Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Հանդիպում Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ամն-ի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Հետ

Հինգշաբթի, Յունուար 13, 2022, երեկոյեան ժամը 6։00-ին, Արեւմտեան Առաջնորդարանի մէջ տեղի ունեցաւ ՌԱԿ-ի ԱՄՆ Արեւմտեան Շրջանային Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը եւ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հետ շատ ջերմ ու սիրալիր հանդիպում մը, հանդիպումը սկսաւ աղօթքով։

Նոր Տարուայ եւ Քրիստոսի մեծախորհուրդ Ծննդեան տօներուն առիթով մեր ընկերները շնորհաւորեցին Առաջնորդ Հօր, մաղթելով Նորին Սրբազնութեան քաջառողջութիւն եւ ամէն բարիք։

ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենադպիր եւ Շրջանիս Վարչութեան Ատենապետ՝ Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան խօսք առնելով յանուն մեր բոլոր անդամներուն, շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Տօնական օրերուն առիթով, կարճ բայց բովանդակալից խօսքով յիշեց մեր կազմակերպութեան 2021 տարուայ աշխատանքները եւ 2022 ծրագրուած միջոցառումները։

2021-ին մեր կազմակերպութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով, զանազան ձեռնարկներ տեղի ունեցան, ոմանք ալ յետաձգուեցան պսակաձեւ ժահրի պարտադրած սահմանափակումներուն պատճառաւ, որուն պատճառաւ այս տարի 2022-ին պիտի շարունակուին առկախ մնացած ձեռնարկները։

Նմանապէս յիշուեցաւ որ այս տարի «Նոր Օր» մեր պաշտօնաթերթի գոյառման 100-ամեակն է, որ նոյնքան արժանավայել ձեռնարկներով պիտի նշուի այդ ամեակը։

Ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հակիրճ տեղեկութիւններով յիշեց անցնող տարուայ եղած թեմիս ծովածաւալ աշխատանքներէն պատառիկներ։

Արդարեւ, Արեւմտեան Թեմը հակառակ գոյութիւն ունեցող դժուարութիւններուն, անցեալ տարի այնքան եւ այնպիսի հոգեւոր, մարդկային եւ ազգային ծառայութիւններ կատարած է, որ իրապէս ոեւէ հաւատացեալ կամ՝ հայու մը մեծ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն կը պատճառէ։ Հոգեւոր, մշակութային, շինարարական, հրատարակչական, կրթական, հոգեւորականներու պատրաստութիւն, միջեկեղեցական յարաբերութիւններ, լուսոյ խորհան Ս. Էջմիածնի հետ, Հայաստանի, Արցախի, լիբանանահայութեան բազմաթիւ ծրագիրներ իրագործուած են։

Խիստ շահեկան գաղափարներով եւ խորհրդակցութեամբ քննարկուեցան շրջանիս հայութեան վիճակը եւ անոր առաւել կազմակերպման եւ միասնական աշխատանքներ կազմակերպելու հարցերը։

Մօտ մէկուկէս ժամ տեւող այս հանդիպումը վերջ գտաւ Սրբազան Հօր փակման աղօթքով, բարի մաղթանքներով եւ օրհնութիւններով։

Խաչիկ Ճանոյեան

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ