Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ

Աւետի՜ս:

Քրիստոսի ծննդեան աւետիսը յոյս, լաւատեսութիւն եւ արարման խորհուրդ կը կրէ: Աստուծոյ որդին աշխարհ եկաւ, որպէսզի մեր կեանքը փոխէ եւ ամէնէն լաւ հունի մէջ դնէ:

Քրիստոսի ծննդեան խորհուրդը իր մէջ կը կրէ նաեւ ընտանեկան, աւանդական հայկական տաք ու ջերմ օճախի յիշողութիւնը։  Անկախ անկէ թէ ո՛ւր կ’ապրինք, աշխարհի ո՛ր մասը կ’ապրինք, եւ Կաղանդը ինչպէ՛ս կը տօնենք, մեզմէ շատեր Սուրբ ծնունդը մեր աւանդական սովորութիւններով կը տօնեն: Մեր սիրտերը կը տոգորուին այս տօնի հաղորդած սիրոյ եւ ջերմութեան զգացողութեամբ: Ընտանիքի բոլոր անդամներով կը փորձենք հաւաքուիլ մէկ օճախի շուրջ, որովհետեւ հայ քրիստոնեայի ամէնէն ջերմ ու բարի տօներէն մէկը կը նշենք։

Քրիստոսի ծնունդով թող ջերմութիւն , սէր, հաւատք, բարութիւն, առատութիւն, յոյս, բարեկեցութիւն, արեւշատութիւն եւ խաղաղութիւն տիրէ մեր ընտանիքներուն մէջ։ Բարգաւաճին եւ ծաղկին հայկական բոլոր օճախները։ Բազմանան ու միշտ հայութեամբ բաբախեն մեր համայնքները։ Ապաքինուին հիւանդները, բազում զաւակներ ծնին հայ ընտանիքներու մէջ։

Սէ՜ր, համերաշխութի՜ւն, Լիութի՜ւն եւ Խաղաղութիւն բոլորիս։

Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ

Ձեզի եւ Մեզի Մեծ Աւետի՜ս․․․․

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ