Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2024

Շաբաթաթերթ

Նոր Երկասիրութիւն Ներսէս Լամբրոնացիի Մասին

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Լիբանանի Այնճար հայաւանի «Սուրբ Վարդարանի Տիրամայր» հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ, աստուածաբանութեան տոքթոր Հ. Մեսրոպ Վրդ. Թոփալեան Հայաստան գալով, ամէն անգամ կը բերէ նոր լոյս տեսած իր հերթական գիրքը:

Ամրան, երբ հոս էր, կրկին նոր լոյս տեսած իր գիրքերէն նուիրեց եւ ըսաւ, որ տպագրութեան կը պատրաստէ Ներսէս Լամբրոնացիի մասին գիրքը՝ շեշտելով, որ մեր ամենամեծերէն է Լամբրոնացին եւ իր սիրելի հայ սուրբը: Ահաւասիկ այս ձմրան Հայաստան գալուն, նուէր ստացանք «Վերափոխեալ Արքայամօր ներբողագիրը՝ Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացի (1153-1198)» խորագրեալ գիրքը:

Հ. Մեսրոպ Վրդ. Թոփալեան Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մերօրեայ նշանաւոր գիտնականներէն է, Լիբանան գործելով՝ կապ կը պահէ նաեւ Հայաստանի եւ աշխարհի միւս կաթողիկէ համայնքներուն հետ: Հեղինակ է աւելի քան յիսուն մենագրութիւններու եւ բազմաթիւ թարգմանութիւններու: Երկար տարիներ հրատարակած է «Մարիամ մարեմագիտական» ուսումնաթերթը, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ մասնագիտացած միակ մարեմագիտական պարբերականն էր:

Տ. Մեսրոպ Վրդ. Թոփալեանի գրած գիրքերը, հակառակ անոր որ աստուածաբանութեան, մարեմաբանութեան եւ յարակից նիւթեր կը ներկայացնեն, բայց նաեւ իբրեւ առանձին ուսումնասիրութիւններ գանձեր են հայագիտութեան եւ պատմութեան համար: Իր գրչանունը Մեսրոպ Հայունի է, որով ալ շատեր գիտեն սիրելի վարդապետը:

«Հայազգի ամենասիրած սուրբիս…» խորագրին ներքոյ ան գիրքին մէջ կը գրէ, որ Ս. Ներսէս Լամբրոնացի հայազգի իր ամենասիրայարգ ու մեծատառ Սուրբն է: Ան նաեւ իր տոքթորականը պաշտպանած է Լամբրոնացիի մասին ատենախօսութիւն գրելով:

«Տարսոն քաղաքամայրին երիտասարդ արքեպիսկոպոսը, որ, ըստ իս, ոչ միայն հայ ամենէն մեծ աստուածաբանը, բեղուն ճարտասան-մատենագիրը եւ հմուտ սուրբգրային մեկնաբանողն է, այլ նաեւ միութենական գաղափարին եւ գործունէութեան հեղինակներէն, գոնէ Հայ Եկեղեցիին մէջ, մեծագոյնը՝ իբրեւ տեսաբան ու գործադիր, բայց յատկապէս այդ տեսութիւնը կեանքի վերածելու ճամբան եւ այդ գործը իրականացնելու կերպը ցոյց տուած «այրն է Աստուծոյ…»:

«…Տրուպէս այս յոյժ սիրուած ու յարգուած Սուրբը զիս առինքնեց շատ կանուխ տարիքէս եւ այն՝ իր սրբութեամբ, իր աղօթասիրութեամբ, իր ճգնասիրութեամբ, իր բազմահմտութեամբ, իր հռետորութեամբ, իր համարձակախօսութեամբ, իր աշխատասիրութեամբ, իր բարենորոգչականութեամբ, իր երկերով եւ իր եկեղեցական-հասարակական գործունէութեամբ: Դեռ աւելին: Պարմանի-ուսանողական ժամանակաշրջանիս մէջ ան հանդիսացաւ առաջին մատենագրական-հայրախօսական հերոսը իմ մէկ յօդուածիս, որ ակնկալութենէս շատ աւելի հաւնուեցաւ եւ տարիներու ընթացքին՝ քանիցս տպուեցաւ»:

Գիրքին ներածականին մէջ հեղինակը ընթերցողներէն կը խնդրէ. «Կը խնդրեմ, ձեր հոգեմտաւոր ուշադրութիւնն ամփոփէիք հոս, որովհետեւ գործ ունինք եւ մտերմութեան մէջ կը մտնենք գերազանցօրէն «Սուրբ»ին եւ «Հանճար»ին հետ»:

Անկարելի է, որ Ս. Ներսէս Լամբրոնացին կարդացողը չուզէ մտերմանալ անոր սրբակեաց անձին հետ…

Անհնար է, որ Ս. Ներսէս Լամբրոնացիին ծանօթացողը չպարտադրուի առինքնուիլ անոր օրինակելի կեանքէն…

Անմտածելի է, որ Ս. Ներսէս Լամբրոնացին ուսումնասիրողը չկարենայ սքանչանալ անոր «գերմարդկային» վաստակին վրայ…

Անթոյլատրելի է, որ Ս. Ներսէս Լամբրոնացիին մօտեցողը չվերանայ անոր երկնասլաց հոգեկանութենէն ու չհիանայ անոր բազմակողմանի հմտութեան վրայ…

Անխուսափելի է, որ Ս. Ներսէս Լամբրոնացին ճիշդ ընթերցողը չվարակուի անոր անցամաքելի համամիութենասիրութենէն… Անբնական է, որ սա հինգ անձերը չսիրահարին Ս. Ներսէս Լամբրոնացիի սիրածիր կերպարին, հրաբորբ խօսքին եւ անխորաչափ տառին՝ օծուած սրբութեա՛մբ, ճշմարտութեա՛մբ, աստուածաբանութեամբ, մարեմականութեա՛մբ ու հոգեսիրութեա՛մբ:

Իրապէս սիրահարներ դարձած են սփիւռքահայ ու հայրենի մասնագէտներ, ինչպէս նաեւ օտարազգի հայագէտներ, որոնց պիտի հանդիպինք այս աշխատութեանս մէջ… Անոնցմէ մէկուն՝ շատ նշանաւոր մատենագէտին վկայութիւնը համադրուած կերպով իրաւացիօրէն կը հաստատէ վերի եօթ պարբերութիւններուն պարունակը. «Ընտիր ու սիրելի անուն եւ հանճար մը, սրտովն, լեզուով ու գրչով անհամեմատ՝ ու մեր դպրութեանց պատմութեան մէջ գրեթէ իրեն նմանը չունեցող անուանի անձ մը. թէպէտ եւ իւր այնքան բարեմասնութեամբքն ալ՝ մանաւանդ թէ աւելի այն ձրիցն համար, քիչ անգամ մխիթարութեան, այլ շատ հեղ վշտաց եւ նեղութեանց հանդիպած» (Հ. Գարեգին Զարբհանալեան, Ներսէս Լամբրոնացի, ի՝ Հ. Գ. Զարբհանալեան, Հայկական հին դպրութեան պատմութիւն (Դ.-ԺԳ. դար), Վենետիկ, 1886, [ 628-638], էջ 628):

Պարմանի տարիքէս իրապէս սիրահարներէն մէկն եմ տրուպս, որ, սակայն, զիս շատ զարմացնող անակնկալի մատնուեցայ, երբ նշմարեցի Ս. Ներսէս Լամբրոնացիին բացակայութիւնը «Մարեմագիտական» երկիս մէջ, ուր քանի մը տարի առաջ ներկայացուցած եմ Ս. Գրիգոր Նարեկացիին եւ Ս. Ներսէս Շնորհալիին մարեմականութիւնը: Րոպէաբուխ խոհով որոշեցի ծանօթացնել նմանատիպ սիրանիւթը հայ աստուածաբանութեան ու մարեմաբանութեան եռեակը կազմող «Սուրբ»ին ու «Հանճար»ին երկերէն, եւ այն՝ համարեա նոյն էջերուն քանակով: Ահաւասիկ, այսպէ՛ս գոյացաւ այս ուսումնասիրութիւնս, որուն արտաքին առիթը՝ վերոյիշեալ բացակայութիւնը արդարացուցին եւ հիմնաւորեցին յաջորդ երկու ներքին պատճառները:

Առաջինն է: Տիրամօր հանդէպ Ս. Ներսէս Լամբրոնացիին անհուն սէրը, որուն զուլալ աղբիւրն է անոր անչափելի սէրը նկատմամբ Տիրոջ՝ համոզուած ըլլալով, թէ «Աստուած ընտրեց Մայրը. զՈր ստեղծեց: Ան ստեղծեց Մայրը, զՈր ընտրեց» (Ս. Օգոստինոս, Քարոզ 69, 3.4):

Երկրորդն է: Աստուածամօր հանդէպ իմ յարաճուն սէրս, որ Ս. Ներսէս Լամբրոնացիին նկատմամբ ունեցած մնայուն գերհիացումս օգտաշահեց ուսումնասիրելու եւ արտագրելու համար «Սուրբ»ին ու «Հանճար»ին մարեմականութիւնը, մարեմերգութիւնն ու մարեմաբանութիւնը՝ յատկապէս Մարիամ Սիրամօր Վերափոխումին նուիրուած անոր ներբողին ընդմէջէն, եւ այն՝ տրուպիս խորարմատ համոզումով, թէ քանի Յիսուսի Յարութիւնը եզակի է երկնքին եւ երկրին տարեգրութեան մէջ, ապա նոյնն է պարագան Յիսուսամօր, որուն Վերնայառնումը երկրորդ եզակին է երկնային ու երկրային պատմագրութեան մէջ:

Առաւել: Մարիամի Աստուածածնութեան ու Մշտակուսութեան հետ անխուսափելիօրէն զօդուած է Մարիամի Վերափոխումը, որ բնական ու գերբնական եզրայանգումը դարձաւ Մարիամի Անարատ Յղութեան:

Այո՛, մարդկային եւ աստուածային պատմութեան մէջ չորսն ալ արտակարգ ու անկրկնելի պատմական իրողութիւն-ճշմարտութիւններն են միայն եւ միայն շնորհիւ կուսածին Աստուածամարդուն, որ կը հանդիսանայ առաջին անգերազանցելի Մարեմասէրն ու Մարեմաբանը:

Աստուածամարդկային Մարեմասէրէն ու Մարեմաբանէն ամէն անձ սորվելու է մարեմականութիւնն ու մարեմերգութիւնը: Հո՛ս է այս երկին մէջ յայտնուելիք գեղեցիկ գաղտնիքը Ս. Ներսէս Լամբրոնացիին, որուն երկերը, բայց մանաւանդ մեկնութիւններն ու ներբողները խօսուն ապացոյցներն են իրենց երիտասարդ հեղինակին առինքնող հոգեկանութեան, որ արգասիքն է անոր վարակիչ ճգնողականութեան եւ աղօթականութեան: Ասոնք մղեցին զայն խոնջէնք չճանչցած գերագոյն հոգեսիրութեան, զոր մարմնացուց իր ժողովուրդին հոգեմտաւոր վերելքին համար ժիրաժիր աշխատանքով եւ յատկապէս իրեն յանձնուած հօտին երկնային յաւերժացումին խանդաղատալից ու գործօն մտահոգութեամբ…

Յստակ է, որ կենսագրութիւնը չէ այս աշխատանքս, որ սակայն, կը հայթայթէ պէտք եղած վարքագրային տուեալները՝ աւելի լաւ հասկնալու համար Ս. Ներսէս Լամբրոնացիին միտքը եւ հոգին:

Գլխակարգութիւններուն վերտառութիւնները եւ նոյնիսկ անոնցմէ ոմանց մէջ առկայ ենթաբաժիններուն խորագիրները կը բացայայտեն հեղինակին նպատակը այս նախաձեռնութեան, ինչպէս նաեւ «Սուրբ»ին ու «Հանճար»ին աշխատանքը, մտածողութիւնն ու հոգեւորութիւնը այս կամ այն նիւթին մասին:

Կ՚ընդունիմ, անձնականն ու գիտականը միախառնուած են իրարու, այնպէս որ առաջինը մղիչն է դժուար երկրորդին եւ երկրորդը հաստատիչն է սիրախոհ առաջինին: Միայն այս միախառնումով՝ տրուպիս կարելի եղաւ պատրաստել եւ աւարտագրել երկասիրութիւնս, որուն թէ՛ մօտեցումին ու թէ՛ ներկայացումին հիմքը կազմեցին բանասիրական եւ վերլուծական առարկայականութիւնն ու աղբիւրագիտութիւնը: Անշուշտ, «Ս. Ներսէս Լամբրոնացի» արտասովոր երեւոյթ-ֆէնոմէն-ը ամբողջութեամբ ներկայացուցած ըլլալու յաւակնութիւնը չունիմ, երբե՛ք, ինչ որ դիտաւորութիւնս ալ չէր: Այդ ընելու համար՝ տարբե՛ր առաջադրանք ունենալու եւ տարբե՛ր ելակէտ որոշելու էի:

Յամենայնդէպս, իր այս ձեւաւորումին մէջ իսկ, տրուած որոշ մանրամասնութիւններու եւ նորասաց տեսութիւններու համընթաց՝ բոլորովին նորութիւն նկատելու է վերլուծական բացայայտումը «Սուրբ»ին ու «Հանճար»ին մարեմականութեան ու մարեմաբանութեան»:

Հեղինակը իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ իր եղբօրը՝ Գերշ. Հ. Յովսէփ Ծ. Վ. Թոփալեանին, որ յիսուն տարի շարունակ իրեն քաջալեր հանդիսացաւ ստեղծագործական աշխատանքին մէջ: Երախտագիտութեան խօսք ուղղած է նաեւ այս երկին մեկենասին՝ պրն. Սարգիս Ժ. Գզկընեանին, ինչպէս նաեւ միջնորդ տիկ. Սիլվա Գզկընեան-Սեմերճեանին եւ անոնց ընտանիքներուն, հարազատներուն համար հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնն ու հրաշագործ Սիրամօր պաշտպանութիւնը:

ՆԵՐՍԷՍ ԼԱՄԲՐՈՆԱՑԻ

Հայ մատենագիր, գիտնական, փիլիսոփայ, պետական եւ եկեղեցական գործիչ, հրապարակախօս, բանաստեղծ, երաժիշտ, թարգմանիչ Կիլիկեան Հայաստանի մէջ, Լամբրոնի բերդատէր:

Հեթումեան իշխան Օշին Բ.-ի եւ Շահանդուխտ Պահլաւունիի որդին՝ Ներսէս Լամբրոնացին կրթութիւն ստացած է Հայոց կաթողիկոսներ՝ Գրիգոր Գ. Պահլաւունիի եւ Ներսէս Շնորհալիի հովանաւորութեամբ, Հռոմկլայի հայրապետանոցի բարձրագոյն դպրոցին մէջ։ Սորված է օտար լեզուներ։ Ներսէս Շնորհալին զայն քահանայ ձեռնադրած է 16 տարեկանին՝ տալով իր անունը։ 1175-ին կարգուած է Տարսոն նահանգի արքեպիսկոպոս։ Կեանքի վերջին տարիներուն պաշտօնավարած է Լեւոն Բ.-ի արքունիքին մէջ որպէս ատենադպիր, պալատական խորհրդատու եւ թարգմանիչ։ Բազմիցս ուղարկուած է օտար երկիրներ ու կարգաւորած է պետութեան արտաքին գործերը։ Իր մտաւոր ու ճարտասանական կարողութեամբ վաստակած է հմուտ հրապարակախօսի համբաւ։

Գործելով Տարսոնի, Լամբրոնի, Հռոմկլայի, Սաղրիի, Սկեւռայի եւ Սեւ լեռներուն մէջ՝ Ներսէս Լամբրոնացին նպաստած է գրագիտութեան զարգացման, հօրմէն ժառանգած նիւթական միջոցներով օժանդակած է դպրոցներուն, գրադարաններուն, գրչատուներուն, երեսուն հազար ոսկի դահեկան նուիրաբերած ձեռագրեր գնելու, ընդօրինակելու, վանքերու, եկեղեցիներու ու այլ կարիքներու։ Պատուիրած կամ անձամբ ընդօրինակած է բազմաթիւ հին հայկական ձեռագրեր, որոնց մէկ մասը հասած է մեզի։ Գրիգոր Նարեկացիի՝ անոր պատուէրով ընդօրինակուած «Մատեան ողբերգութեան» երկը մեզի հասած ամենահինն (1173) ու լաւագոյնն է։

Ներսէս Լամբրոնացին պաշտպանած է Հայոց եկեղեցւոյ ինքնուրոյնութիւնը, բազմիցս մերժած է յունական եւ լատինական եկեղեցիներուն միանալու առաջարկները։

Գրական հարուստ ժառանգութիւն ձգած է։ Հռոմկլայի համաժողովին (1179) արտասանած «Ատենաբանութիւն» ճառը հրապարակախօսութեան լաւագոյն կոթողներէն մէկը կը համարուի։ Ճարտասանական բարձր արուեստով եւ հրապուրիչ ոճով, հեղինակը կը քննէ քրիստոնէական բարոյականութեան կանոնները եւ կը դատապարտէ անոնցմէ շեղումը։

«Թուղթ առ Լեւոն արքայն» երկը հայ բանավիճային գրականութեան ընտիր նմոյշներէն է, որով Ներսէս Լամբրոնացին ջանացած է հերքել Գրիգոր Տուտեորդիի եւ ուրիշներու կողմէ իր դէմ յարուցուած՝ բիւզանդական կողմնորոշման մէջ ըլլալու մեղադրանքները։

Որպէս երաժիշտ, Ներսէս Լամբրոնացին յօրինած է աւելի քան երկու տասնեակ շարականներու եղանակներ, գրած է անոնց խօսքերը եւ անձամբ երգած է զանոնք։ Նշանաւոր են «Համբարձումն Տեառն» եւ «Գալուստ Հոգւոյն Սրբոյ» ներբողեանները, Ներսէս Շնորհալիին եւ Պահլաւունեաց տոհմին նուիրուած «Գովեստ ներբողական, պատմագրական բանիւ» չափածոյ երկը։

«Մեկնութիւն խորհրդոյ պատարագին» երկը Լամբրոնացիի լաւագոյն մեկնութիւններէն է: Կարեւոր են նաեւ անոր թարգմանութիւնները, յատկապէս քաղաքացիական եւ զինուորական օրէնքները։ Հեղինակին որոշ երկերը պահպանուած չեն։

ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՅԵԱՑՔՆԵՐԸ

Ըստ Ներսէս Լամբրոնացիի, Աստուծոյ ստեղծած ողջ բնութիւնը չորս տարրերու՝ հողի, օդի, ջուրի եւ կրակի միացումն է։ Մարդու իմացական կարողութիւնը ան պայմանաւորած է մարմնին մէջ հոգիի առկայութեամբ։ Բնութեան մասին գիտելիքները անբաւարար համարելով, ան պնդած է, որ շատ իրեր ու երեւոյթներ զգայարաններով անմիջապէս ընկալելի չեն, փորձնական եղանակով կարելի չէ հասանելի ըլլալ անոնց էութեան: Չանտեսելով զգայարաններուն դերը՝ իմացաբանութեան հարցերուն մէջ հակուած է դէպի բանականապաշտութիւնը։

Ներսէս Լամբրոնացիի հայեացքներուն մէջ առկայ են տրամախօսութեան տարրեր։ Անոր կարծիքով, ոչ մէկ հասկացողութիւն, ըմբռնում քարացած է, ժամանակը, տեղն ու հանգամանքները կ՚որոշեն անոնց ճշմարիտ կամ սխալ, լաւ կամ վատ, չար կամ բարի, գեղեցիկ կամ տգեղ ըլլալը։

Կամքի ազատութեան պաշտպանութեան դիրքերէն ան քննադատած է ժամանակի հասարակական յարաբերութիւնները, ուղիներ որոնած կարգաւորելու մարդոց փոխյարաբերութիւնները։ Անոր համոզումով, հասարակական-պետական գործերու յաջող ընթացքը պայմանաւորուած է ղեկավարողներու ունակութիւններով ու բարոյական բնութագիրով։

Չժխտելով իշխանութեան միապետական ձեւը, միաժամանակ պնդած է, որ այդ իշխանութեան սահմաններուն պետական-հասարակական հարցերը պէտք չէ միանձնեայ լուծում ստանան, անհրաժեշտ է սահմանափակել թագաւորներու կամքն ու գործունէութիւնը, որպէսզի ժողովուրդը զոհ չդառնայ անոնց քմահաճոյքներուն։ Իւրաքանչիւր պետական գործիչ պէտք է յիշէ, որ իրաւունքներու մեծացման հետ կը մեծնան նաեւ պահանջները իրեն նկատմամբ։

Արձանագրելով հասարակական անհաւասարութեան փաստը՝ ան տեսած է, որ հարստութիւնը մարդուն հասարակական դիրք կ՚ապահովէ։ Ըստ Լամբրոնացիին, հասարակական կեանքին ուղղութիւն կու տայ ոչ միայն գոյամիջոցներ հայթայթելու պահանջը, այլեւ սեփականութիւն ձեռք բերելու ու բազմապատկելու ձգտումը, որ կը յանգեցնէ անարդարութիւններու։

Հասարակական կեանքը պէտք է բարւոքել, պէտք է փոխել մարդոց հայեացքն ու վարքը, վերաբերմունքը նիւթական արժէքներու նկատմամբ։ Հասարակութեան բարոյական նկարագիրը բարձրացնելու խնդիրին մէջ ան լուրջ դեր յատկացուցած է անկաշկանդ քննադատութեան, այս հարցին մէջ զարգացնելով ամբողջական ուսմունք մը։

Ներսէս Լամբրոնացին արծարծած է նաեւ ազգային եւ համազգային փոխյարաբերութեան հարցը։ Քննադատած է ազգային թշնամանքի քարոզը, կրօնադաւանաբանական տարբերութիւններու հիման վրայ ազգերը իրարու հակադրելը։ Ըստ անոր, վատ կամ լաւ, չար կամ բարի է ո՛չ թէ ողջ ազգը, այլ՝ ազգին առանձին ներկայացուցիչները։

Աշակերտները անոր ձօնած են երկեր, գրի առած են անոր կեանքն ու գործը։ Ներսէս Լամբրոնացին մեծարուած է «Տիեզերական վարդապետ», «Սիրելի», «Սուրբ» մակդիրներով։ Յանկարծամահ եղած է քարոզի ընթացքին, թաղուած է Սկեւռայի վանքին մէջ։

(Ըստ համայնագիտարանի)

«Ժամանակ»/Պոլիս

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ