Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Մարդո՞ւն թէ Աստուծո՞յ Թագաւորութիւնը

Դոկտ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«Ժամանակը լրացած է եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտեցած է. ապաշխարհեցէք ու աւետարանին հաւատացէք» (Մարկոս 1:15)

«Հարստահարութեան մի յուսաք

Յափշտակութեան վրայ փուճ յոյս մի դնէք

Հարստութիւնը եթէ շատնայ

Սրտերնիդ թող չվստահի անոր» (Սաղմոս 62:10)

«Նոյնպէս ալ Քրիստոս մէկ անգամ պատարագ մատուցուեցաւ՝ շատերուն մեղքերը վերցնելու համար, բայց երկրորդ անգամին առանց մեղքի պիտի յայտնուի փրկութեան համար անոնց՝ որոնք անոր կը սպասեն» (Թուղթ առ Եբրայեցիս 9:28 )

Աստուածաշունչի Մարկոսի Աւետարանը  կը ներկայացնէ քրիստոնեային կեանքը, որ կը պարփակէ չարչարանք՝ յար եւ նման Քրիստոսի, երբ ան խաչին վրայ տանջուեցաւ եւ մահացաւ։ Մարկոս աւետարանիչ այս իմաստով կը կամրջէ քրիստոնեային կեանքը Քրիստոսի աշխարհի վրայ ապրած իրականութեան հետ։ Վեր առնենք Մարկոս աւետարանիչին պատմական ենթահողը աւելի լաւ ընկալելու իր աւետարանին միտք բանին։

Մարկոս աւետարանիչ կը խօսէր քրիստոնեայ հաւաքականութեան, որ կ՚ապրէր Հռոմի Ներոն կայսրի օրերուն։ Պատմութեան տուեալները ցոյց կուտան, թէ ինչպէս Ներոն չարչարանքի ենթարկեց քրիստոնեաները իր իշխանութեան օրերուն։ Մարկոս աւետարանիչ եթէ մէկ կողմէ կը ներկայացնէ քրիստոնեային չարչարանքի կեանքը, բայց նաեւ կը քաջալերէ քրիստոնեան տոկալու եւ դիմադրելու համար այդ դժուար ժամանակը։

Ան Քրիստոսի չարչարանք-քաջալերանք իրականութիւնը կը զարգացնէ եւ որ կը յատկանշուի որպէս «սպասաւոր-Մեսիա»։ Քրիստոս աշխարհ եկաւ ոչ թէ «սպասաւորութիւն ընդունելու՝ այլ ընելու» (Մատթէոս 20:28)։ Քրիստոսի սպասաւորութիւնը մարդկութեան եւ աշխարհին համար է։ Կերտել կեանք մը ի սպաս մարդկութեան եւ աշխարհին,  որ լաւ է ու բարի։ Նաեւ շնորհել մարդուն կեանք մը, որ կու գայ Քրիստոս-Մեսիայէն, որ կը բնորոշուի որպէս թագաւորութիւն, որ ժամանակաւոր չէ։ Այլ կ՚անցնի ժամանակի եւ պատմութեան սահմանները եւ կը մնայ տոկուն, պիտանի եւ յաւիտեան։ Այս կը շնորհէ մարդուն արժէքի գիտակցութեամբ լեցուն կեանք մը, որ կը քաջալերէ զինք ապրելու նոյնիսկ երբ դժուար են պայմանները եւ կը տանի անձը յաւիտենականութեան։

Մարկոս աւետարանիչ կը ներկայացնէ այս ճամբան, որ Քրիստոս մեկնարկեց եւ ուր պիտի ամբողջացնէր եւ նաեւ կերտէր Աստուծոյ շնորհած այս կեանքի թագաւորութիւնը։

Այսպէս։

«Յովհաննէսին մատնուելէն յետոյ» (Մարկոս 1:14)։ Մատնուիլը արդէն կը բնորոշէ չարչարանք։ Մատնուելով ու տակաւին ձերբակալուելով եւ բանտը նետուելով Քրիստոս իր վրայ առաւ Յովհաննէս Մկրտիչին չարչարանքը։

Կայ նաեւ աշխարհագրական տուեալը, որ նոյնքան իրական է. «Յիսուս Գալիլիա գալով» (Մարկոս 1:14)։ Գալիլիան Քրիստոսի քաղաքն էր եւ որ նաեւ դարձաւ իր առաքելութեան կեդրոնը։ Աշխարհագրական տուեալը յատկանշական է այս իմաստով, որ Քրիստոս իր թագաւորութեան հիմքը դրաւ հողին՝ երկրին վրայ։ Հողին հետ առընչուիլը ցոյց կուտայ Քրիստոսի շնորհած թագաւորութեան իրականութիւնը։

Քրիստոս իր թագաւորութիւնը սկսաւ «քարոզելով» (Մարկոս 1:14)։ Քարոզելը ներգործական բայ է, որ կը նշանակէ հռչակել, աւետարանել, տարածել, «խօսքով ու գիրով որեւէ գաղափարաբանութիւն՝ հաւատք եւ այլն տարածել» (Հայոց լեզուի նոր բառարան, Պէյրութ)։ Այս իմաստով եթէ քարոզելու մէջ կայ տարածել բայց կայ նաեւ գաղափարաբանութեան հասկացողութիւնը։ Այս պարագային Քրիստոսի թագաւորութեան գաղափարաբանութիւնը, որը նոր կեանքն է։ Հոն, ուր մարդ կը հաշտուի Աստուծոյ հետ եւ իր կեանքը կը վերաշինուի եւ կը վերատիրանայ Աստուծոյ պատկերին։ Այն պատկերը որ Բարի է։ Աստուծոյ հիմնած թագաւորութեան հիմքը սկսաւ աշխարհին մէջ բայց հոն չի մնաց։

Կայ երկրային թագաւորութիւնը։ Աշխարհին համար ստեղծեց Իր՝ Աստուծոյ, թագաւորութիւնը։ Այս թագաւորութեան ազդանշանը տուաւ, երբ Քրիստոս կանչեց իր առաջին աշակերտներէն Սիմոնը եւ եղբայրը Անդրէասը ըսելով. «իմ ետեւէս եկէք» (Մարկոս 1:17)։ Ու տակաւին յառաջ երթալով տեսաւ Զեբեթեան Յակոբոսը եւ եղբայրը Յովհաննէս եւ «զանոնք ալ կանչեց» (Մարկոս 1:20)։ Քրիստոս կանչեց աշակերտները, փոխեց-վերաշինեց այս աշակերտները, եւ անոնց տուաւ կարեւոր առաքելութիւն մը. «ձեզ մարդոց որսորդ պիտի ընեմ» (Մարկոս 1:17)։

Անոնք՝ աշակերտները, կերտեցին Աստուծոյ թագաւորութիւնը աշխարհի վրայ։ «Մարդոց որսորդ» հասկացողութիւնը պիտի հասկնալ այս ենթահողին մէջէն։ Թէ Քրիստոս փոխեց աշակերտները, որոնք փոխեցին աշխարհը։ Քրիստոս իր մահուամբ եւ յարութեամբ հիմը դրաւ Աստուծոյ թագաւորութեան։ Աստուծոյ թագաւորութիւնը նոր կեանքն է, որ Քրիստոս շնորհեց բոլոր մարդկութեան։ Եկեղեցի բացատրութիւնը իր ընդհանրական հասկացողութեան մէջէն Աստուծոյ թագաւորութիւնն է աշխարհի վրայ, որուն առաքելութիւնն է դառնալ «մարդոց որսորդ» նոյն թագաւորութեան համար։

Կեանքի տարբեր ժամանակահատուածներուն մէջ կայ բախումը։ Բախումը մարդուն եւ Աստուծոյ թագաւորութիւններուն միջեւ։ Մարդկային արժէքները կը հարստահարուին, իրաւունքներ կը յափշտակուին եւ ապօրինի հարստութիւններ կը դիզուին։ Մարդը կը շարունակէ «վստահիլ իր սրտին կանչին» (Սաղմոս 62:10)։ Եթէ ակնարկ մը նետենք աշխարհի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային տարբեր ոլորտներուն, պիտի տեսնենք, թէ տակաւին առկայ է տագնապը, ճգնաժամերը, հիւանդութիւն, պատերազմ, անարդարութիւն ու տակաւին։ Աշխարհ կը շարունակէ մնալ անապահով։ Եւ մարդկութիւնը կը շարունակէ փնտռել բարօր, ապահով եւ խաղաղ կեանք։ Աշխարհ կը փորձէ իր արժէչափերը ստեղծել եւ հիմնաւորել ստեղծելու իր ապահովութիւնը այդ բոլորին մէջէն։

Ապահովութիւնը կարելի է ստեղծել եթէ նոյն մարդը կողմնորոշուի եւ ընէ ճիշդ ընտրութիւնը։

Իսկ ընտրութի՞ւնը։

Աստուծոյ թագաւորութիւնն է։ Հոն ուր մարդկութիւնը կը հաշտուի Աստուծոյ հետ եւ դարձեալ կը տիրանայ Աստուծոյ պատկերին։ Մարդը կը փոխուի, կը վերաշինուի եւ կը սկսի փոխել-վերաշինել իր շրջապատը, հաւաքականութիւնը, երկիրը։ Եւ նոյն մարդը կը սկսի ամրապնդել Աստուծոյ թագաւորութիւնը ու կը դառնայ «մարդու որսորդ», ստեղծելով Աստուծոյ թագաւորութիւնը իր անմիջական աշխարհագրական տեղին մէջ՝ իմմա Գալիլիա։ Իւրաքանչիւր մարդ կ՚ապրի ու կը գործէ իր Գալիլիային մէջ։ Եթէ աշխարհ մը պիտի ստեղծենք, ուր կայ բարօրութիւն եւ համակեցութիւն, անհրաժեշտ է, որ կերտենք իւրաքանչիւրս մեր Գալիլիանները։  

Երկնային թագաւորութիւնը կ՚երաշխաւորէ քրիստոնեային ապահովութիւնը։ Ապահովութիւնը ուր Աստուծոյ թագաւորութիւնը կ՚անցնի տուեալ աշխարհագրական երկրի ու հողի սահմանները։ Ու տակաւին կ՚անցնի բոլոր ժամանակահատուածները եւ կը դառնայ յաւիտեան։ Այս իրականացաւ Քրիստոսի մահուամբ եւ յարութեամբ։ Ան՝ Բարին, յաղթեց չարին՝ մեղքին, մահուան։ Եւ յաղթելով բարձրացաւ «ոչ թէ ձեռագործ սրբարան»՝ (Թուղթ Առ եբրայեցիս 9:24) իմմա մարդուն կողմէ եւ անոր միջոցաւ շինուած թագաւորութիւն մը։ Այլ գնաց «բուն երկինքը»՝ իմմա Աստուծոյ կողմէ շինուած եւ կերտուած թագաւորութիւնը։ Ան գնաց հոն «որպէսզի մեզի համար Աստուծոյ առջեւ ներկայանայ»  (Թուղթ Առ եբրայեցիս 9:24)։ Այս է Աստուծոյ թագաւորութեան շնորհած ապահովութիւնը։

Երկնային թագաւորութեան մէջ կայ նոյնպէս խոստումը։

Թէ Քրիստոս մէկ անգամ չարչարուեցաւ աշխարհի վրայ։ Մենք ալ իր թագաւորութեան անդամները կը չարչարուինք աշխարհի մէջ նոյն այս «մէկ անգամի» հասկացողութեան մէջէն։ Բայց կայ իրականութիւն մը, որ անսասան է եւ որ կարելի չէ փոխուի։ Թէ Քրիստոս երկրորդ անգամ առանց չարչարանքի պիտի յայտնուի. «փրկութեան համար անոնց որոնք անոր կը սպասեն» (Թուղթ Առ եբրայեցիս 9:28)։ Հոն չարչարանք չիկայ։ Այս է Աստուծոյ երկնային թագաւորութեան խոստումը։

Իսկ թէ ո՞վ են անոնք, որոնք «Անոր կը սպասեն»։

Ե՞ս, դո՞ւն, մե՞նք։ Հա՞յը։ Ու տակաւին աշխա՞րհ։

Զինք սպասող(ներ)ը անոնք են, որոնք կրնան ընել ճիշդ ընտրութիւնը։

Մարդո՞ւն թէ Աստուծո՞յ թագաւորութիւնը։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ