Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Santos – Սուրբերու Նաւահանգիստը …

ԿԱՐՕ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ

Գիշերը երկինքէն թելերով կախուած՝ վայրկեաններով կը քակուէր ու չէր վերջանար:

Լուսինը այդ ժամուն բարձիս վրայ կտոր մը արծաթ նետած`առտուայ արեւին կը սպասէր որպէսզի տուն երթայ ու հանգստանայ:

Ես անկողինիս մէջ պառկած՝ արթուն էի եւ ուրախ ու մտահոգ տրամադրութիւններու մէջ կ’օրօրուէի, բայց քուն չէր գար աչքերուս:

Մութին մէջ տան դահիլճի պատէն կախուած ժամացոյցի թիք-թաքին կը հետեւէի եւ հարաւի երկնքի աստղերու հրաւէրի մասին կը մտածէի, որոնք ատենէ մը ի վեր, մեզ սուրճերու արեւադարձային մեծ երկիրը կը կանչէին:

Կեանքը անոնց պատմածին համեմատ, նոր երկրին մէջ հանդարտ էր, փոթորկոտ ալիքներէ եւ փոշիոտ ճամբաներէ հեռու կ’երեւէր, եւ բուրումնաւէտ ու այլազան ծաղիկներ, արեւի ջերմ լոյսին տակ, տարին ամբողջ վառ գոյներով կը բացուէին :

Հոն դաշտերու մէջ երգերը ուրախ, եւ պարող հովերն ալ տարբեր եղանակներով կը սուլէին, իսկ օդին մէջ թռչկտող գունաւոր թութակներ, երկար կտուցներով Թուքանոներ, ուրախ թիթեռնիկներ, հոտաւէտ ծաղիկներէ հաւաքուած նեկտարներով, տարին ամբողջ քաղցրահամ մեղր կը շինէին:

Գիշերուայ մութին մէջ, հրապուրիչ էր սուրճերու երկրին պատկերը մտքիս պաստառին վրայ:

Բայց հակառակ ատոր, եւ յատկապէս ալ մեր գաղթելու առած վերջնական որոշումին դէմ, յիշատակներ, եւ վերջին վայրկեանի կասկածներ ու հարցումներ, այն գիշեր անկողինիս մէջ դեռ հետս արթուն էին:

Անոնք յատակէն եկող ալիքներու պէս միտքիս մէջ վեր կը բարձրանային ու մութին մէջ հանգիստ չէին ձգեր զիս:

– Կ’արժէ՞ր տուն-տեղ ձգել, երթալ հեռուներ, եւ մեզի անծանօթ երկիրներու մէջ նոր կեանք եւ գործ փնտռել…

– Գ՞ործ …

Մեր գործերը լաւ էին եւ հակառակ Հելիոպոլսոյ արուարձանը մեր բնակած Տահեր թաղէն հեռու ըլլալուն, մեթրոյի Թրիոմֆ կայարանին դիմացի եղբօրս խանութին լոյսերը, գիշերները մինչեւ ուշ ատեն դեռ վառած կ’ըլլային:

– Ատենին ի՛նչ նկատառումներով ինք հո՛ն գացած եւ գործ բացած էր չեմ գիտեր, բայց ներսը ամբողջ օրը առջեւի սեղանին վրայ ծռած`ան միշտ ժամացոյցներ նորոգելով զբաղած կ’ըլլար:

– Յետագային ես ալ, երբ St George’s էն շրջանաւարտ եղայ, խանութին մէջ քովը նստած` «վարպետ»իս բացատրութիւններուն կը հետեւէի, եւ կը փորձէի պատէն կախուած ժամացոյցերու խանգարող թիք- թաքին ուշադրութիւն չդարձնել:

– Ես կ’ուզէի կրցածիս չափ շուտ սորվիլ արհեստը, նախ որովհետեւ կարեւոր էր, ու յետոյ բոլորս ալ կը խորհէինք, որ նոր երկրին մէջ , ան կրնար մեր կեանքի յաջողութեան համար օգտակար դառնալ:

Սակայն ժամանակը կարճ էր եւ կարելի չէր քիչ ատենուայ մէջ դժուար արհեստի մը տիրապետել:

Արդէն դիւրին ալ չէր, որովհետեւ Ժամագործութիւնը անապատներու աւազի հատիկները համրելու պատրաստ համբերութիւն կը պահանջէր, իսկ ես` բնաւորութեամբ անհամբեր էի:

Խանութին մէջ պատէն կախուած մեծ ժամացոյցին վայրկեանները, սլաքներու ոտքերով արագ կը վազէին, բայց ինծի այնպէս կը թուէր թէ անոնք դանդաղ շրջան կ’ընէին ու ես անոնց իւրաքանչիւր թիք- թաքին միջեւ, կրնայի ամբողջ գիրք մը դիւրութեամբ կարդալ ու վերջացնել:

Թերեւս այս, եւ արհեստին մէջ ալ դեռ վարժ չըլլալուս պատճառաւ , խանութին մէջ դժուար նորոգուող ժամացոյցները միշտ եղբօրս բաժին կ’իյնային :

Մեր երկուքէն, « խաուակա » Տիգրանը անկասկա՛ծ խանութին սիւնն էր, եւ եկող յաճախորդները բնական է որ զինք փնտռէին:

Եղբայրս լաւ արհեստաւոր էր, եւ հակառակ որ քիչ ժամանակ անցած էր խանութը բանալէն, Հելիոպոլսոյ արուարձանին մէջ, իր անունը հինէն հաստատուած ժամագործ Արամին չափ շատ տարածուած էր:

Մարդիկ ամէն կողմերէ կու գային, եւ ուրիշ ժամագործներու նորոգել չկրցած ժամացոյցները “Horlogerie Dikran” ին կը բերէին:

Այդպէս կը կարդացուէր խանութի ճակատին՝ ոսկեգոյն տառերով գրուած արձանագրութիւնը մեթրոյի Թրիոմֆ կայարանին դիմաց:

Սակայն խանութը ժամացոյցերու նորոգութենէ զատ, բարեկամներու եւ նախկին դասընկերներու համար, իրիկունները օրուայ մտահոգութիւնները ցրուելու, եւ միտքերը կազդուրելու տեսակ մը անպաշտօն կայան ալ էր:

Հոն կու գար երկայնահասակ Զաւէն Թորիկեանը եւ լեռի չափ ուրախութիւն կը բերէր հետը: Կու գային նաեւ Երուանդ Գուլոյեանը, Հայկ Մազմանեանը, ոսկերիչ «Պահպահ» Օննիկը, յունարէն Ֆոս թերթը թեւին տակ դրած եւ ծայրէ ծայր դիւրութեամբ կարդացող Յունահայ Կարպիսը, Հալէպցի Հայկը, կօշկավաճառ Յովսէփը, եւ դեռ անոնցմէ զատ ալ շատ ու շատ ուրիշներ…:

Անոնք սովորաբար իրիկունները կու գային, եւ մենք աշխատած ժամանակ կը խօսէինք անցեալէն ու ներկայէն, եւ հին օրերու յուշերու բարձր շէնքէն, մէկիկ- մէկիկ մինչեւ վարի յարկերը կ’իջնէինք:

Ամառուայ ուրիշ գիշերներ ալ, խանութը գոցելնէս վերջ Կիզէ կ’երթայինք բուրգերը այցելելու: Հոն բարձր դիրքի եւ գիշերուայ յառաջացած ժամու պատճառաւ, անապատի օդը զով կ’ըլլար, եւ շուրջի համատարած լռութեանը մէջ երբեմն միայն փչող հովին ձայնը կը լսուէր:

Երկինքը բարձր էր եւ գիշերը խորհրդաւոր: Իսկ լուսինը վերէն իր պաղ լոյսով, բուրգերուն քարերը կը շոյէր ու յետոյ ալ չկշտացած՝ ամբողջ գիշեր կը համբուրէր եւ Եգիպտոսի հին օրերու կարօտը կ’ուզէր առնել:

Գիշերուայ այդ յառաջացած եւ հանդարտ ժամերուն, մեզ խանգարող չէր ըլլար … ո՛չ իսկ բուրգերու տէր փարաւոնները, որոնք այդ ժամուն դեռ հանգիստ քունի մէջ կ’ըլլային…

Մենք կը նստէինք հին ժամանակներէ մնացած խոշոր քարի մը վրայ, կը բանայինք մեր հետ տարած ուտելիքներու ծրարին բերանը, եւ զաւեշտներ պատմելով,երկինքի աստղերուն տակ պաղ գարեջուր կը խմէինք ու քէյֆ կ’ընէինք: Երբեմն ալ պատահած հին դէպքեր կը վերյիշէինք, կը զուարճանայինք եւ անցած գացած օրերուն երանի կու տայինք…:

Բայց միայն ամառուայ գիշերներու բուրգերուն տուած մեր այցելութիւնները չէին որ մենք կը սիրէինք:

Դեռ կային նաեւ տեղական եւ ժողովրդական ուրիշ տօներ , որ ես պզտիկութիւնէս միշտ սիրած եւ միշտ ալ ուզած էի տօնել ու զուարճանալ:

Անոնցմէ մէկը, Շամմ էլ Նիսիմ ի օրն էր:

Ճիշտ չեմ յիշեր ե՛րբ կամ ո՛ր տարին էր, բայց գարուն էր եւ եթէ չեմ սխալիր, Մարտ կամ Ապրիլ ամիսներու կէսերու մէջ էինք:

Շամմ էլ Նիսիմ ը արդէն եկած ու գացած էր, բայց սեւ մլայա ներու մէջ փաթթուած եւ բաց կառքերու վրայ փիքնիքի գացող կիներու Զաղրութաներու լո՜ւ, լո՜ւ, լո՜ւ, լու՜՜՜յ երկարող կանչերը դեռ կը հեռանային ու չէին մարած օդին մէջ….

Ժողովուրդին մեծամասնութիւնը, Շամմ էլ Նիսիմ ի օրը, պարտէզներու եւ բացօթեայ տեղերու մէջ «Ֆսիխ» ձուկով կը տօնէր, եւ շրջուն վաճառորդներ հիւսուած կողովներու մէջ, փողոցէ փողոց պտըտելով, կանանչ «Մենենէ » կը ծախէին այն օրերուն:

«Մենենէ» ն կամ «Մելենէ »ն, մեր ամէն տարուայ սպասած, կակուղ, կանանչ եւ դեռ չկարծրացած, անուշ սիսեռն էր որ մայրս ամէն Շամմ էլ Նիսիմ ի տօն օրերուն, խուրձերով կը գնէր, եւ կու տար ինծի, որովհետեւ գիտէր թէ կը սիրէի եւ տարին ամբողջ անոր գալուն կը սպասէի:

«Մելենէ»ները տարուայ միւս օրերուն չէին գտնուեր, եւ միայն «Շամմ էլ Նիսիմ» ի տօնէն օրեր առաջ, յանկարծ կարծես հրաշքով մէջտեղ կ’ելէին եւ շրջուն վաճառորդ կիներ ալ, գլուխնուն վրայի կողովներուն մէջ «Մելենէ» լեցուցած, մեր տան առջեւի փողոցէն պոռալով կ’անցնէին…:

Ես պզտիկ տարիքէս կը սիրէի «Մելենէ »ները: Սակայն անոնցմէ զատ, յատուկ խանութներու մէջ «Շամմ էլ Նէսիմ»ի առիթով ծախուած «պոմպա»ներն ալ տարբեր հմայք ունէին ինծի համար:

Պզտիկ գնդիկներու չափ եւ թուղթերու մէջ մանր խճաքարով ու վառօդով լեցուն, «պոմպա» ները մետաղէ բարակ թելով ծրարուած կ’ըլլային: Մենք «պոմպա»ները տաքցնելու եւ դիւրին պայթեցնելու համար, մեր ափին մէջ նախ կը փչէինք, ու յետոյ ուժուվ գետին կը զարնէինք…: «Պոմպա»ները կը պայթէին, խճաքարերը չորս դին կը տարածուէին եւ պայթիւնը շատ անգամ գետնին վրայ հետք կը ձգէր:

Բայց ցրուած խճաքարերը եւ պայթիւնէն գետնին վրայ մնացած հետքը մեզի համար կարեւոր չէին: Աւելի կարեւորը եւ հաճելին, «պոմպա»ն գետին զարնել, պայթիւնին ձայնը լսել եւ կրակի պզտիկ բոցն ալ տեսնելն էր …:

Բայց այդ չէր բոլորը, որովհետեւ անոնցմէ ոչ պակաս զուարճանալու համար, դեռ կար նաեւ վառօդով շինուած, եւ գրեթէ ոսպի մեծութեամբ ու գոյնով ալ, «Հարպ Իթալիա»ները, որոնք թուղթէ երկար երիզներու վրայ փակցուած, շատ քիչ քանակութեամբ վառօդ կը պարունակէին, եւ երբ կարծր մակերեսներու վրայ քսուէին, կայծեր կ’արձակէին ու մեր խաղերը վառ կը պահէին…:

Մենք խնայողութեամբ կը գործածէինք այդ երիզը, եւ խաղալ սկսելէ առաջ թուղթը կտորներու կը բաժնէինք:

Սակայն հիմա ես այլեւս մեծցած էի, եւ մասամբ ալ անցած կը զգայի Շամմ էլ Նիսիմ ի խաղերուն հմայքը, բայց վերջին փորձած կանանչ «Մենենէ» յիս համը դեռ թարմ էր բերնիս մէջ, եւ «Հարեթ էլ Եահուտ»ի ասֆալտներուն վրայ, կամ ալ թաղին փողոցներու անկիւններէն մեր եւ ուրիշ պզտիկ տղոց նետած «պոմպա» երուն վառօդի հոտը չէի մոռցած ու դեռ կը զգայի ռունգերուս մէջ…:

Ես դեռ կ’ապրէի ու կը շնչէի այդ բոլորը, եւ գիշերը անկողինիս մէջ պառկած, տխրութեամբ կը մտածէի որ ետեւ պիտի ձգէինք մեր սիրած բոլոր բաները…:

Իսկ հոտաւէտ սուրճերու երկիրն ալ, մեզմէ եւ ծովերէ շատ հեռու կը գտնուէր:

– Խենթութիւն չէ՞ր մեր ըրածը…

Մտածումներս փոխելու համար, անկողինիս մէջ միւս կողմ դարձայ, սակայն անոնք չդադրեցան գալէ, եւ իրերայաջորդ ալիքներու նման գլտորելով միտքս զբաղած պահեցին…:

– Հարաւի անծայրածիր հողերով երկիրը, պիտի կրնա՞ր ծովերու մեր փնտռած հանդարտ նաւահանգիստը դառնալ …

– Պիտի կրնայի՞նք նոր ջուրերուն մէջ լողալ եւ երեսը մնալ …

– Իսկ կեանքի պայմանները մեր նոր երկրին մէջ հաստատուելէն ետք, եթէ օր մը հո՛ն ալ փոխուէի՞ն …

Բարձիս վրայ, այս հարցումներուն պատասխան գտնելը դժուար էր: Ժամանակը կը սահէր եւ գիշերուայ մութին մէջ, տան դահլիճի պատէն կախուած ժամացոյցը թի՛ք-թա՛ք կ’աշխատէր…:

Հիմա արդէն բաւական ատեն կ’ընէր որ օրերը առաջուան պէս դանդաղ չէին յառաջանար եւ ժամացոյցի սլաքներն ալ կարծես անիւներու վրայ հեծած, խենթի պէս արագ կը վազէին:

– Որքա՜ն շուտ թռած էին օրերը եւ որքա՜ն շուտ անցած ժամանակը…:

– Դեռ երէկ սկսած էի Գալուստեանի մանկապարտէզը յաճախել…

Հիմա արդէն դարձած էի քսանմէկ տարեկան, եւ ինքզինքս հօրս, մօրս, ու եղբօրս հետ հաւասար չափով պատասխանատու կը զգայի եւ կ’ուզէի օգտակար ըլլալ մեր առած քայլի յաջողութեան:


Մայրս չէր ուզեր պաղ եւ ձիւն իջնող տեղեր երթալ ու կը նախընտրէր Միջերկրականի կլիմայ ունեցող երկիրները ուր հարաւի կապոյտ ծովը, տաք հովերը, եւ ուրախ երգերը, բոլորիս համար քաշողական էին:

Հոն, տարին ամբողջ, արեւը ծովու ալիքներու վրայ անդադար կը պարէր, եւ ջուրերու մէջ առատ ոսկի կը թափէր….. Իսկ երկնքին վրայ հայելիի պէս փայլուն աստղեր, շարունակ կը պսպղային ու չէին դադրեր իրենց հրաւէր-յանկերգը կրկնելէ մեզի:

– Հո՛ս եկէք, շու՛տ եկէք….

– Հ՛ոս եկէք, շու՛տ եկէք….

Մենք արդէն տուած էինք մեր վերջնական որոշումը, եւ հիմա բարձր ջուրերէ անդին գտնուող կանանչ երկրին ճամբան այլեւս երկար չէր երեւար մեր աչքերուն:

Հօրս մասնաւոր շինել տուած ճամբորդութեան պայուսակները մինչեւ բերանները յոյսերով լեցուցինք, թուագրեցինք, եւ տան մէջ անկիւն մը շարեցինք: Անոնք մեզի հետ պիտի երթային նոր աստղերու երկիրը:

Բայց դեռ կը մնար անոնց եւ քանի մը սնտուկներու վրայ, մեր երթալիք նաւահանգիստին անունը գրել: Վրձինը թաթխեցի առջեւիս ճերմակ մելանին մէջ, եւ առաջին սնտուկին վրայ Փորթուկալերէնով Santos գրեցի:

Վերջին օրուան համար միայն անկողինները քակել կը մնար…..

Գիշերը երկինքէն թելերով կախուած`դեռ կ’երկննար, բայց հիմա ծագելու մօտ արշալոյսի պատճառով հետզհետէ կը բարակնար:

Թեթեւ քուն մը թռելով եկաւ եւ բարձիս վրայ կեցաւ: Յոգնած կը զգայի եւ քիչ վերջ քունս երթալով ծանրացաւ, բայց յանկարծ դեռ կէս քուն վիճակի մէջ, հեռուէն ծանօթ ձայներ լսեցի…

– Շիտա՞կ էր լսածս թէ երազ կամ պարզ երեւակայութիւն, չկրցայ զանազանել:

Բայց ձայները յստակ էին ,կ’երգէին, եւ շարունակ նոյն յանկերգը կը կրկնէին:

– Հո՛ս եկէք, շու՛տ եկէք….

– Հո՛ս եկէք, շո՛ւտ եկէք….

Ես այդ հրաւէրին ձայները կը ճանչնայի տեղէ մը եւ գիտէի, որ հիմա արդէն հասած էր ընդունելու ժամը…:

Անկողինիս մէջ պառկած, ես վայրկեան մը հարաւի երկրի գունաւոր ծաղիկները եւ հովերու մեղմ պարին մէջ զարդարուն փետուրներով թութակներու թռիչքը երեւակայեցի, ու մութին՝ այդ պատկերներով օրօրուելով, պահ մը ետք հեռու երկրի հովերու պարին միացայ ու մեր տունէն հետզհետէ հեռացայ…

Քամփինաս, Պրազիլ
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ