Կիրակի, Նոյեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

ՄԱՀԱԶԴ

ՍԻԼՎԻԱ ՆԱԶԱՐԵԱՆ

(1941-2022)

Անհուն կսկիծով կը գուժենք մահը մեր սիրեցեալ կնոջ, մօր եւ քրոջ՝

Սիլվիա Նազարեանի (ծնեալ՝ Sylvia Diane Bent) մահը,

որ տեղի ունեցաւ 8 Փետրուար 2022-ին՝ յետ առողջական արագ վատթարացման:

Սիլվիա Նազարեան ծնած էր Ինտիանա նահանգի Միշաուաքա (Mishawaka) քաղաքը 1941-ին: Համալսարանական ուսումը ստացած է Ինտիանապոլիսի Herron Art Museum գոլեճէն ներս, ապա LASU-էն որակաւորուած է ուսուցիչի եւ մանկավարժի վկայագրերով, ապա երկար տարիներ աշխատած է կրթութեան ասպարէզէն ներս (LAUSD): 1963-ին կ’ամուսնանայ Յակոբ Նազարեանի հետ եւ կը բախտաւորուին երկու զաւակներով՝ Կրեկ (ճարտարագէտ, Շիքակօ) եւ Անի (դեղագործ, Ռիչմընտ): Սիլվիա 25 տարուայ վեթերան անդամուհի էր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ միշտ թիկունք կեցած էր իր ամուսնոյն եւ ՌԱԿ-ի գործունէութիւններուն:

Դիակիզումէն ետք տեղի պիտի ունենայ ոգեկոչման արարողութիւն յառաջիկայ երկու ամիսներու ընթացքին, իսկ թաղման կարգը պիտի կատարուի Ռանչօ Փալոս Վերտեսի Green Hills մեռելատան մէջ: (Մանրամասնութիւնները կը հաղորդուին յառաջիկայ օրերուն:)

Հանգուցեալին մահը կը սգան ամուսինը՝ Յակոբ Նազարեան, զաւակները՝ Կրեկ եւ Անի, քոյրերը՝ Ռոզալի Ուեստ եւ Կէյլ Լոնկ ընտանիքները, եղբայրը եւ կինը՝ Տէյվիտ եւ Քոլեթ Պենթ ընտանիքը (Միշաուաքա), Տոքթ. Հէնրի եւ Ռիթա Հասըրճեաններ եւ ընտանիք (Պրենթվուտ), Ալիս եւ Պեն Չեւտարեան (Փալոս Վերտես), Մարիա եւ Վիգէն եւ ընտանիք (Նիւ Ճըրզի), Փրոֆ. Սիլվա Գարայեան, Տիգրան, Շահնուր Մուրատեան եւ ընտանիք (Հալէպ), ինչպէս նաեւ համայն ՌԱԿ անդամութիւնը:

Կը խնդրուի փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կատարել «Նոր Օր» Բարգաւաճման ֆոնտին (Nor Or Charitable Foundation):

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ