Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Տեառնընդառաջի Քառասնօրեան Եւ Խարոյկահանդէսները

ԶԱՒԷՆ Ա ՔՀՆՅ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

«Խոտելի Է Շրջիլն Զհրովն, Որ Ի Տգիտաց Է Ներմուծեալ»

ՏՕՆԱՑՈՅՑ (Երուսաղէմ 1915 էջ 24)

Ի՞նչ Կապ Կայ Երկուքին Միջեւ

Ո՛չ միայն կապ չկայ երկուքին, Յիսուս Մանուկին քառասնօրեայ Տաճար Ընծայման եւ հրավառութեան միջեւ, այլ մանաւանդ «խոտելի է շրջիլն զհրով», այսինքն «ատելի է կրակին շուրջ պարելով», ինչպէս կը հրահանգէ Հայ Եկեղեցւոյ Տօնացոյցը, եւ խստիւ  կ՛արգիլէ կրակն ու շուրջպարը ու կը հրահանգէ զայն շեշտակի վերջաբան այս մէկ տողով Մեծ Տօնին արարողակարգի աւարտին, որ կը հանդիպի անշարժ կերպով Փետրուար 14-ին։ Հաւատացեալ մը հարցուց թէ ուրկէ՞ այդ հեթանոսական սովորութիւնը, որուն պատասխանեցի Տօնացոյցին տուած խիստ արգելքով, թէ հրավառութիւնը «տգիտաց է ներմուծեալ», տպուած շեղագիր ու շեշտակի գիրերով։

            Մանկութենէս ի վեր Քրիստոսի Տեառնընդառաջի տօնին չեմ տեսած նման հրավառութիւն, ոչ իսկ նման բան մը կը յիշեմ երբ կ՛ուսանէի Դպրեվանքէն ներս։ Մոմի մը բոցով Սուրբ Խորանէն վառուած կայծն էր զոր տուն կը տանէինք իբրեւ «Լոյս Աշխարհի», ինչպէս կ՛ընէինք նաեւ զոյգ Ճրագալոյցներու երեկոյեան՝ Ծննդեան եւ Զատկին։ Կարելի չէ, ինչպէս լսեցի անցեալ օր, «Քրիստոս Լոյս Աշխարհի» տիրաւանդ վկայութիւնը համեմատել ու արդարացնել հրավառութիւնը, որ պարզապէս անարգել կը նշանակէ Տիրոջ սուրբ ներկայութիւնը։

            Ղուկաս Աւետարանիչ Սիմէոն Ծերունիի մարգարէութիւնն ու օրհնութիւնը կը տեղեկագրէ, թէ երբ Յիսուս Մանուկը գրկեց «այժմ ով Տէր խաղաղութեամբ արձակէ քու ծառադ», կ՛ըսէր, «վասնզի աչքերս տեսան քու փրկութիւնդ զոր պատրաստեցիր բոլոր ժողովուրդներուն համար»։ Ծերունին նաեւ «լոյս» կը կոչէ Մանուկը «որպէս յայտնութիւն հեթանոսներուն»։ Այդ «լոյսը» ու՜ր, կրակն ու շուրջպարը ուր։ Հեռաւոր կապ մը չկա՞յ արդեօք կրակապաշտութեան եւ մեր օրերու այս սովորութեան միջեւ, որուն համար զոհուեցան Աւարայրի մեր հերոսները Վարդանանք եւ Ղեւոնդեանք։    

            Կայ նաեւ ուրիշ երեւոյթ մը ծանօթ որպէս «Վալընթայնզի Օր» որ անշարժ կը հանդիպի նոյն Փետրուար 14¬ին։ Հոս եւս զայն «սիրահարներու օր» հռչակելով բոլորովին կը խաթարեն Տիրոջ Տաճար Ընծայման սրբութիւնը։ Ծանծաղամտօրէն կրակը կը վառեն իբր թէ նոր ամուսնացեալ զոյգերուն ի պատիւ որուն վրայէն անապահով հարսը կը ցատկէ եղեր։ Որքան իմաստուն եղան մեր նախնիք երբ արգիլեցին հրավառութիւնը Տեառնընդառաջի Տօնի նաւակատիքին։

            Եթէ առաւելութիւն մը կայ այս անփոյթ սովորութեան մէջ, ու այդ առաւելութեան համաձայն եմ, այն ալ անպայման երիտասարդները աւելի մեծ թիւով եկեղեցի առաջնորդելն է, եւ սակայն անոնց խելքն ու միտքը հրավառութեան վրայ ըլլալով եկեղեցական պաշտամունքին հազիւ ներկայ կ՛ըլլան, զայն երկրորդական նկատելով։ Դրական կողմը շեշտելով կ՛ուզեմ ըսել որ նորապսակ զոյգերը քաջալերել անպայման ճիշդ ուղին է Տիրոջ Ընծայման այս առիթով։ Անոնք եւս եկեղեցի գալով մոմերը վառեն սուրբ խորանէն, ընկերային գեղեցիկ ճաշն ու հաճոյքը վայելեն, եւ մոմերնին վառ տուն երթան։ Անհրաժեշտ է մեր եկեղեցական տօները զգուշութեամբ պահել եւ կատարել ու չխաթարել զանոնք արգիլեալ հրահանգները չկարդալով ու անտեսելով։

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ