Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2024

Շաբաթաթերթ

Ֆրիկի Հետքերով …

Միջնադարէն Մեզի Հասած Կրկնուող Գանգատը ․․․

ԶԱՐՄԻՆԷ Գ․ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Մէկն ի պապանց պարոնորդի,

Մէկն ի հարանց մուրող լինի.

Մէկին հազար ձի ու ջորի,

Մէկին ո’չ ուլ մի, ո’չ մաքի:

 Մէկին հազար կապիճ ոսկի,

  Մէկին ո’չ փող մի պըղընձի.

Մէկին հազար հատ մարգարտի,

Մէկին ո’չ հո’ւլնիկ ապիկի

 Ֆրիկ-1230 – 1310

Այո՛,    

Վերի այս տողերը Ազէզի Սահակեան Վարժարանի նախակրթարանի հինգերորդ դասարան էինք սորվեցանք առաջին անգամ, տասնամեակներ առաջ, Հայերէն Լեզուի ուսուցիչ Յակոբ Աշակերտեանի դասապահին էր, մեր տնօրէնին միաժամանակ մեր հայերէն լեզուի ուսուցիչին սպառիչ բացատրութիւններով եւ օրինակներովը։

Նախ անշուշտ ծանօթացանք թէ ո՞վ է միջնադարու մեծատաղանդ այս հայ բանաստեղծ՝ Ֆրիկը, որ իր գրչանունով ծանօթ է միայն, եւ մանաւանդ իր երկարաշունչ բանաստեղծութեամբ «ԳԱՆԳԱՏ» վերնագրով։ «Ֆրիկ կամ ֆիրիկ» կը կոչուի այն ցորենը որ տակաւին կանաչ թարմ եղած ատեն երբ իր հասկովը խանձուած է։ Կրակի բովէն անցած ցորենն է, որ տարբեր համ ունի երբ ձաւարի փիլաւին մէջ կէս ու կէս համեմատութեամբ պատրաստուի, կը բացատրէր ուսուցիչը մեր ալ բերնին ջուրերը վազցնելով։

Հաւանաբար իր դարաշրջանի միջավայրին մէջ ինքզինք «խանձուած» զգացած բանաստեղծն է, որ կը խօսի իր այդ երկարաշունչ ու սրտառուչ բանաստեղծութեամբ։

Իսկ մենք՝ նախակրթարանի հինգերորդ դասարանցիներս «գոց սորված էինք» այդ ոտանաւորին մեծ մասը, որմէ մանաւանդ վերի երկուքը յաճախ կը կրկնուի մտքիս մէջ։

Այդ օրերուն անմիջապէս մտքիս մէջ զուգորդութիւններ յառաջացած էին մեր Ազէզի տունէն ոչ շատ հեռու ձէթ արտադրող ջաղացքը եւ անոր տէր տիրական եւ ձիթենիներու ծառաստանի տէր հայ ընտանիքը, որուն զաւակները ինչ շռայլ կեանք կ՛ապրէին, բաղդատած նոյն շրջանին մեր ընտանիքին ծանօթ Աւետիս ամմօյին եւ իր կնոջ Տիգրանուհի պաճիին նման խեղճ ծերունիներքուն, որոնց համար մայրս մեզի համար եփած ճաշէն յաճախ առատաձեռն բաժին մըն ալ իրենց համար կը հանէր եւ ինծի կուտար ըսելով․․․

– Շուտ չպաղած հասցուր-  

            Տասնամեակներ անցած են այդ օրերէն։ Այդ երկու համարները յաճախ տարբեր առիթներով կը տողանցեն յիշողութեանս պաստառին վրայ։

1988ի երկրաշարժին յաջորդող օրերուն էր, որ Նիւ Եորքի միութենական Հայ կեդրոնները հեռաձայնային ցանցերու վերածուած էին։ Անհամար հեռաձայններ կատարած ենք օգնութիւն խնդրելու մեր հարուստ ճանչցուած թէ բարեկեցիկ եւ  կամ ոչ շատ հարուստ հայ ընտանիքներէն։ Կը յիշեմ ամէնէն առաջին փողգիրը ՈՉ-հայ անհատէ մը հասած էր, առանց հեռաձայնային յիշեցումի, ենթական լուրերէն միայն իմանալով Հայաստանին պատահած ահաւոր երկրաշարժին մասին  «հայ կեդրոն» մը հեռաձայնած էր իր սրտաբուխ նուէրը ղրկելու։  

            Հիմա որ կ՛անդրադառնամ, որքա՜ն խնդրագիրներ գրած եմ, հայ աշակերտի մը համար կրթաթոշակ ապահովելու գումար մը եւ կամ դպրոցին պիւտճէն հաւասարակշռելու համար բարերարէ մը առատաձեռն նուէր մը ստանալու յոյսով։

            Այս օրերուն դարձեալ զգայացունց լուրերը կը տողանցեն մեր համակարգչային  պաստառներուն թէ հեռատեսիլի պաստառին վրայ։

Շատ շատերու ծանօթ Նիւ Եորքի մէջ լոյս տեսնող երկշաբաթօրեայ «Ֆօրպս» անունով պարբերականը, որ շտեմարան մըն է ֆինանսական, բաժնետոմսերու ելեւէջին, ելեւմտական հարցերու շուրջ լուրերով, կարծիքներով հետաքրքրուողներուն համար, հասութաբեր գործի ձեռնարկելու ուղղութիւններ փնտռտողներուն համար։

Սոյն պարբերաթերթը տարեկան ցանկ մըն ալ կը տեղադրէ աշխարհի մեծահարուստներուն անուանացանկը աւետելով։ «Ֆօրպս» -ի մէջ նշուած կ՛ըլլան տարեկան մեծամեծ հարստացողներու, միլիարդատէրերու ցանկը, – այո՛, ոչ միլիոնատէրերու- այլ՝ նախ ՄիլիարդԹրիլիոն ունեցողներէն ակսեալ․․․եւլն։ 

Այս օրերուն աշխարհով մէկ կան եղեր 2755 միլիարդատէրեր։ Միայն Ճէֆ Պեսօսը 177 Միլիարդի կարողութիւնը ունի եղեր․․․

Մեծ մայրս հիմա ողջ ըլլար պիտի ըսէր․․․ «աղջիկս քեզի ի՜նչ ․․ մեր մեծերը պարապ տեղը չէին ըսերհարուստին դրամին քանակը, աղքատին ալ պարապ չէնէն»․․․ Իմս պարզ «չէնէ» մը չէ, մեծ մամա, այլ՝  լուրջ մտահոգութիւն է, կ՛ուզէի ըսել իրեն հիմա․․․ եթէ ողջ ըլլար։

Անցնող երկու տարիներու ընթացքին երբ աշխարհով մէկ համավարակի պատճառով մարդկութեան մեծամասնութիւնը գործազրկութեան, աղքատացումի, սնանկութեան, գողութեան, կողոպուտի վիճակներէն կը տառապէր, զարմանալիօրէն կը կարդանք, որ այդ հարուստներուն 86 առ հարիւրը ա՛լ աւելի հարստացած է, քան՝ մէկ տարի առաջ։   

Աւելին՝ այդ անհատները ձեւեր կը փնտռեն իրենց հարստութիւնէն յաւելեալ եկամուտ մը ծածկելու համար իրենց ապրած երկրէն դուրս «Օֆշորային-off-shore» հաշիւներ ստեղծելով։

            Գիտնականներ կամ պետական աւագանիներ կը մտածե՞ն արդեօք, կամ կա՞յ օրինակ «Սահմանափակումային –Limiterianism» օրէնք մը, որպէսզի այդ յաւելեալ «թրիլիօններէն» կարենան օգտուիլ անհրաժեշտ ու կարօտեալ հաստատութիւններ, փոխանակ այդ «Օֆշորային» հաշիւներով քօղարկելու իրենց եկամուտները։

            Չեմ գիտեր ինչ կը զգամ – անզօրութեան կողքին – երբ նամակատուփս կը խճողուի նուիրատուութիւն խնդրող անհաշիւ հաստատութիւններէ- սկսելով Մանկական հիւանդանոցներէն, հաշմանդամ դարձած վեթերան զինուորներու ֆոնտէն, կամ որբանոցներէն մինչեւ քաղցկեղի, ալզայմըրզի եւ կամ բարքինսընզի ուսումնասիրութեանց համար խնդրուածներուն պատասխանելու։

            Անզօր կ՛ըսեմ, որովհետեւ եթէ հազարներ կամ հարիւրներ տալու հնարաւորութիւնը չունիմ, ի՜նչ տարբերութիւն պիտի ընէ իմ «ափ մը ջուրս» այսինքն՝ մի քանի տոլարս, կարիքաւորներուն համար, տարին բոլոր աշխատելու պարտաւոր ջաղացք մը աշխատած պահելու համար։

Ֆրիկի նշանաւոր տողերը վերստին կը տողանցեն աչքիս առաջ։  Մանաւանդ  վերջերս երբ կը կարդամ ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ՍՊԱՌՆԱՑՈՂ ՃԳՆԱԺԱՄԱՅԻՆ պահերը։ 

Կարդացի նաեւ «ՄԱՐՄԱՐԱ» օրաթերթի երակարամեայ խմբագրապետ, Ոսկեայ Գրիչի Մետալակիր բեղուն գրող՝ Ռոպեր Հատտէճեանի հարցազրոյցը, ուր 96-ամեայ մեր սիրելի նահապետը իր ցաւն ու ափսոսանքը կը բացայայտէր-հայատառ թերթերուն ճգնաժամային կացութիւնը բացատրելով եւ հարց տալով թէ՝  

«Ինչո՞ւ պէտք է այսօր այսքան անտեսուի հայերէնն ու հայ մամուլը, ․․․ կը յիշեմ՝ երկու-երեք տարի առաջ բարեկամ մը հարցուցած էր, թէ այսօր ի՞նչ լաւ լուր ունէի։ Պատասխանած էի, որ այսօրուայ լաւ լուրն այն է, թէ այսօր ալ թերթը լոյս տեսաւ․․․»

Ես ալ մեր յարգարժան խմբագրապետին զարմանքը կը կրկնեմ հարց տալով թէ – «մեր ժողովուրդը, որ այնքան ազգասէր, այնքան մշակութասէր է, ինչո՞ւ անտարբեր է հայատառ թերթի նկատմամբ, նոյնիսկ շատ անգամ, լուր անգամ չունի, թէ ի՜՜նչ մեծ բախտաւորութիւն է ամէն օր հայատառ թերթ ունենալը»։

Հոս լրատուական կեանքի նոր օրերու պայմանները չեն, որ միայն մեզ պէտք է մտահոգեն։ Այո՛, առցանց ամէն լուրերը կրնանք կարդալ, տեղեակ ըլլալ։

1851-էն ի վեր լոյս տեսնող Նիւ Եորք Թայմզն անգամ դժուարութեան մէջ է, շաբաթական մէկ տոլարով տարեկան բաժանորդագրութեամբ ընթերցող կը փորձէ հրապուրել։ Նիւ Եորք Թայմզը բազում յայտարարութիւններով, գովազդներով, մահազդներով եւ կամ հիմնադրամներով կրնայ ինքզինք կենդանի պահել։ Բայց մեր հայատառ թերթերը եթէ փակուին վերակենդանութեան յոյս չի մնար։ Առանց անուններ թուարկելու օրինակները շատ են հանգուցեալ մեր թերթերուն եւ ամսաթերթերուն։

Դարձեալ տարբեր  առիթով արձանագրուած Պարոն Հատտէճեանին տողերուն ապաւինելով պիտի աւելցնեմ․․․ «սփիւռքի տարածքին հրդեհ մը կայ․․․ու հրկիզուողը հայոց Արեւմտահայերէնն է։ Համայնքներու մէջ ինչ գործիչներ կան որոնք իրենց կապը խզած են հայ մամուլի ու հայ լեզուի հետ։ ․․․Ամէն վայրկեան մէկ հոգի եւս կը պակսի հայատառ թերթ ընթերցողներուն թիւին մէջ, ամէն վայրկեան հայատառ թերթ մը եւս կրնայ փակուիլ իր տեղը թողլով թրքերէն, ֆրանսերէն, կամ անգլերէն լեզուով «հայկական» թերթի մը»։  

          Աշխարհի 2755 միլիարդատէրերու կողքին կա՛ն նաեւ ՀԱՅ միլիոնատէրերու շարքը։ Հա՛յ Միլիոնատէրեր կա՛ն՝ քիչ մը ամէն տեղ, երկրագունդի բոլոր ցամաքամասերուն վրայ, որոնք կրնան հիմնադրամներ ստեղծելով ՀԱՅ ԹԵՐԹ ՄԸ կանգուն պահելու։  

            Ի՞նչ փոխուած է Ֆրիկեան դարաշրջանէն

  Մէկին հազար կապիճ ոսկի,

  Մէկին ո’չ փող մի պըղընձի.․․

            Եթէ մարդ արարածին հոգիէն դուրս հանենք մարդկայինը, մարդասիրականը, ԱԶԳԱՅԻՆ արժանապատուութիւնը, ԱԶԳՈՎԻՆ զիրար բարձրացնելու կամքն ու նախանձախնդրութիւնը․․․ տակաւին կը շարունակենք արտասանել ու միմիայն արտասանել Ֆրիկեան ԳԱՆԳԱՏԸ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ