Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովը Կը Շնորհաւորէ Պերճ Սեդրակեանը Իր Տեսլական Առաջնորդութեան 20-րդ Տարեդարձին Առիթով

22 Փետրուար 2022-ը նշանակելի հանգրուան մը կը հանդիսանայ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ անոր պատկառելի առաջնորդին՝ Պերճ Սեդրակեանին համար, որ այդ օր, 20 տարիներ առաջ, արժանաւորապէս կը ստանձնէր աշխարհի մեծագոյն հայկական ոչ-շահամէտ կազմակերպութեան նախագահութիւնը:

Երբ կ’անդրադառնանք անցնող երկու տասնամեակներուն, նաեւ անոնց նախորդող քսանհինգ տարիներուն որոնց ընթացքին Պերճ Սեդրակեան արդէն առաջնորդող գործունէութիւն ծաւալած էր որպէս  Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամ, աներկբայօրէն կրնանք հաստատել, թէ Հ.Բ.Ը.Մ.ի պատմութեան մէջ ան ունի իր մնայուն դրոշմը, որպէս ապագային յարող տեսլապաշտ եւ լայնահորիզոն ղեկավար, որուն համար պատասխանատուութեան ստանձնումը եղած է կոչում՝ աւելի քան ընտրանք:

Բոլոր անոնք որոնք բախտաւորութիւնը ունեցած են աշխատելու իր հետ, աւելի քան մէկ դար ազգի ծառայութեան գործին նուիրուած աշխարհատարած մեր կազմակերպութիւնը ղեկավարելու ծանր յանձնառութեան մէջ, կրնան հաստատել, թէ հակառակ իր փայլուն ասպարէզին մէջ ձեռք բերած յաջողութեան ու ճանաչումին, ան իր կենսանպատակին մարմնաւորումը գտած է Հ.Բ.Ը.Մ.ի առաքելութեան մէջ:

Ըլլալով ջերմ ջատագովը Հ.Բ.Ը.Մ.ի հիմնադիրներու «Միութիւնը Զօրութիւն է»  պատգամին, ան հայ ժողովուրդի հզօրացումին ուղղուած իր ճիգերը կեդրոնացուցած է տարբեր աշխարհահայեացքներ եւ սերունդներ կամրջելու եւ ընդհանրական նպատակներ ու տեսլականներ ձեւաւորելու գործին: Այդ ուղղութեամբ, ան յանդուգն նախաձեռնութիւններ կատարած է Հայաստանի ու արցախի մէջ մեր ներկայութիւնը եւ ազդեցութիւնը ամրապնդելու համար, այն խոր համոզումով, որ Սփիւռքի եւ հայրենիքի ճակատագրերը միահիւսուած են իրարու: Ան նաեւ հաստատակամ եւ անխախտ զօրակցութիւն ցուցաբերած է Հայ Եկեղեցիին, զայն դաւանելով որպէս հայ ազգի կռուանը: Առ այդ, ան բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ գլխաւորած է նպատակ ունենալով այժմէականացնել եկեղեցիի դերը եւ հոգեւոր թէ պատմական առումով զայն մաս դարձնել հայ ժողովուրդի առօրեային:

Առաջնորդի իր բնատուր խառնուածքով, ան խանդավառ աջակցութիւն ցուցաբերած է երիտասարդներու անձնական թէ արհեստագիտական կարողութիւններու մշակումին: Հ.Բ.Ը.Մ.ի պատմութեան մէջ ըլլալով երիտասարդ տարիքին Կեդրոնական Վարչական ժողովին անդամ ընտրուած առաջիններէն մին, ան նաեւ աջակցած է երիտասարդ առաջնորդներու պատրաստութեան, քաջալերելով որ անոնք  ղեկավարի իրենց ձիրքերը եւ ինքնավստահութիւնը ի սպաս կը դնեն հայ ժողովուրդին, ինչպէս ըրած է ինք:

Նախագահի պաշտօնը ստանձնելու առաջին իսկ օրէն, Պերճ Սեդրակեան  համաշխարհայնացումի եւ աշխարհաքաղաքական զարգացումներու բարդ խնդիրներուն ընդառաջ, մեր կառոյցները եւ գործելաոճը վերակազմակերպելու աշխատանքին լծուած է, միշտ հետամուտ նպատակաուղղուած գործունէութիւններով եւ ծրագիրներով զօրացնելու ինքնութեան եւ ժառանգութեան գիտակցութիւնը ազգի ծառայութեան առաքելութեան մէջ: Ճարտարագիտութեան եւ հաղորդակցական միջոցներու արագընթաց զարգացման հետ քայլ պահելով հանդերձ, ան միշտ կարեւորած է ուղղակի հանդիպումներով անձնական կապեր ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը: Հետեւաբար,  մեր աշխարհատարած շրջանակներուն եւ մասնաճիւղերուն տուած իր շարունակական այցելութիւններով, ան մօտէն ծանօթացած է անոնց իւրայատկութիւններուն, ակնկալութիւններուն եւ նախապատուութիւններուն, լաւագոյնս եւ արդարօրէն բաշխելու համար Միութեան միջոցները, կեանքերու բարելաւման ի խնդիր: Այդ իսկ պատճառով, միութեան վաթսուն մասնաճիւղերը եւ շրջանակները աշխոյժ կեդրոններ են, ուր կը մշակուին ինքնութեան գիտակցութիւնը եւ ծառայութեան ոգին ու կը զարգանայ մշակոյթը: Իսկ արտակարգ իրավիճակներու պարագային, անոնցմէ իւրաքանչիւրը, շտապ օգնութեան ջոկատներու կը վերածուի, աջակցութիւն հասցնելով հոն ուր կարիքը կը զգացուի:

Միշտ պատրաստ դիմակալելու ամենածանր մարտահրաւէրները, Նախագահ Պերճ Սեդրակեան պատուուվ առաջնորդած է մեզ հայութիւնը հարուածած շարք մը աղիտալի տագնապներու ընդմէջէն, Սուրիա, Հայաստան, Արցախ, Լիբանան եւ այլուր: Բարձրազդեցիկ լայն շրջանակներու մէջ  իր ծանօթութիւններուն միջոցաւ, ան սատարած է մեր ժողովուրդի շահերուն: Միաժամանակ, աշխարհի տարածքին կազմակերպելով դրամահաւաքի համընդհանուր արշաւ, օրերու ընթացքին գոյացուցած է բազմամիլիոն գումարներ, անհրաժեշտ միջոցներ տրամադրելով տեղական մասնաճիւղերուն, որպէսզի անոնք մարդասիրական շտապ օգնութիւն մատակարարեն դժուարութեան մատնուած ազգակիցներու:

Այսօր, այս պատեհ առիթով, մենք հրապարակաւ մեր խոր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք քեզի սիրելի Պերճ,  քու յանդուգն մտածողութեանդ, անշեղ սկզբունքայնութեանդ եւ յստակատեսութեամբ մեր դիմաց ծառացող մարտահրաւէրները դիմակալելու եւ առիթները ընկալելու քու կարողութեանդ համար,  որոնք ուղղած են մեր ռազմավարութիւնը եւ միջոցառումները, ապահովելու համար աշխարհի տարածքին հայութեան բարօրութիւնը: Դուն քու խորաթափանց աշխարհընկալումովդ եւ նախորդներուդ վաստակին սուր գիտակցութեամբդ, քսան տարիներ առաջ այսօր, կը ստանձնէիր նախագահի պաշտօնը որպէս ճիշդ ղեկավարը ճիշդ ժամանակին, առաջնորդելու համար մեր Միութիւնը դէպի նոր եւ աննախադէպ բարձունքներ:

Մենք անկեղծօրէն կ’ողջունենք քեզ, այս վեհ առաքելութեան շուրջ մեզ համախմբելուդ, նաեւ քու ողջ կեանքիդ ընթացքին ձեռք բերած իմաստութիւնդ, հայեցողութիւնդ եւ ժամանակդ մեր հետ բաժնեկցելուդ համար: Այս առթիւ, մենք կ’ուզենք նաեւ բարձր գնահատանքի արժանացնել քու ազնիւ տիկինդ Վերա Սեդրակեանը, քու սերտ գործակիցդ եւ բաժնեկիցը այս նպատակաուղղուած ուղեւորութեան որուն դուք ձեռնարկեցիք տարիներ առաջ, որպէս Հ.Բ.Ը.Մ.ի ջերմեռանդ ախոյեաններ:

Ջերմագին շնորհաւորութիւններ մեր կազմակերպութեան պատմութեան եւ ձեր օրինակելի կեանքի այս նշանակելի հանգրուանին առիթով:

Երախտագիտութեամբ Հրապարակուած

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան Կողմէ

22 Փետրուար 2022
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ