Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Յարգանքի Երեկոյ՝ Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի Յիշատակին

Լիբանան

«Գասպարասէր» ընտրանիի մը ներկայութեան, Ուրբաթ, 10 Դեկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 7.00-ին, Լիբանանանահայ Գրական Շրջանակի կազմակերպութեամբ, Հայկազեան Համալսարանի հիւրընկալ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 21 Օգոստոս 2021-ին անժամանակ մեկնած, բազմաբեղուն վաստակի տէր, յանձնառու հրապարակագիր եւ իրաւաբան Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի յիշատակին նուիրուած «Յարգանգի Երեկոյ»։

Հայերէն եւ արաբերէն բացման խօսքը կատարեց Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի նախկին ատենադպիր Անի Քեստենեան-Պասէթ, ըսելով. «Զօր. Անդրանիկի աւանդին հաւատարիմ, Շապին Գարահիսարցի Մեթրը, գիտակից պահանջատէրի հանգամանքով, իր կեանքը նուիրեց Տարագիր Արեւմտահայութեան անժամանցելի արդար դատին միջազգայնացումին, անիրաւուած ժողովուրդներու եւ խոնարհ մարդոց դատերու պաշտպանութեան։ Յանձնառու եւ յառաջապահ հրապարակագիրի անսպառ գրիչով տքնեցաւ լուսաւորելու հայ քաղաքական միտքին խաւարը, միշտ յուսալով վերջ դնել հայ ժողովուրդի “իրաւաքաղաքաՏգիտութեան” դարաւոր ախտին, եւ իրականացնել ի՛ր եւ համախոհներուն փայփայած Տարագիր Արեւմտահայութեան Համաշխարհային Քոնկրէսը։ Մեթր Տէրտէրեան հաւատարիմ ուղեւորը եղաւ իր միջազգայնական գաղափարականին։ Ան կոփուեցաւ 73-ամեայ Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի հայաբոյր գուրային մէջ, ուր լայնախոհ ազգայնականութեամբ եւ գաղափարաբանութեամբ ծառայեց համաշխարհային խաղաղութեան, արդարութեան՝ ընդդէմ շահագործումի եւ գերեվարումի, ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման իրաւունքին, այր մարդու եւ կնոջ իրաւահաւասարութեան, հայ եւ արաբ ժողովուրդներու համարկումին՝ յանուն իրենց արդար դատերու լուծման»։

Բովանդակալից ու ամփոփ սրտի խօսքով ելոյթ ունեցաւ Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան, որ անդրադարձաւ Մեթր Գ. Տէրտէրեանի բարձր գնահատանքին Հայկազեանի առաքելութեան, ուր ան «հպարտօրէն ունեցաւ ելոյթներ եւ կազմակերպեց հանդէսներ», յատկապէս 2003 թուականէն ետք, երբ Լիբանանահայ Գրական Շրջանակը կորսնցուց Սփիրզ փողոցի իր կեդրոնը։ Վեր. Հայտօսթեան ըսաւ. «Փնտռուած են մաքուր գրիչ շարժողները, համոզումի տէր կանգնողները, անձի շահէն աւելին ցանկացողները, սերտուած խօսք արտասանողները, անցեալով զինուած ապագայ երազողները, իրաւազրկուած ժողովուրդներու արդար դատերը անշահախնդրօրէն պաշտպանողները, ընդհանրութիւններու այս դարուն մասնագիտականը մշակողները։ Երբեմն սահմանները անցնող, անկեղծ զգացումով բռնկող, երբեմն կտրուկ դատող, բայց մի՛շտ անսպառ միտքեր արտայայտելով եւ իր նիւթերուն անկեղծօրէն մօտեցող Մեթրի՝ Արեւմտահայութեան ու հայ ինքնութեան այս զինուորին յիշատակին կը մօտենամ բարձր յարգանքով։ Պատիւ անոր քաղցր յիշատակին»։

Դեմոկրատ Իրաւաբաններու Համաշխարհային Լիկայի գործադիր մարմինի անունով խօսք առաւ Լիբանանեան Համալսարանի միջազգային օրէնքի դասախօս Դոկտ. Հասան Ժունի, որ սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց «դեմոկրատ իրաւաբաններու առաջին սերունդին պատկանող» համեստութեան եւ պարկեշտութեան տիպար Մեթր Գ. Տէրտէրեանը՝ Արաբ-Հայ Միջազգային Խորհուրդին հիմնադիրներէն։ Դոկտ. Ժունի ըսաւ. «Իր ժողովուրդին եւ հայրենիքներուն հոգը կրած մեկնեցաւ մարտնչող ընկերը։ Առաջնակարգ մտաւորականը, Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի նախագահը չթողուց գրիչը, ոչ ալ գրիչը՝ զինք։ Հայ, պաղեստինցի եւ միջազգայնական մարտիկ էր ան հաւասարապէս։ Անոր միջազգայնականութիւնը կը բխէր հայրենասիրութենէն։ Ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման իրաւունքին համար մարտնչող զինուորը իր կեանքը նուիրեց հայ ժողովուրդի դատին, զոր չէր անջատեր պաղեստինեան դատէն։ Միջազգային օրէնքի եւ ազատ ինքնորոշման իրաւունքի լոյսին տակ, իրաւագիտական ուսումնասիրութիւններով բացատրեց Հայ Դատը, Սեւրի եւ Լոզանի դաշնագրերն ու Արեւմուտքի պատասխանատւութիւնը Մեծ Եղեռնին։ Դրամատիրութեան, գաղութարարութեան, իմփերիալիզմի եւ մարդուն կողմէ մարդու շահագործումին դէմ յեղափոխականն էր ան, որ հետեւեցաւ պայքարի ոլորապտոյտի ընկերներուն՝ Յովհաննէս Աղպաշեանի եւ Միշէլ Լայյունի ուղիին։ Փաստաբանութեան ասպարէզը իր զէնքն էր ընդդէմ անիրաւներուն եւ շահագործողներուն։ Փաստաբաններ Էտմոն Աունի եւ Նախլէ Մութրանի հետ բացած իր գրասենեակը ապաստանն էր անիրաւուածներուն…»։ Դեմոկրատ իրաւաբաններու անունով, Դոկտ. Ժունի ուխտեց շարունակել պայքարի երթը։

«Գասպարական Անթաքոյց Կերպարը Իր Համակողմանիութեամբ ու Բազմասլացիկութեամբ» խորագիրն էր հրապարակագիր եւ կրթական մշակ Պարոյր Աղպաշեանի համապարփակ խօսքին, զոր սկսաւ անդրադառնալով հայրենիքի եւ սփիւռքի հայաթափութեան ու վիրաւոր վիճակին, ուր հետզհետէ կը պակսին տեսլապաշտ ու գաղափարապաշտ մտաւորականներն ու առաջնորդները։ Ան անդրադարձաւ ոչ հեռու անցեալին, երբ հայրենիքն ու սփիւռքը զիրար լրացնելով դարձած էին հայապահպանումի հզօր ամրոցներ։ Մեթր Գ. Տէրտէրեանի յանկարծական մեկնումը զինք մղած են յոռետես խորհրդածութիւններու, որովհետեւ Մեթրը կ՚ապրէր մղձաւանջային այդ երեւոյթները, կը վերլուծէր զանոնք եւ լուծումներ կ՚առաջարկէր։

Անդրադառնալով Մեթրին անհատականութեան, ան ըսաւ. «Անկրկնելի անձնաւորութիւն մըն էր, որ իր հայրենասիրութեամբ եւ ազգապաշտութեամբ, քաղաքական ու գաղափարական հայեացքներով, համոզմունքներով ու հաւատամքով, տեսիլքներով ու գործարարութեամբ, դարձած էր աչքառու ներկայութիւն մը։ Անդրդուելի եւ անզիջող, անտեղիտալի եւ աննահանջ վճռակամութիւններով համակուած Գասպարը, միշտ ալ գտնուած էր յառաջադէմ դիրքերու վրայ, անհատական թէ հաւաքական պահանջատիրութեանց պարագային, ատոնք ըլլան փաստաբանական թէ իրաւագիտական գետնի, ազգային թէ քաղաքական մակարդակներու վրայ։ Իսկ Հայկական Դատի հետապնդումը, անոր համար այնպիսի հաստկեկ փաթեթ մըն էր, որուն նկատմամբ ԱՄԲՈՂՋ ԹՂԹԱԾՐԱՐ մը պատրաստած էր ու կը շարունակէր զայն համադրել, ձեւաւորել ու համակարգել, խորապէս հաւատալով իր թեզին այժմէականութեան եւ լիիրաւութեան։ “Տարագիր Արեւմտահայութեան Համաշխարհային Քոնկրէս”ի (ՏԱՀՔ) մը կազմութիւնը, Գասպարին համար եղաւ ու մնաց անյետաձգելի ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ անհրաժեշտութիւն մը, որուն իրականացման համար նուիրուեցաւ անյուսահատ քարոզչութեան (հրապարակագրութեամբ, հրապարակախօսութեամբ), քաջ գիտնալով որ ատիկա միայն կրնայ ըլլալ միջոցն ու կամուրջը, որոնցմով կարելի կ՚ըլլայ ոչ միայն սփիւռքահայութիւնը միացնել ու զօրացնել, այլեւ՝ Հայաստան-Սփիւռք կապերուն տալ ճիշդ եւ արդիւնաւէտ ուղղուածութիւն»։

Անդրադառնալով անոր բարեմասնութիւններուն, Պ. Աղպաշեան շեշտեց, որ Մեթրը երբեք չեղաւ պոռոտախօս ու ճոռոմաբան, մեծխօսիկ ու ինքնահաւան, պատեհապաշտ ու կեղծապատիր, որովհետեւ իրեն համար Հայ Մարդը, Հայ Դատը, Հայրենիքն ու Գաղափարաբանութիւնը սրբագոյն հասկացողութիւններ էին։ Իւրայատուկ պայծառատեսութեամբ օժտուած տիպարը, խրոխտօրէն մնաց ազգային ծառայութեան նուիրուած գործիչը։ Տէրտէրեան փոքր տարիքէն ծանօթացած է Չօպանեանին, Թէքէեանին ու Տամատեանին գաղափարական ընտրանքներուն եւ ջատագոված է ժողովրդավարութիւնը, իսկ իր ուսուցիչներուն՝ Գերսամ Ահարոեանի եւ Վահէ-Վահեանի հովանիին տակ ստացած է ազգային-պատմական-գրականագիտական եւ հայրենասիրական կրթութիւնը, «սակայն իր հուրն ու բոցը այլ տեղ էր…»։ Խորհրդային Միութեան ինքնալուծարումէն ետք անգամ, Մեթրը չհրաժարեցաւ իր տեսակէտներէն, նկատի ունենալով Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը, եւ թիավարեց հոսանքին դէմ՝ կուռ հաստատակամութեամբ կառչած մնալով իր համոզումներուն։ Հայ Դատի հետապնդումը եղաւ իր գերագոյն սեւեռակէտը, որուն մասին արտայայտուեցաւ իրեն ծանօթ լեզուներով։ Մէջբերելով Մեթրէն, Պ. Աղպաշեան յիշեց անոր հրապարակագրութեան մեծ ուսուցիչները՝ Անդրանիկ Անդրէասեան, Յովհաննէս Աղպաշեան (Աղպաշ) եւ Գերսամ Ահարոնեան եւ անձնապէս հաստատեց Տէրտէրեանի եւ Աղպաշի անքակտելի կապը, որպէս գաղափարական, հայրենասիրական, հրապարակագրական եւ խմբագրական գործակիցներ։ Ան հաստատեց որ Մեթրին հետ համագործակցութիւնը թէ հաճոյք էր եւ թէ վայելք, պայմանով որ անոր հետ վերաբերելու եւ շփուելու հնարքները ըլլային չափաւորուած եւ հասկացողական։

Եզրափակելով, Պ. Աղպաշեան շեշտեց «Գասպարագէտ»ի մը գոյութեան անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ ան բացառիկ կերպար մըն էր հայ իրականութեան մէջ՝ իր ամբողջ էութեամբ։

ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր եւ բանաստեղծ Համբիկ Մարտիրոսեան, Չարենցէն քառեակով մը սկսելէ ետք, դիտել տուաւ թէ խիզախ ու մարտնչող նկարագրի տէր ազգային-քաղաքական գործիչ Մեթր Գ. Տէրտէրեանը աշխարհը տեսաւ իր իւրայատուկ պատուհանէն եւ լայն կարկինով ընդգրկեց հայը, հայրենիքը, Հայ Դատն ու անմիջական շրջապատը։ Ան հանդիսացաւ յետ-եղեռնեան սերունդի վաւերական հրապարակագիրը, որ մօտէն ապրեցաւ իր ժողովուրդին կոտտացող ցաւը, տառապանքը եւ տարագիր հայրենազուրկի հոգեվիճակը։ Հողի կանչին ականջալուր հրապարակագիրը, արդար ժառանգորդը եղաւ Շապին Գարահիսարի եւ Սեբաստիոյ արգանդէն ծնած մեծերուն։ Ան շեշտեց, թէ մեծանուն հրապարակագիրին յատուկ երեւոյթ դառնալը պատահական չէր, տրուած ըլլալով հայրենասէր ընտանիքի մէջ հասակ առնելը։ »Մոլի ընթերցող եւ յամառ ինքնաշխատող ըլլալով, ան ծանօթացած է պատմութեան ծալքերուն ու նաւարկած քաղաքական ասպարէզի ոսկիանոսին մէջ, հարստացնելով հայ մամուլի էջերը… Տէրտէրեանի բոլոր յօդուածներուն, խոհափիլիսոփայական ակնարկներուն մեծամասնութիւնը կրած են ազգային-հայրենասիրական մաքուր խորք ու համամարդկային գաղափարախօսութիւն»։ Ան յիշեց «Մեր Նշանաբանն Է Յառաջ»ի առաջնորդող յօդուածները, որոնք կ՚ընթերցուէին մեծ յափշտակութեամբ, եւ հաստատեց որ Մեթրը անհերքելիօրէն ծնած էր խմբագիր, հրապարակագիր, հրապարակախօս եւ ազգային-հասարակական գործիչ։ Մեթր Տէրտէրեան մամուլի մէջ քննարկած է ժողովուրդներու ընկերային-քաղաքական ազատութեան հարցերը, հայ-արաբ բարեկամութեան զարգացման հնարաւորութիւնները, ժողովուրդներու եղբայրութիւնը՝ իրաւունքի եւ հաւասարութեան հիմքի վրայ։ Հ. Մարտիրոսեան հարց տուաւ, եթէ Միջին Արեւելքի ներկայ անհրապոյր ու սպառնալից վիճակին մէջ պիտի պարզուին նոր Գասպար Տէրտէրեաններ, որ տէր դառնան Արեւմտահայերէնին, Հայ Դատին ու Հայ Մշակոյթին։ Ան հաստատեց որ Մեթրը ճաշակած է հրապարակագրութեան ասպարէզին դառնութիւնները, որովհետեւ «խարազանած է ապիկարութիւնը, թերացումը, ապազգայինը եւ քննադատած է սայթաքումները»։ Ան շեշտեց, որ Մեթր Տէրտէրեան յարգուեցաւ նոյնիսկ իր գաղափարի հակառակորդներէն՝ շնորհիւ իր լայն զարգացումին ու խոհականութեան, խիզախ կեցուածքին եւ աննկուն նկարագրին։ Ան թուարկեց վերջին տասնամեակներուն Մեթրին լոյս ընծայած գիրքերը, եւ՝ նախքան Չարենցով փակելը, ըսաւ. «Իր հրապարակագրութեամբ, Հայ Դատին նուիրուած արժէքաւոր հատորներով, Գասպար Տէրտէրեան, որպէս յաջող հրապարակագիր, եղաւ մեր ժողովուրդին լուրջ բազկերակը, շունչը, աննահանջ պահանջատէրը հողին ու հայրենիքին։ Անոր թողած ժառանգը կը հանդիսանայ թէ՛ դպրոց, թէ դասագիրք նոր սերունդներուն համար»։

Մեթր Տէրտէրեանի հարազատներէն՝ Գառնիկ Վ. Սարգիսեանի ակամայ բացակայութեան պատճառով, ընտանիքին խօսքը ընթերցեց Աւետիս Տիպան, փոխանցելով երախտագիտութեան եւ շնորհակալութեան անկեղծ զգացումները, յատկապէս՝ Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի վարչութեան եւ Հայկազեան Համալսարանի տնօրէնութեան, եւ ի միջի այլոց ըսելով, թէ «կարելի չէ խօսքը սահմանափակել զուտ զգացական ու ընտանեկան ծիրէն ներս, որովհետեւ Հայ Դատը, Հողային Պահանջատիրութիւնը, ՏԱՀՔ-ը յաջողցնելու անհրաժեշտութիւնը եղած են Մեթրին եւ քրոջ  որդիին յատկապէս վերջին տարիներու հանդիպումներուն հիմնական առանցքը։ Գասպարի մասին որեւէ խօսքի գերիշխող նիւթը, կամայ թէ ակամայ, ազգային հոգերն են… Յիշատակը մեծարել, կը նշանակէ շարունակել անոր հարթած ճանապարհը՝ դէպի արեւմտահայութեան ազգային-ներկայացուցչական իրաւական քաղաքական մարմին»։

Բանախօսութիւններուն միջեւ ներկայացուեցան հայ երաժշտութեան երկրպագու Մեթր Գ. Տէրտէրեանի նախասիրած կտորներէն նմոյշներ, համադրութեամբ Մաեսթրօ Վիգէն Չալեանի եւ կատարողութեամբ Նանոր եւ Նայիրի Առնէլեաններու (Կոմիտաս՝ «Քելէ, Քելէ», «Գարուն Ա» – դաշնամուր եւ սրինգ), Ծաւի եւ Սալբի Թորիկեաններու (Կոմիտաս՝ «Կռունկ» – ջութակ եւ դաշնամուր), Մանէ Պասմաճեանի (Կոմիտաս-Անդրէասեան՝ «Ծիրանի Ծառ» – դաշնամուր) եւ Ահմատ ալ-Հաժի (Բաբաջանեան՝ «Իմ Սիրտը Լեռներում Է» – շեփոր)։

Երեկոն փակուեցաւ Մեթր Գ. Տէրտէրեանի քրոջ որդի՝ բեմադրիչ Պետրոս Գ. Թեմիզեանի  պատրաստած տեսանիւթով։


Այս առիթով հրատարակուեցաւ Մեթր Գ. Տէրտէրեանի յիշատակին նուիրուած հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով 56 էջերէ բաղկացած գրքոյկ մը (պատրաստութիւն՝ Անի Քեստենեան Պասէթի, էջադրում՝ Հուրի Քեստենեանի) որ կ՚ընդգրկէ անոր ինքնակենսագրութիւններուն համադրումը, գործերուն մատենագիտական ցանկը (պատրաստութիւն՝ Կարօ Աբրահամեանի), Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի երախտիքի խօսքը եւ հանրածանօթ մտաւորականներու, խմբագիրներու եւ հարազատներու վկայութիւնները։

ԱՆԻ Ք.Պ.
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ