Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Սէրը

Մեր կեանքի մեծագոյն դրդիչ ուժերէն մէկը, մեզ ոգեւորող, յուսադրող, առաջ  մղող ուժերէն մէկը, բայց եւ միեւնոյն ատեն մեզ ոչնչացնող ուժերէն մէկը սէրն է։ Սէր՝ ամէն ինչի հանդէպ: Սէր՝ հայրենիքի, զաւակի, ծնողքի, ծննդավայրի, աշխատանքի եւ շրջապատող մարդոց հանդէպ: Սէր՝ ամէն ինչի ու ամէն մարդու հանդէպ:  

Երեխայի հանդէպ սէրը ծնողքը կը դրդէ ինքնամոռացումի եւ ինքնազոհաբերումի: Աշխատանքի հանդէպ սէրը կը դրդէ արարման ու զարգացման: Հայրենիքի հանդէպ սէրը կը դրդէ ինքնամոռաց ու անձնուրաց հայրենապաշտպանութեան։

Այն ինչ  այսօր տեղի կ’ունենայ մոլորակի վրայ, կամ աւելի փոքր տեսանկիւնէն՝ ընդհանրապէս հայրենիքի ու աշխարհի մէջ, սիրոյ բացակայութիւնն է  կամ ալ աւելի վատ՝ անտարբերութիւնն է։ Բնութիւնը չենք սիրեր՝ անտեղի ծառեր կը հատենք, կ’աղտոտենք,  անփութութեան պատճառով հրդեհի զոհ կը դարձնենք հսկայ անտառներ, որկրամոլութեան ու անտարբերութեան պատճառով գետերը կը հոսին՝ փլասթիք շիշերով ողողուած:  Ովկիանոսներու մէջ ջրային աշխարհը կը սպանենք, ցամաքի վրայ՝ թռչուններն ու կենդանիները։ Ինչո՞ւ: Որովհետեւ բնութեան հանդէպ սէր չկայ:

Հայրենիքի հանդէպ սէրն ալ երկգլխանի ճշմարտութիւն է։ Այդ սէրը կամ ծայրայեղ դրսեւորումի աստիճանով առկայ է, կամ ալ ամբողջովին կը բացակայի: Ով որ կը սիրէ,  կեանքը կը զոհէ՝ առանց մէկ վայրկեան իսկ կասկածելու կամ երկմտելու: Բայց նոյն սիրոյ հակապատկերը եղող ծայրայեղ անտարբերութիւնը քիչ-քիչ կը մասնատէ,  կը քանդէ եւ կ’ոչնչացնէ հայրենիքի վերջին կտորը:

Ե՞րբ եւ ո՞ւր  որոշեցինք որ մեր կեանքը անտարբերութիւնը պիտի ուղղորդէ. այդ ինչպէ՛ս եղաւ, որ  նոյնիսկ  չենք նկատեր որ մենք մեզմէ, մեր անձէն բացի ոչ ոք եւ ոչ մէկ բան կը սիրենք: Անտարբերութիւնն ու սիրոյ բացակայութիւնը կործանարար  ու մեծ վտանգ պարունակող երեւոյթներ են։

<<Իսկական սէրը միայն բառերով չ’արտայայտուիր, որովհետեւ սէրը գործով կ’արտայայտուի>>,-Վ. Շէքսպիր։

Հայրենիքը բառերով, խօսքով չեն սիրեր։ Մեր սէրը գործով ցոյց տանք:

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ