«Եկէ՛ք այնքան շատ, որ եկեղեցւոյ տարածքը տեղ չմնայ»
Յովնան Արք. Տէրտէրեան
Արեւմտեան թեմի առաջնորդանիստ Ս. Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարում եւ միւս եկեղեցիներում Փետրուար 12-ին նշուեց Ս. Սարգիս Զօրավարի Տօնը, որ երիտասարդների օրհնութեան օր է Հայց. եկեղեցում։
Կիրակի, փետրուարի 13-ին նշուեց Տեառընդառաջը՝ «Տօն քառասնօրեայ գալստեանն Քրիստոսի ի Տաճարն»: Զոյգ օրերն էլ մեր եկեղեցու սիրուած տօներից են, որ պատշաճ հանդիսաւորութեամբ նշուեցին նաեւ Արեւմտեան թեմում։
Փետրուարի 13-ի երեկոյեան Սբ. Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարում կատարուեց Տեառնընդառաջի Նախատօնակ, ապա խարոյկի վառման աւանդական արարողութիւն, գլխաւորութեամբ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի։ Եկեղեցում արարողութիւնից եւ աղօթքից յետոյ Առաջնորդ Սրբազանն իր խօսքը ուղղեց նշանադրեալ զոյգերին, նորապսակներին եւ հաւատացեալներին եւ ի մասնաւորի ասաց.
«Այս պահը, երբ կը ողջունենք այսքան մեծ թիւով երիտասարդներուն, նշանադրեալ եւ նոր ամուսնացեալ զոյգերուն, մենք կ’ուզենք թարգմանել որպէս Աստուծոյ երեւելի օրհնութեան նշան։ Երբ կը խօսինք Աստուծոյ օրհնութեան մասին, ապա այն վերացական գաղափար մը չէ, այն կ’արտայայտուի մարդու կեանքի մէջէն, Ձեր կեանքո՛վ կ’արտայայտուի։
Տեառնընդառաջի Նախատօնակի այս երեկոյին ինչքա՜ն ուրախ ենք. դուք եկած էք այստեղ՝ Ձեր ուխտը նորոգելու, եկած էք այս երեկոյ Ձեր շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան զգացումներն ու շնորհակալութիւն Աստծուն վերընծայելու, որ օրհնած է Ձեզ, որ Ձեր կեանքը միացնելով՝ դառնաք ընտանիքներ։ Տեառն ընդառաջ – սա մի բառ է, բայց այս բառին մէջ կը գտնենք խորհուրդը քրիստոնէութեան. Տիրո՛ջն ընդառաջ։ Այն մարդը, որ իր քայլերը կ’առաջնորդէ Տիրոջ՝ Աստուծոյ առջեւ, եւ Դուք Ձեր ամուսնական խորհուրդով նաեւ նշանադրութեամբ, նաեւ ովքեր զաւակներ են ունեցած, Ձեր կեանքի քայլերը առաջնորդած էք Աստուծոյ ներկայութեան։ Եւ երբ Աստծոյ ներկայութեան էք, Ձեր կեանքը նուիրական է, օրհնուած ու բարգաւաճ։
Եկեղեցին քարեղէն շէնքը չէ միայն, որ հովանի կը դառնայ մեզ, այդ Դո՛ւք էք, սիրելի երիտասարդներ, ամուսնացեալ ու նշանադրեալ զոյգեր, Դուք էք ապրող եւ շնչող եկեղեցին, եւ այսօր Ձեր աղօթքի կեանքով, Ձեր հաւատքով եկած էք Տեառն ընդառաջ, եկած էք Աստծոյ ներկայութեան։ Ի՞նչ է Աստծոյ ներկայութիւնը. դրանով մենք կը տեսնենք մեր ներքին աշխարհը, տեսիլքներով կը հարստացնենք մեր կեանքը։
Փառք Աստուծոյ, որ Դուք կաք մեր ս. եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։ Կը շնորհաւորենք եւ մեր բոլորի ու հաւատաւոր ժողովուրդի աղօթքը կը փոխանցենք Ձեզ։ Մեր աղօթքն է, որ Աստուած մշտապէս ներկայ ըլլայ Ձեր հոգեւոր կեանքին մէջ, Դուք ըլլաք միշտ օրհնուած, Ձեր բալիկները դառնան նոր յոյսը, նոր երանգը, հաւատքի նոր արտայայտութիւնը, նոր աղօթքը մեր ազգի կեանքի մէջ։ Մենք Ձեր մշտապէս կ’ուզենք տեսնել, բայց նաեւ կ’ուզենք տեսնել Ձեր բալիկներով։ Եկէ՛ք այնքան շատ, որ եկեղեցւոյ տարածքը տեղ չմնայ, ինչքան շատ ըլլան Ձեր երեխաները, այնքան հզօր կը դառնայ մեր ազգը, հաստատ կը դառնայ մեր սուրբ եկեղեցին», իր պատգամը փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Յաւարտ Նախատօնակի՝ Յովնան Արք. Տէրտէրեանը իր օրհնութիւնը բերեց նորապսակներին ու մանուկներին։
Տեառնընդառաջի արարողութիւնը շարունակուեց Ս. Ղեւոնդեանց շրջանակից ներս, ուր Թրփանճեան հրապարակում Առաջնորդ Սրբազանը վառեց Տեառնընդառաջի խարոյկը, ապա Արարատ պարային համոյթը ներկայացրեց ազգային պարերի գեղեցիկ ընտրանի, որի կատարումներին միախառնուեցին նաեւ ներկայ երիտասարդներից շատերը։ Հրապարակում նաեւ աւանդական հիւրասիրութիւն էր, երբ նորապսակների ընտանիքները աւանդական կերակուր են հիւրասիրում ներկաներին։