Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2024

Շաբաթաթերթ

ՃՇԴՈՒՄ

«Նոր Օր»ի Փետրուար 2, 2022-ի թիւին մէջ, թերթի մեր յարգելի աշխատակից՝ Պրն. Պօղոս Արմենակ Լագիսեանի էջ 3-ի վրայ «Հայոց Ուխտագիրք» խորագիրը կրող յօդուածին մէջ, գրութեան հետ բնաւ կապ չունեցող անտեղի եւ սխալ ակնարկութիւն մը ըրած է, Լոս Անճելըսի մէջ լոյս տեսնող ՍԴՀԿ Կուսակցութեան պաշտօնաթերթին մասին անտեղիօրէն գրելով.

«Ափսոս ֆինանսական դժուարութիւնների պատճառաւ, «Մասիս»ը («Մասիս» երկլեզու շաբաթաթերթը նկատի ունենալով) Յունուար 2022-ին դադրելու է տպագիր հրատարակուիլ։

Հասարակութեանը ծառայելու իր դերը շարունակելու է «Online» համացանցի հաղորդումների միջոցաւ»։

Մեր աշխատակիցին տուած սխալ տեղեկութեան համար կ՚ապաւինինք մեր ընթերցողներուն եւ մեր  քոյր կազմակերպութեան պաշտօնաթերթի պատասխանա­տուներուն հասկացողութեան հաստատելով, որ «Մասիս» երկլեզու շաբաթաթերթը, թէ տպագիր եւ թէ առ ցանց լոյս կը տեսնէ, վայելելով մեծաթիւ ընթերցողներու ջերմ սէրն ու գնահատանքը։

«Նոր Օր» երկլեզու շաբաթաթերթի վարչութիւն
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ