Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

Արեւագալի Ժամերգութիւնը

Պատմականն ու Կառուցուածքը

Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ

Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Արեւորդիներուն Դարձը

            ԺԲ դարու մեր Ս. Ներսէս Շնորհալի մեծատաղանդ Կաթողիկոսը յօրինած է  ներկայ գողտրիկ ժամերգութիւնը զոր Հայ Եկեղեցին կը կատարէ Մեծ Պահոց չորեքշաբթի եւ ուրբաթ առաւօտեան ժամուն վեց շաբաթ շարունակաբար։ Ամերիկայի մեր թեմերէն ներս պայմաններու բերումով զայն կ՛երգենք կիրակի առաւօտուն փակեալ խորանի ետին կատարուող սուրբ պատարագէն առաջ կամ ետք։ Արեւագալի գլխաւոր պատգամն է Յիսուս Քրիստոս աշխարհի Լոյսը ընդդէմ մեղսալից եւ խաւարային աշխարհի՝ ուղղուած Սուրբ Հոգիին եւ ի դէմս Յարութեանն Քրիստոսի։

            Արեւագալի ժամերգութեան ծագումն ու զարգացումը իմ կարծիքով կապ ունի Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի ժամանակակից «Արեւորդիք» անունով հայ աղանդաւորներուն հետ։ Արեւորդիք թէեւ հայ քրիստոնեաներ էին, սակայն արեւի պաշտամունքը կը գերադասէին մերժելով միանգամայն եկեղեցւոյ սրբազան խորհուրդները, քահանայական կարգն ու առաքելական յաջորդականութիւնը, յիշեցնելով ժամանակակից Պավղիկեան եւ Թոնդրակեան աղանդները, որոնք 6-րդ դարէն 8-րդ դար տարածուած էին Բիւզանդիոնի եւ Հայաստանի մէջ, եւ  յայտնապէս անոնց մնացորդներն էին՝ հեռացած Հայ Եկեղեցիէն։

            Ս. Ներսէս Շնորհալի իր յայտնի «Ընդհանրական Թուղթ» կոնդակներու եւ շրջաբերականներու հաւաքածոյին մէջ մտահոգութեամբ կ՛ակնարկէ Արեւորդիներուն եւ անոնց դարձի մասին պայմաններ ու կարելիութիւններ կ՛առաջարկէ։ Նոյնիսկ աղանդաւորներուն կողմէ խնդրանք եղած է որ Հայրապետը զիրենք ետ ընդունի Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ գիրկը։

            Պատմական այս տուեալները հիմքը կը կազմեն Արեւագալի Ժամերգութեան ծագումին, իմաստուն մօտեցումով, անոնց լեզուով խօսելով, ու ճարտար դարձուածքով, որպէս դրական հակազդեցութիւն, շահելու եւ դարձի բերելու աղանդաւորները, տալով Արեւորդիներուն ճշդուած յարաբերութիւնը արեգակին եւ Աստուծոյ Որդիին, արեգակնային լոյսին եւ «Իմանալի Լոյս»ին միջեւ։ Արեւելքն ու արեւմուտքը, հիւսիսն ու հարաւը արեւորդիներուն ուզած բառերն են եւ հաւա-տացածը, այս անգամ սակայն Քրիստոսի ու Աւետարանի ճամբով։ Հոս կը կայանայ Շնորհալի Հայրապետին իմաստուն եւ հայրախնամ հոգածութիւնը հանդէպ արեւորդիներուն ու անոնց դարձին դէպի Մայր Եկեղեցի։ Արեւագալ բառն ինքնին ճոխ է եւ խօսուն ու կը յայտնէ բնութեան լաւագոյն մէկ երեւոյթը որ ամենօրեայ երկրածին պարգեւն է աշխարհին։

Գլխաւոր Պատգամը     

            Արեւագալի Ժամերգութեան կեդրոնական պատգամը անշուշտ Լոյսն է։ Բառը 32 անգամ գործածուած է, 17 անգամ միայն «Լոյս, Արարիչ լուսոյ, առաջին լոյս» գեղահիւս երգին մէջ։

            Իբրեւ մուտք արեւածագն է որ կը շեշտուի որպէս Արարչին առաջին ստեղծագործութիւնը։ Ֆիզիքական եւ տեսանելի արեգակնային լոյսին տակ, որ    կը ծագի հաւասարապէս արդարներուն ու մեղաւորներուն վրայ, եւ ուր նաեւ կը յայտնուին մարդոց բարի եւ չար գործերը, պայծառ կ՛երեւի եւ տիրապետող կը դառնայ «Իմանալի Լոյս»ը, որ աստուածային Լոյսն է՝ արտայայտուած Սուրբ Երրորդութեան երեք դէմքերուն՝ Հօր, Որդւոյն եւ Սուրբ Հոգւոյն միջոցաւ։ Այստեղ այդ Լոյսը մէկ նպատակ ունի՝ ընթացք դէպի «Ճանապարհ եւ Ճշմարտութիւն»։

            Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի վերլուծմամբ այդ Իմանալի Լոյսն է որ առաւել   եւս կը պայծառանայ սուրբերու բարեխօսութեամբ։ Թէեւ Արեւագալի միջանկեալ թեման սրբոց բարեխօսութիւնն է, անոր եզրափակիչ պատգամը սակայն  Ճանապարհն է, Ճշմարտութիւնը եւ Կեանքը որոնք յատկանիշները եղան Տիրոջ։ Արեւագալը կը տարբերի միւս ժամերգութիւններէն անով որ հոս չարի եւ բարիի, խաւարի եւ լոյսի հակադրութիւնը չէ շեշտուած, «խաւար» եւ «մեղք» բառերը միայն մէկ անգամ գործածուած են, այս ձեւով ժամերգութեան տալով աւելի դրական, հաճելի եւ ուրախառիթ մթնոլորտ մը։ Լոյսը դէպի ճանապարհ առաջնորդողն է, եւ արդէն Արեւագալի նպատակն այդ եղած է Ներսէս Շնորհալիի մտածողութեան մէջ։ Խաւարը փակուղի է, մինչդեռ լոյսը՝ իսկական ու ճշմարիտ ճանապարհը։

Կառուցուածքը

            Արեւագալի ընթացքը իր յատուկ բնոյթը ունի եւ կը բաղկանայ երգերու, քարոզներու եւ աղօթքներու յաջորդական կազմով։ Սուրբ Գիրքի ընթերցումները լայնօրէն ընդելուզուած են միայն Սաղմոսաց Գիրքէն, որմէ զատ ոչ մէկ հատուած կայ Աստուածաշունչէն, պարագայ մը որ ժամերգութեան զուտ անձնական յարաբերութիւնը կը ճշդէ Արարիչին հետ։ Կառուցուածքը ունի հետեւեալ մասերը։

            (ա) Առաջին մասը տիեզերական բնոյթ ունի, ինչպէս կը սկսի սա բառերով, «Ամենայն ազգ եւ ազինք, յարեւելից մինչեւ յարեւմուտս, ի հիւսիսոյ եւ ի հարաւոյ, օրհնեցէք զԱրարիչն արարածոց»։

            (բ) Երկրորդ մասը միջնորդական է եւ բարեխօսական։ Կը յիշատակուին ճգնաւորները, կամաւորները, նահատակներն ու մարտիրոսները, որոնց բարեխօսութիւնը կը հայցուի։

            (գ) Երրորդ մասը կեդրոնացած է բուն թեմային վրայ՝ ԼՈՅՍԸ իբրեւ արտայայտութիւն Սուրբ Երրորդութեան երեք անձերուն։ Լոյսին ստորոգելիներն են արդարութիւն, իմաստութիւն, բարեգթութիւն եւ խաղաղութիւն։

            (դ) Չորրորդ բաժինով կ՛եզրափակուի Արեւագալի Ժամերգութիւնը երբ Ճանապարհը՝ Քրիստոս կը գտնուի ու ապա կը ճանչցուի նաեւ որպէս Ճշմարտութիւն      եւ Կեանք։

Աստուածաբանութիւնը

            Արեւագալը հիմնաւորուած է աստուածաբանական որոշ գիտելիքներու վրայ, գլխաւորաբար Սուրբ Երրորդութեան եւ սուրբերու բարեխօսութեան, որոնցմէ կը   ստանայ իր վարդապետութիւնը։ Անկասկած այս երկուքն ալ իրենց կարգին ծնունդ կ՛առնեն   Սուրբ Գիրքի տուեալներէն։ Արեւագալի Ժամը Երրորդութեան երեք Անձերուն ուղղեալ միացեալ պաշտամունքով կը բացատրէ «Իմանալի Լոյս»ին աղբիւրը։ Հայրը որպէս ստեղծիչ Լոյսին, Որդին որպէս արեգակ, որուն անունը արեգակէն առաջ փառաբանուած է, եւ Հոգին որ իր գոյութիւնը բխումն ի Հօրէ կը դաւանինք։

            Մարդեղութեան վարդապետութիւնը, այսինքն Աստուծոյ որպէս մարդ ծնանիլը, հարեւանցի կերպով յիշուած է Արեւագալի առաջին աղօթքին մէջ, ուր «անչափելին Աստուած ի չափաւորութիւն եկած է», այսինքն ժամանակի եւ միջոցի մէջ յայտնուած է մարդոց փրկութեան համար, տեսանելի եւ շօշափելի յարաբերութեամբ։

            Աւելի կարեւոր շեշտը դրուած է «սրբոց բարեխօսութեան» վրայ որոնց ներկայութիւնը հնաւանդ եկեղեցիներուն մէջ կարեւոր տեղ գրաւած է։ Արեւագալի     Ժամը շեշտակի եւ կրկնակի կը յիշէ ճգնաւորները, մարտիրոսները, նահատակները եւ կամաւորները զանոնք դասակարգելով որպէս ախոյեաններ հաւատքի՝ իրենց արեամբ մկրտութեամբ «ի մահ խաչին», յանուն Քրիստոսի եւ Իր հետ։

Եզրակացութիւն

            Վերեւի տուեալներով Արեւագալի Ժամերգութիւնը արեգակէն դէպի աղբիւրը  լոյսին առաջնորդող ճանապարհն է, նոյն ինքն Քրիստոս դաւանելով այդ Լոյսը։ Ընթացք մըն է տարբեր մարդոց առօրեայ կեանքին ընթացքէն որ միշտ ենթակայ է երբեմն լոյսի եւ երբեմն խաւարի։ Թելադրանքն է լոյսի ճանապարհին հետեւիլ, հեռանալով խաւարէն որքան կարելի է, եւ այդ լոյսի ընթացքը գտնել Քրիստոսի Աւետարանին մէջ որուն հետեւեցան վերոյիշեալ սուրբերն ու նահատակները։

            Հարկ է սակայն յիշեցնել թէ սուրբերը չեն պաշտուիր, այլ միայն կը պատուուին, վասնզի պաշտամունքը միայն Աստուծոյ եւ Սուրբ Երրորդութեան յատուկ է, մինչդեռ սուրբերը եկեղեցւոյ ծոցէն ծնած   են, կեանքի գնով հաւատարիմ մնացած են Քրիստոսի, ըլլալով Իր նախավկաները ու միայն Քրիստոսի շնորհքով դարձած են բարեխօսութեան արժանի դեսպանները։     

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ