Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Սուրբ Սարգիս Զօրավարը՝ Սիրոյ Բարեխօս

Այս տարի Փետրուար 12-ին Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեցեղին պիտի տօնէ Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնը։ Սուրբ Սարգիսը իր որդիին՝ Մարտիրոսի եւ 14 զինականներուն հետ նահատակուեցաւ յանուն քրիստոնէական հաւատքին։

Սուրբ Սարգիսը ազգութեամբ  հայ չէ, բայց հայերուն ամէնէն պաշտելի սուրբերէն է: Ժողովուրդի խորին համոզումով սիրահարներու արագահաս բարեխօս սուրբն է։ Պատահական չէ, որ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետը իր մասունքները Կարբի (Աշտարակի շրջան) կը բերէ՝ այնտեղ երանելիի անունը կրող եկեղեցի մը կառուցելով:  

Հայաստանի մէջ Ս. Սարգիս Զօրավարի տօնը  ընդունուած է նշել ոչ թէ միայն եկեղեցական ծէսով, այլ նաեւ ժողովրդական սովորութիւններով։ Իր միջոցով  հրաշքներ տեղի կ’ունենան:  Այդ օրը երիտասարդները սուրբին կը դիմեն, որ իրենց աղօթքները Աստուծոյ հասնին:

Ս. Սարգիսի տօնին նախորդող գիշերը երիտասարդները աղի բլիթ կ’ուտեն, եւ անոր հետ կը կապեն իրենց փեսացուի կամ հարսնցուի երազի յայտնութիւնը: Այդ օրուան յիշատակելի սովորութիւններէն է փոխինդով մատուցարանը դնել տան տանիքին կամ պատշգամբին եւ սպասել Ս. Սարգիս զօրավարի ձիու պայտի հետքը: Ըստ աաւանդութեան` Ս. Սարգիսը պէտք է հրեշտակներու հետ անցնի, եւ որուն որ մատուցարանի մէջ դրուած ալիւրի կամ փոխինդի մէջ ձգէ մաքրութիւն, անաղարտութիւն խորհրդանշող իր սպիտակ ձիու պայտի հետքը, այդ տարի կ’իրականանայ տուեալ հաւատացեալի երազանքը: Երիտասարդները տօնի առիթով զիրար բացիկներ եւ քաղցրաւենիք կը նուիրեն:

Իւրաքանչիւր տօն եւ ծէս իր խորհուրդն ունի։ Ամենայն Հայոց  Գարեգին Բ  հայրապետի տնօրինութեամբ Ս. Սարգիս զօրավարի տօնը հռչակուած է Երիտասարդներու օրհնութեան օր։

Թող սիրոյ բարեխօս Սուրբ Սարգիսը լիառատ սէր ու համերաշխութիւն բերէ ոչ թէ միայն  երիտասարդ սիրահարներուն, այլ նաեւ հայ ընտանիքներուն եւ ամբողջ հայ ազգին։ 

Սուրբը նահատակուեցաւ յանուն գաղափարի՝ պահպանելով քրիստոնէական իր հաւատքը։ Թող իր օրինակը բոլորս առաջնորդէ հայրենապաշտպանութեան եւ հայրենակերտման մէջ: 

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ