Քալիֆորնիայէն տոքթ.Նշան Թապիպեանի եւ անոր զաւակին՝ տոքթ. Յակոբ Թապիպեանի ու կնոջ՝ տոքթ․ Անիլկա Թապիպեանի կողմէ կատարուած 70,000 տոլարի նուիրատուութեամբ սկսան գործել Հայաստանի Գեղարքունիք մարզի Ծովինար գիւղին մէջ փոքրածաւալ գործարարութեան զօրակցող, ինչպէս նաեւ արդի արհեստագիտութեան մարզին մէջ մարզումներու երկու նախաձեռնութիւններ։
Յիշեցնենք, որ աւելի կանուխ, Թապիպեաններու 35,000 տոլարի նուիրատուութեամբ նորոգուած էր Ծովինար գիւղին մէջ գործող Քրիստոնէական դաստիարակութեան դպրոցը, ուր աւելի քան 100 աշակերտներ դասաւանդումներու կը հետեւին։
Նախորդ ծրագիրին նման, այս երկու նոր նախաձեռնութիւնները կ՛իրականան տեղւոյն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հայր Գէորգ Բարսէղեանի հետ համագործակցութեամբ։
Գիւղի վարժարանը արդէն իսկ ստացած է նաեւ 10 նոր համակարգիչներ եւ այլ սարքեր, վերոնշեալ նախաձեռնութիւններէն երկրորդին համար։
Փոքրածաւալ գործարարութեան զարկ տալու նպատակով, գիղին տրամադրուած են մեծաքանակ արտադրութեան համար գործածելի չորս կարի մեքենաներ եւ պտուղներ չորցնելու յատուկ երկու գործիքներ։