Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Ճիշդ Սերմը Պարարտ Հողի Մէջ Պտղատու Ծառ Կը Դառնայ

Երբ պտղատու ծառի սերմը պարարտ հողի մէջ կը տնկուի  եւ լաւ այգեպանի կողմէ կը մշակուի, ապագային առատ բերք տուող ծառ կը դառնայ։ Եթէ բզէզներն ու որդերը ծառը ուտելու սկսին, բայց հոգատար այգեպանը ճիշդ դեղերով եւ ճիշդ ձեւով ծառը խնամէ  եւ այդ պարագային ծառը կ’աճի եւ կը բարգաւաճի:  Երբ  ծառը թօշնի, ջուրի պէտք ունենայ, հոգատար այգեպանը զայն կը ջրէ եւ կը խնամէ։ Այսպիսի հոգատարութեամբ տնկուած եւ մեծցած ծառը ապագային բերք կու տայ, տաք օրերու շուքը կ’ապահովէ, եւ ի վերջոյ նոյնիսկ փայտ կու տայ, երբ կեանքը աւարտի։

Ճիշդ այս ձեւով ալ  մարմնապէս, հոգեպէս եւ բարոյապէս առողջ մարդ կը դառնայ այն  երեխան, որուն  պարարտ հողին մէջ կը մեծցնեն՝ հոգատար այգեպանին պէս, այսինքն բարոյապէս պարարտ միջավայրի մէջ կը մեծցնեն՝ հոգատար ծնողներու կողմէ։

Թեւաւոր խօսք մը կայ. երեխաները  կեանքի ծաղիկներն են։  Երեւի ճիշդ կ’ըլլայ այս խօսքը պնդել այն պարագային, երբ դեռ փոքրիկ  են։ Այդ ծաղիկները ապագային աճելով բերքատու ծառեր կը դառնան, կամ՝ մոլախոտեր, կամ ալ, ծայրայեղ պարագային, անպտուղ ծառեր , որոնք կը ծծեն հողի կենարար նիւթերը, կը խմեն հողի խոնաւութիւնը, կը զբաղեցնեն տարածքը. վնաս չեն տար, բայց օգուտ ալ չեն տար, նոյնիս չորնալէ ետք  իրենցմէ եկած փայտը չի վառուիր:

Երբ երեխաները սկիզբէն մեծցնենք ճիշդ արժեհամակարգով՝ առողջ միջավայրի մէջ, անոնց  ծնած օրէն իրենց մէջ  ներարկենք հայրենիքի, ազգի, ընտանիքի սէրը, առողջ գաղափարները, ապագային, մեծանալէ ետք, կ’ըլլան պիտանի երկրացիներ, քաղաքացիներ, հայրենասէր զաւակներ, ազգին ծառայող որդիներ։

Երեխաները իւրաքանչիւր սերունդի ժառանգն են։

Մեր հայրենիքին եւ ազգին պէտք են բարոյապէս առողջ, ամուր արժեհամակարգով հայորդիներ, ինքնակործան ընթացքը կանգնեցնելու համար ։

Սէրը՝ հայրենիքի հանդէպ, հայրենասիրութիւնը եւ քաջութիւնը մարդկային հիմնարար այն յատկանիշներն  են, որոնք անհրաժեշտ են պետութեան գոյութեան եւ զարգացման համար. այլապէս կ’անհետանան աշխարհի քարտէզէն՝ ժամանակներու եւ ժողովուրդներու արեւի տակ իրենց տեղի համար մղած պայքարի ընթացքին:

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ