Դոկտ․ ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ
Հայրենիքէն դուրս բազմածաւալ սփիւռքի իրականութեան մէջ, աշխարհացրիւ հայութիւնը՝ մեծերէն փոքրեր իրարու անգամ մը եւս ամանորեայ ու Ս. Ծնունդի աւետաբեր խորհուրդը բարձրաձայնեցին, մաղթանքներ ուղղեցին, բարի եւ գեղեցիկ բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին։
Իր մակերեսով Շուէտի երկրորդ մեծագոյն լիճին Վաթերնի (Vättern) վրայ կառուցուած բազմաթիւ քաղաքներէն, լիճին հարաւային կողմը գտնուող Եօնշոփինկ քաղաքի հայութիւնն ալ առիթը ունեցաւ հոգեւոր եւ ծննդեան հայերէն երգերու երաժշտական համերգով դիմաւորելու նոր տարուայ եւ Ս․ Ծնունդի բարեբաստիկ առիթներու խորհուրդը։ Եօնշոփինկի Հայ Մշակութային միութեան կազմակերպութեամբ, նոր տարուայ եւ Ս. Ծնունդի նուիրուած՝ ալդի եւ կիթարի զմայլիչ ձայներով եւ երգեցողութեամբ առինքնող համերգը հնչեց Լեհաստանէն հիւրաբար ժամանող, նախկին հալէպահայեր Գէորգ եւ Արամ Սայեղ եղբայրներու (GOARM band) կատարողութեամբ՝ հոգեւոր, ամանորեայ եւ ազգային երաժշտական յայտագրի երգացանկով։ Հայ երաժշտութիւնը հնչեց տեղւոյն շուէտական պետական եկեղեցիին մէջ սոյն 2 Յունուարի երեկոյեան ժամը վեցին։ Բացման երկլեզու խօսքը փոխանցեց միութեան երիտասարդ անդամներէն Տիկ․ Անժելա Շոհմելեան-Գապուս։
Այս առիթով եկէ՛ք ծանօթագրական լուսամուտ մը բանանք Եօնշօբինկի հայկական օճախին։ Շուէտահայ գաղութի կեանքը սկսած է ձեւաւորուիլ երկրին մէջ հայկական մշակութային միութիւններու ստեղծման զուգընթաց: Շուէտի հայ գաղութը կազմաւորուած է քսաններոդ դարու եօթանասունականներուն, մանաւանդ Թուրքիայէն, Լիբանանէն, Պաղեստինէն, Սուրիայէն, Իրաքէն, Իրանէն եւ Հայաստանէն գաղթած հայերու շնորհիւ: Անոնց հոսքը դէպի Շուէտ եղած է Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն մէջ ստեղծուած անկայուն քաղաքական եւ տնտեսական իրավիճակներու պատճառներով։ Շուէտի մէջ ընկերային ապահովութեան բարձր մակարդակը, բարգաւաճ եւ հանգստաւէտ կեանքի յարմարութիւնները, կեցութեան հնարաւորութիւնները, կենսամակարդակի բարենպաստ պայմանները, յարաճուն ցանկութեամբ քաջալերած են հայորդիները աւելի արագ գաղթելու դէպի այդ երկրի զանազան քաղաքներ, ակնառու է գաղթողներու աճող թիւին ծաւալը նա մանաւանդ 2010 թուականէն ետք ծաղկաւէտ, գունեղ ու ճշմարիտ գարուններ ապրող հիւրընկալ երկիրներ փնտռելու նպատակով, փախչելով նաեւ այսպէս կոչուած արեւելքի մէջ արաբական շինծու գարունի կործանարար, անկայուն կեանքի եւ անբարենպաստ հետեւանքներէն։
Շուէտի հայ գաղութի կեդրոնը ներկայիս մայրաքաղաք Սթոքհոլմն է։ Զանազան տուեալներով, ներկայիս Շուէտի մէջ կը բնակի շուրջ 10 էն 12 հազար հայ, այդ թիւին մէկ երրորդը հայաստանցիներ են: Հայեր ընդհանրապէս կը բնակին՝ Սթոքհոլմ, Ուփսալայ, Սոտերթելիա, Վեսթերոսում, եւ Կաթըմպըրկ, Մալմէօ, Լինշոփինկ, Եօնշոփինկ, Օրեպրօ եւ այլ քաղաքներու մէջ:
2010 թուականին Եօնշոփինկ քաղաքի հայերը գաղափարը ունեցած են ունենալու հայկական մշակութային միութիւն մը, համախմբելու հոն ապրող հայու բեկորները որ պիտի կոչուեր «Եօնշօփինկի Հայկական Մշակութային Միութիւն» անունով: Միութեան ատենապետ նախկին իրաքահայ՝ Սեդրակ Սեդրակեանի հետ զրոյցի ընթացքին փոխանցեց՝ «Մեր միութիւնը կը համախմբէ մշակութային, կրթական եւ հայ նորաբնակներու կենցաղային, քաղաքական եւ մտաւոր բազմազանութիւնը: Միութիւնը ենթարկուած է շուէտական ժողովրդավարական օրէնքի փոքրամասնութիւններու եւ Եօնշոփինկի տեղական իշխանութիւններու կանոնակարգին եւ սկզբունքներուն։ Միութեան գլխաւոր նպատակներն են բարձրացնել մշակութային, կրթական, հայերէն լեզուի, հայոց պատմութեան մակարդակը, կազմակերպել դասաւանդութիւններ, դասախօսութիւններ ու մշակութային ձեռնարկներ: Միութիւնը սկսած է հիմնադիր մարմնի 9 անդամներով եւ վարչական մարմնի 5 անդամներով եւ տիկնանց, մշակութային, եւ ընկերային յանձնախումբերու կազմաւորումով։ Տեղւոյն քաղաքապետարանի կողմէ ստանալով նաեւ միութեան կեդրոն, նիւթական ու բարոյական աջակցութիւն։ Մենք կը պատկանինք Շուէտի Հայոց ազգային խորհրդին, որը կը ներառէ Շուէտի 18 հայկական կազմակերպութիւններ: Իր նախնական շրջանին միութիւնը կը կազմեր 25 անդամ, իսկ այսօր մասնակցող անդամներուն թիւը 85 է։ Միութենական մեր ազգային նախաձեռնութիւններուն, ընկերային գործունէութեան մէջ, մեր հայերու ներգրաւուածութիւնը եւ աջակցութիւնը նոյնանման չէ, ինչպէս նաեւ տարբեր են անոնց ինքնութեան ընկալումները ու պատկանելութեան ըմբռնումը, նկատի ունենալով որ այս քաղաքին մէջ ապրող հայերու մօտաւոր թուաքանակը 350 հայ է։ Յիշեցնելու համար պէտք է ըսեմ որ միութիւնս կը փորձէ տօնախմբել, յիշատակել, ոգեկոչել մեր բոլոր ազգային եւ կրօնական տօներն ու առիթները» ։
Պէտք է յիշել, որ սոյն տպաւորիչ համերգը իր գեղարուեստական ներկայացումով, կարողացաւ ներթափանցել ներկաներու հոգիներուն խորքը, ունկնդիրները վերապրեցնելու հայկական տաքուկ շունչով բերկրալի մթնոլորտի մը մէջ։ Համերգի արուեստագէտները արժանացան ջերմ ծափողջոյններու եւ գնահատականներու, համերգի աւարտին միութեան վարչութենէն նախկին սուրիահայ տիկ․ Մարի Մարաշլեան փոխանցեց իր սրտի ու գնահատանքի խօսքը ու յիշատակի նուէրները։
Բոլորիս համար համոզիչ եւ ընկալելի է Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի հռչակած 2022-ը իբրեւ «Սփիւռքի տարի» հեռանկարին ու փոխանցելիք խորհուրդին խորքն ու պատգամը։ Հասկնալի են նաեւ հնչող մարտահրաւէրներն ու մտահոգութիւնները, մանաւանդ նորաստեղծ եւ սունկի պէս բազմացող սփիւռքներու դիմագրաւած բազմապիսի հարցերը, դժուարութիւնները ազգային պատկանելիութեան ներկայի ու ապագայի սպառնալիքները, եւ ըստ այնմ վերակազմակերպումի, վերանորոգումի, վերաշխուժացումի անյետաձգելի հրամայականները։ Այս բոլորը մեզ կը մղեն անգամ մը եւս լրջօրէն մտածելու, ըլլայ վերոյիշեալ նորաստեղծ հայ համայնքներու մասին եւ կամ աւանդական հայ համայնքներու դիմաց պարզուող բոլոր դժուարութիւններու եւ ծառացող նոր մարտահաւէրներու մասին, որոնք հրաշքներով կարելի չէ լուծել։ Վերլուծումներն ու ախտաճանաչումները կը մնան բառերու տեսական բովանդակութեան մէջ, եթէ անոնք չթարգմանուին միակամ մասնագիտական պատրաստակամութեամբ եւ միահամուռ գործելաոճի գործնական ծրագիրներու հետեւողականութեամբ։