորապէս` հում միսի: Պէտք է մաքուր պահել մակերեսները եւ խոհանոցային ապրանքները, որոնք կ՛օգտագործուին պատրաստութեան ժամանակ:
- Հում միսը, թռչնամիսը եւ ծովային ուտելիքները պէտք է զատել այլ ուտելիքներէն: Եթէ կ՛աշխատիք հում ուտելիքի հետ, անհրաժեշտ է օգտագործել առանձին ապրանքներ եւ պիտոյքներ, օրինակ` դանակներ, մասնատումի տախտակներ եւ այլն:
- Պէտք է ուշադիր ըլլալ, որ գնումներու ժամանակ հում միսը, թռչնամիսը եւ ծովային ուտելիքը առանձին դրուին եւ չխառնուին այլ ուտելիքներու հետ: Սառնարանին մէջ հում եւ պատրաստ վիճակի մէջ եղող ուտելիքներու շփումը կանխելու համար, պէտք է զանոնք պահել փակ զետեղարաններու մէջ:
- Ուտելիք պատրաստելու ժամանակ, պէտք է զայն ենթարկել մանրազնին ջերմային մշակումի: Նշենք, որ վնասակար մանրէները կ՛ոչնչանան 70˚С-էն սկսած: Պայման է միշտ հետեւիլ, որ կերակուրը լաւ եփած կամ տապկուած ըլլայ:
Անհրաժեշտ է գիտնալը.
- Պատրաստ վիճակի մէջ եղող ուտելիքը կարելի չէ սենեկային ջերմաստիճանի մէջ պահել 2 ժամէն աւելի: Արագ փճացող եւ պատրաստ վիճակի մէջ եղող բոլոր ուտելիքները պէտք է պահել սառնարանին մէջ 72 ժամէն ոչ աւելի, իսկ մսային աղցանները եւ կերակուրի տեսակները` ոչ աւելի, քան 48 ժամ:
- Չի յանձնարարուիր կերակուրը տաքցնել մէկ անգամէն աւելի: Սառած ուտելիքը պէտք է հալեցնել սառնարանային պայմաններու մէջ:
- Ուտելիքը գնելու ժամանակ անհրաժեշտ է ուշադրութիւն դարձնել պահպանումի պայմաններուն եւ պիտանիութեան ժամկէտին՝ յատկապէս շուտ փճացող ուտելիքի պարագային:
- Կը յանձնարարուի ընտրել թարմ, չվնասուած ուտելիք: Նախապատւութիւնը տալ անվտանգութեան առումով որոշ մշակում անցած՝ գործարանային ուտելիքին, օրինակ՝ «փասթերացուած» կաթ եւ այլն:
- Պտուղները եւ բանջարեղէնները օգտագործելէն առաջ պէտք է մանրազնին լուալ` խմելու, մաքուր, հոսող ջուրով:
Ի դէպ`
- Կարելի չէ օգտագործել ժամկէտը անցած ուտելիքներ:
- Անհրաժեշտ է խուսափիլ տնային պայմաններու մէջ պատրաստուած պահածոներ օգտագործելէն, իսկ օգտագործելու պարագային` եռացնել 15-20 վայրկեան:
- Չի յանձնարարուիր գնել եւ ուտելիքի մէջ օգտագործել անյայտ ծագումով, չստուգուած սունկեր: Սունկը անհրաժեշտ է գնել միայն շուկայէն եւ խանութներէն` համապատասխան իրաւասու մարմնի կողմէ տրուած փաստաթուղթի առկայութեան պարագային:
- Եթէ վատ կը զգաք, յատկապէս, եթէ առկայ է սիրտ խառնուք, ցաւ որովայնի շրջանին մէջ, մարսողութեան խանգարում եւ այլն, պէտք է զերծ մնալ ընտանիքի եւ հիւրերու համար ուտելիք պատրաստելէն։