Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Արեւե՞լք Թէ՝ Արեւմուտք

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Կամ՝ հիւսի՞ս թէ՝ հարաւ:

Դարերու ընթացքին, հայ ժողովուրդը ենթարկուած է հալածանքներու, ջարդերու եւ պատերազմներու, իր գոյութեան բնաջնջման աստիճանի: Հազար ու մէկ վարկած կայ այդ պատճառներուն մասին: Մին՝ Հայաստանի հողերուն «չորս ճամբու առանցքին» գտնուելուն համար, միւսը՝ Հայաստանի հողերուն բարեբեր եւ ինքնաբաւութեան, մշակոյթին, հարստութեան, Հայաստանի ղեկավարներուն անմիաբանութեան, դաւաճանութեան եւ այլ հազար ու մէկ պատճառներ, որոնք հայոց պատմութեան մէջ սորված ենք գիտակցօրէն, առանց անդրադառնալու կամ մտածելու լուծում մը գտնելու այդ մասին: Հաւատալի չէ որ ազգ մը, հազարաւոր տարի կրէ պատերազմներու արդիւնք, հետեւանք, տառապանք, ջարդ, աքսոր եւ բնաջնջման վտանգ եւ տակաւին չհասկնայ, կամ չսորվի, կամ չ՝անդրադառնայ թէ՝ « ո՛վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ոյժի մէջ է»: Արդեօք, քանի՞ հազար հայ թէ օտար «մարդ» բարձրաձայնած է այս խօսքը եւ մնացած անարձագանք, մեր հոգիներուն մէջ:

Հայոց պատմութեան մէջ, կա՞յ ժամանակաշրջան, գոնէ դար մը, ուր ապրած ենք խաղաղ ու ապահով առանց որեւէ արտաքին պատերազմներու կամ ներքին յարձակումներու եւ պառակտումներու: Հազիւ մի քանի տասնեակ տարիներու հաւաքական իշխանութիւնէ եւ խաղաղութիւնէ ետք անմիջապէս յաջորդած են պատերազմներ, դաւաճանութիւններ, տարանջատում, բաժանում եւ ապա՝ իշխանութիւններու կործանում: Հպատակ եւ ենթակայ եղած ենք Պարսիկին, Յոյնին, Հռոմին, Արաբին, Թաթարին, Մոնկոլին ու Միջին Ասիոյ համարեա բոլոր քոչւորներ ազգերուն, իսկ այսօր ալ՝ Ռուսին, որոնք խուժած, գրաւած եւ իւրացուցած են մեր հողերը, մեր հայրենիքը…մինչեւ այսօր:

Ծառայած ենք օտարին, Հռոմէն սկսեալ մինչեւ Պարսկաստան: Պապէն աւելի կաթոլիկ ըլլալու աստիճան ծառայած ենք անոնց բանակներուն, արքունիքին, իշխանութեան (հայ ազգին դէմ ցցուելու աստիճանի), ծաղկեցուցած ենք օտարին մշակոյթն ու արուեստը եւ այսօր մնացած ենք անտէր: Շուարած ենք ա՞ջ թեքիլ թէ ձախ, արեւմո՞ւտք թէ արեւելք, կամ՝ հիւսի՞ս թէ հարաւ, որովհետեւ՝ միաբան չենք: Պաշտօնը աւարտած եւ իր երկիրը վերադարձող Պարսիկ դեսպանին նշած խօսքը մեզի, «դուք հայերդ շատ լաւ ժողովուրդ էք, բայց իւրաքանչիւրդ ինքզինք թագաւոր կը կարծէ»: Սրտէն խոցած հարազատ եւ անկեղծ նետի մը ազդեցութիւնը պէտք էր ունենար այդ օտարին արձակած յորդորը մեր ազգին վրայ: Բայց ձայնս յանապատի:

Կը պատմեն թէ՝ նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջաններուն, դարեր առաջ, հայ ցեղը այս յիշեալ պատճառներուն հետեւանքով, գաղթած է դէպի Եւրոպա, Գերմանիա, հիւսիսային Եւրոպա, Անգլիա եւ Իռլանտա: Մեծ փաստեր գոյութիւն ունին այդ ուղղութեամբ, Գերմանիոյ, Իռլանտայի եւ Անգլիոյ պատմութեան մէջ: (Բայց ո՞վ է հետաքրքրուած:)

Շատ փորձեր կատարած ենք միաւորուելու: Դժբախտաբար՝ այդ ղեկավարներուն աթոռները, որոնց վրայ բազմեցուցինք զիրենք, կարծէք կպչուն էին եւ անոնք «չկարողացան» լքել իրենց դիրքերը մինչեւ մահ կամ՝ կործանում: Անոնց վստահած էինք իշխանութիւն, կառավարութիւն կամ՝ կուսակցութիւն. բոլորին վախճանը սակայն՝ եղաւ դժբախտ, մինչեւ օրս:

Այդ ղեկավարները, սխալ ըմբռնումով էին տարուած, կարծելով թէ՝ իշխանութիւն կամ ղեկավարութիւն կը նշանակէ հրամաններու գործադրում, ըլլան անոնք անձնական կամ՝ արտաքին ոյժերու թելադրանք: Կարծեցին ունենալ անսահման լիազօրութիւններ քաղաք, երկիր ու ժողովուրդ կողոպտելու, երկրի մը ճակատագիրը որոշելու իրենց անձնական շահերուն սիրոյն: Իսկ այսօր, անոնք «եղած են ընդդիմադիր ճակատ» իշխանութեան դէմ:

Բայց, չէ՞որ, այս փորձուած էր ժամանակին եւ չէր յաջողած, կարելի՞ է նոյն սխալը կրկնել մարդկային օրէնքով: Վերջին հարիւր յիսուն տարիներուն ձեռք բացինք արեւմուտքին, այնտեղէն ներածեցինք «հիանալի» գաղափարներ, հայ ազգի բարօրութեան համար: Փոխարէնը՝ նոր կուսակցութիւններ կազմեցինք եւ տարտղնեցինք ազգի միաւորման յոյսը, մէկը մէկին դէմ հանելով: Գացինք թուրքին, հասկնալ հասկցուելու համար: Մեր գլխուն ցեղասպանութիւն սարքեց: Օգնութիւն հայցեցինք արեւմուտքէն, դաւաճանեցին մեզ, պատմութիւնը վկայ: Պատառիկ մը Հայաստան մնաց ձեռքերնիս, այդ ալ, դարձաւ ռուսին բաժին, 70 տարիներ շարունակ: Իսկ այսօր, ունինք ազատ անկախ Հայաստան մը եւ փոքր պատառիկ մը Արցախ, վստա՞հ ենք որ պիտի կարենանք պահել այս հողերը, երբ հազար ու մէկ բերնէ կը լսենք այս կամ այն ղեկավարին գործած դաւաճանութիւնը, խաբեբայութիւնը կամ մէկ այլին կեղեքումները: Իսկ ազգային ժողովին մէջ պատահած խայտառակութիւններն ու այլախոհութիւնե՞րը, կարծէք կը գերազանցեն հայոց բանակին մէջ պատահած դաւաճանութիւններուն: Ափսոս չէ՞ր այն պատանիին կամ զինուորին որ անմեղօրէն զոհուեցաւ սահմանին վրայ, մնալով անպաշտպան, անզէն ու մինակ, կարգ մը անսիրտ ու անհոգի ղեկավարներու «քաղաքական» շահոյթներու սիրոյն:

Պատմութիւնը կը կրկնէ ինքզինք:

Ոչինչ՛ փոխուած է հայոց տասնեակ հազարամեայ պատմութիւնէն:

Արդեօ՞ք մեր (ԿԵՆ) Genealogy-ի մէջ է այս յոռի յատկութիւնը:

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ