Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Եկեղեցականներու Վարչական Ժողով Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանէն Ներս

Երեքշաբթի, Յունուար 18, 2022ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանէն ներս (Պըրպենք) տեղի ունեցաւ Եկեղեցականներու Վարչական կարեւոր Ժողով մը, որու օրակարգին մաս կը կազմէին թեմական մակարդակի վրայ գտնուող զանազան կարեւոր հարցեր, նախապէս պատրաստուած ծրագիրներ եւ եկեղեցական-հովուական ծառայութեան վերաբերող նիւթեր: Ժողովի Օրակարգին վրայ էին հետեւեալ նիւթերը.-

  • Համաճարակին հետեւանքով ստեղծուած ընկերային եւ եկեղեցական-ծիսական մտահոգութիւններ,
  • 2022 Տարին կը նշէ Արեւմտեան Թեմի հաստատման 95ամեակը,
  • Թեմէն ներս նոր Եկեղեցիներու Օծումները (San Diego՝ Յունուար 28-30ին եւ Sacramento՝ Մայիս 1ին),
  • Հայրենիքէն ներս «Ձեռք երկարել եղբօր» ծրագրի իրագործումները,
  • Պատգամաւորական Ժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ 2022իՄայիսին սկիզբը,
  • Քահանայական թեկնածուներու պատրաստութեան ծրագիրը,
  • «Թեմական Ուղեցոյց»ի թղթածրարը (հովուական, վարչական, ծիսական եւ եկեղեցական),
  • Առաջնորդարանին կողմէ 2022 թուականի հրատարակութիւններ,
  • 2022 Տարին Առաջնորդ Սրբազանին կողմէ նուիրուած է «Հայ Քրիստոնեայ Ընտանիք»ին,
  • Թեմի զարգացման հեռանկարներ,
  • Չափահասներու Հաւաքական Մկրտութեան գործադրումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 24, 2022ին,
  • Մեքսիքայէն ներս նոր համայնքներու ձեւաւորում,
  • Հայրենիքէն Տաւուշի Թեմի Առաջնորդին, Գերմանիոյ Թեմի Առաջնորդին եւ Հայաստանի Բանտերու Հոգեւոր Հովիւին այցելութիւնները Արեւմտեան Թեմ,
  • Թեմիս Սրբազան Առաջնորդ՝ Գերշն. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի գլխաւորութեամբ, Փետրուար 22, 2022ին, Սրբոց Ղեւոնդեանց Եկեղեցականներու Տօնին, ունենալիք Հոգեւորականաց Միօրեայ Ժողովը եւ անոր Օրակարգին բովանդակութիւնը:

Նշելի է, որ Փետրուար 22ին կայանալիք Միօրեայ Ժողովը, որ տարին երեք անգամ տեղի կ’ունենայ (այս աւանդութիւնը կը շարունակուի 2003 թուականէն ի վեր), նկատի ունենալով Արեւմտեան Թեմի հաստատման 95ամեակը, անոր կրօնական նշանակութիւնը եւ կարեւորութիւնը, ընտրած է «Ծիսական Պաշտամունք եւ Քրիստոնէական Կեանք» ընդհանուր բնանիւթը: Յատուկ ելոյթներով պիտի ներկայացուին Քրիստոնէական Կեանքին վերաբերող հետեւեալ կարեւոր նիւթերը.-

«Աստուածպաշտութիւն, Ծիսական Պաշտամունք եւ Քրիստոնէական Կեանք» (Հոգշն. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան), «Եկեղեցական Աղօթքը իբր Հոգեւոր Ապրում» (Արժն. Տ. Վազգէն Քհնյ. Մովսէսեան) եւ «Սուրբ Պատարագին մասնակցութիւնը եւ ներգործութիւնը հաւատացեալներու կեանքին մէջ» (Արժն. Տ. Աւետիս Քհնյ. Աբովեան): Այս ծրագիրը կը գլխաւորէ Հոգշն. Տաճատ Ծայր. Վրդ. Եարտըմեան: Այս նիւթերուն արծարծումով, Փետրուար 22ի Ժողովին մասնակցող Հոգեւորականներուն հիմնական նպատակն է՝ 95ամեակի առիթով «Քրիստոնէական Հոգին» ճոխացնել եւ նոր թափ մը ստեղծել Թեմի հաւատացեալներուն մէջ:

Միօրեայ Ժողովի աւարտէն ետք, երեկոյեան ժամը 6.3ին, տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Պատարագ, ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ Թեմի Հոգեւորականներուն եւ հաւատացեալներուն: Նոյն օրը տեղի պիտի ունենայ նաեւ Արեւմտեան Թեմէն ներս ծառայած հանգուցեալ Եկեղեցականներու Ցուցատախտակի զետեղումը իրենց անուններով:

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ