Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2024

Շաբաթաթերթ

Ի Յուշ Սիրեցեալ Եղբօրս Տքթ. Յարութիւն Արզումանեանի

(1935-2021)

   Ցաւատանջ սրտով գրի կ՛առնեմ սոյն տողերը երբ լսեցի  Դեկեմբեր 26-ի երեկոյեան կրտսեր եղբօրս Տքթ. Յարութիւն Արզումանեանի շիջման մասին։ Տկար էր եւ հետզհետէ նշանները լաւ չէին հակառակ մեր աղօթքներուն եւ լաւատեսութեան։ Քոյրս եւ ապա իր տիկինը Սիման յաջորդաբար արցունքոտ աչքերով հաղորդեցին գոյժը որ թէեւ անակնկալ   մը չէր եւ սակայն անդարմանելի կորուստ մը մեր ընտանիքին, իր ազնուահոգի տիկնոջ  Սիմային, երեք բարձրագոյն ուսմամբ օժտուած իր նման մասնագէտ երեք զաւակներուն՝    Տքթ. Զաւէնին, Անահիտին, Տքթ.Երուանդին, եւ եօթ սիրասուն թոռներուն։

   Յարութիւնին եւ Սիմային կեանքը մէկ բառով  կրնամ  յատկանշել –գերազանցութիւն ամէն մարզի մէջ, մասնագիտական, ազգային, հասարակական, մշակութային եւ անոնց պսակը եղող ընտանեկան բնագաւառներէն ներս։ Համեստութեան պատմուճանը ուսին, անձայն եւ լրջախոհ առաքինութիւններով զինուած բժիշկ Յարութիւն Արզումանեան եղաւ հիմնադիր անդամ Գանատահայ կրթական եւ մշակութային ոլորտներէն ներս՝ «Ապագայ» շաբաթաթերթի, Գանատահայ եկեղեցական Թեմի, եւ մասնաւորաբար Թէքէեան Մշակութային  Միութեան  որուն  նախագահութիւնը  վարեց  երկար տարիներ լուռ ու մունջ։

   Ներքին հիւանդութեանց եւ Nuclear Medicine-ի մասնագիտութիւններով զինուած, Տքթ. Յարութիւն Մոնթրէալի մեծագոյն հիւանդանոցի գլխաւոր բժիշկներէն մին եղաւ, միանգամայն դասախօսելով McGill համալսարանի բժշկական ուսանողներուն։ Առիթով      մը փափաքեցայ իր գրասենեակը այցելել ուր հանդիպեցայ նոյն բաժնի բժշկապետ Րոզընթոլին, երկուքը, մին հրեայ եւ միւսը հայ,  միասին կը վարէին հիւանդանոցին այդ արդիական բաժնի հիւանդներուն բժշկութիւնը։

   Յարութիւն փայլեցաւ իր համեստութեամբ որ եղաւ նաեւ իր իսկական բարձրութիւնը։ Պէտք չունէր նկարներուն մէջ երեւնալու եւ կամ յառաջադէմ դիրքերով ցուցադրուելու։ Անոնք իր նկարագրին դէմ էին։ Բարձրացաւ միշտ խոնարհելով, մանաւանդ երբ որպէս երախաներ միասին հասակ կ՛առնէինք Գահիրէի մէջ միշտ լաւագոյն ու յառաջադէմ ուսանող  կը ճանչցուէր վարժարանի տնօրինութեան կողմէ։ Գիտական ակադեմական առաջին աստիճանը ստացաւ Գահիրէի Ամերիկեան Համալսարանէն եւ ապա Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն ընդունուելով դարձաւ բժիշկ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի կրթաթոշակով, տարեշրջան մը գիտութիւն ուսուցանելէ ետք Կիպրոսի Մելգոնեան Հաստատութենէն ներս։

    Մօտ քսանամեակ մը առաջ Մոնթրէալ այցի գացած էինք հանգուցեալ մօրս հետ։ Ըսին թէ այսինչ երեկոյ Թէքէեան Մշակութային Կեդրոնին մէջ անդամներէն ոմանք գնահատանքի կրծքանշաններ պիտի ստանային պաշտօնական հանդիսութեամբ։։  Նշանները տրուեցան եւ սակայն Տքթ. Յարութիւնին անունը չլսուեցաւ մինչեւ վերջին անունը  երբ Դոկտոր Արշաւիր Կէօնճեան, հանդիսութեան վարիչը, ի զարմացումն բոլորիս բարձրաձայնեց որ Թէքէեան Մշակութային Կեդրոնի հանդիսասրահը պիտի կոչուէր «Յարութիւն եւ Սիմա Հանդիսասրահ» ցոյց տալով պռոնզեայ անուանակիր շրջանակը որ սրահի մուտքին աքուցուեցաւ յաջորդ օրն իսկ։ Հոս արդէն վարչութեան անդամները համեստութեան եւ նուիրումի գնահատանքը պատուաւոր կերպով յայտնեցին իրենց  ընկերոջ եւ ընկերուհիին։

   Ներքին հպարտութիւն մը ունէր երբ երեք զաւակներուն մասին կը խօսէինք։ Ինձ համար բացառիկ երջանկութիւն մը եղած է միշտ տեսնելով զիրենք իրենց ակադեմական բարձրութեան վրայ։ Դոկտոր Զաւէնը այսօր յայտնի գիտնականներէն մին է Ամերիկեան NASA աստղագիտական կալուածէն ներս։ Անահիտը Proctor and Gamble առեւտրական ընկերութեան Եւրոպական բաժնի վարիչներէն մին եղաւ, եւ բժիշկ Երուանդը հօրը մասնագիտութեամբ Brockville քաղաքի հիւանդանոցէն ներս բժիշկներուն մաս կը կազմէ։ Երեքն ալ ամուսնացած են եւ իրենց ծնողաց ընծայած եօթ սիրասուն եւ տաղադաւոր թոռներ։ Պատուաբեր ընտանիք։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։

Սրտագին ցաւակցութիւններով՝

          Տէր Զաւէն Ա Քհնյ եւ Երէցկին Ճոյս Արզումանեան
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ