Կիրակի, Հոկտեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

Կարգ Մը Ընկերութիւններ Շահ Կ՛Ապահովեն Քորոնա Ժահրին Շնորհիւ

Քորոնա ժահրային համավարակի պատճառով «լոքտաուն»ները մեծ ազդեցութիւն ունեցան «պիզնես»ներու վրայ ամբողջ աշխարհի մէջ: Այնուամենայնիւ, ոչ բոլոր ոլորտները տուժեցին: Այնպիսի ոլոտներ, ինչպէս՝ զբօսաշրջութիւնը եւ օդագնացութիւնը, անկասկած, մեծապէս վնասուեցան համավարակի պատճառով, սակայն կային նաեւ այնպիսի ոլորտներ, որոնք բաւական ծաղկեցան, ինչպէս՝ առցանց առեւտուրը եւ սնունդի առաքումը:

Քորոնա ժահրէն «շահեցան» այնպիսի ընկերութիւններ, ինչպէս՝ Amazon-ը, Apple-ը, Google-ը, Facebook-ը եւ Microsoft-ը: «Լոքտաուն»ները յանգեցուցին առցանց առեւտուրի, հեռավար աշխատանքի, առցանց հաղորդակցութեան պահանջքի աճին, եւ այս բոլորը, ինչպէս կը սպասուէր, ընդլայնեցին համակարգիչներու եւ «կատճեթ»ներու, անհրաժեշտ ծրագրային ապահովման, առցանց գովազդի… պահանջքը:

Մասնագէտներու համաձայն՝ այս հինգ ընկերութիւններու ընդհանուր եկամուտը 2021 թուականի առաջին եռամսեակին աճած է 40 առ հարիւրով եւ կազմած՝ թրիլիոն տոլարի մէկ երրորդը, իսկ շահը կրկնապատկուած է՝ հասնելով 75 միլիառի։

Կը կարծուէր, որ դեղագործական ընկերութիւնները նոյնպէս պէտք է հսկայական շահ ապահովէին համավարակի պայմաններուն մէջ, սակայն ամէն բան այդքան ալ պարզ չէ։

Հակառակ անոր որ մարդիկ դիմակներ, ձեռնոցներ եւ «հակասեփթիք»ներ կը գնէին, շատ դեղերու եւ այլ սարքերու պահանջքը նուազեցաւ: Աւելին, համավարակը լուրջ վնաս հասցուց այլ հիւանդութիւններու ախտորոշման եւ բուժման, որովհետեւ մարդիկ, վախնալով վարակուելէն, կը փորձէին չդիմել բժիշկի։

Օրինակ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեղագործական հսկաները Merck եւ Bristol Myers Squibb-ը յայտնած են, որ «օնքոլոճիքըլ» հիւանդութիւններու սուղ դեղերու վաճառքը զգալիօրէն կրճատուած է համավարակի ընթացքին: Amgen ընկերութիւնը «արթրիտ»ի դէմ աւելի քիչ դեղեր սկսած է վաճառել, մինչդեռ բրիտանական Reckitt Benckiser-ը ունեցած է կոկորդի ցաւի դէմ Strepsils «շաքար»ներու պահանջքի բացակայութիւն, որովհետեւ մարդոց միջեւ հեռաւորութիւն պահելը նուազեցուցած է «կրիփ»ի դէպքերը գրեթէ 90 առ հարիւրով:

Ինչպէ՞ս համավարակը ազդած է քորոնա ժահրին դէմ պատուաստներ արտադրողներու վրայ: Այնպէս կը կարծուէր, որ այդ ընկերութիւնները պէտք է հարստանային։ Իրականութեան մէջ զարգացած երկիրներու մէջ հաստատուած եւ մեծ քանակութեամբ ձեռք բերուած չորս պատուաստներէն միայն երկուքը իրենց պատրաստողներուն մեծ շահ ապահոված են: Ամերիկեան Johnson & Johnson-ը եւ շուէտ-բրիտանական AstraZeneca-ն պարտաւորուած են վաճառելու իրենց պատուաստները ինքնարժէքով եւ «չհարստանալ» ատոնց հաշւոյն, հետեւաբար զգալի շահ չեն ունեցած։

Սակայն Pfizer-ի եւ Moderna-ի պատրաստողները նման պարտաւորութիւններ չեն ստանձնած։ Անոնց պատուաստի երկու չափաբաժինը կ՛արժէ մօտաւորապէս 30 տոլար, մինչդեռ AstraZeneca-ի կրկնակի պատուաստը եւ Johnson & Johnson-ի մէկ պատուաստը հասանելի են երեք անգամ աւելի սուղ գինով:

Յայտնի գործարար Նուպար Աֆէեանի հիմնադրած Moderna-ն իր 11-ամեայ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով շահ ապահոված Է՝ առաջին եռամսեակին վաճառելով 1.7 միլիառ տոլարի պատուաստ: Pfizer-ը կրկնակի քանակով պատուաստ վաճառած է։

Afhil.com
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ