Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Մարդու Կարեւորագոյն Առաքելութիւնը Մարդասիրութիւնն Է

Գրեթէ մէկ շաբաթէ ի վեր  Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմ տեղի կ’ունենայ։ Շատ ու շատ բաներ 2020 թուականի հայ-ազրպէյճանական պատերազմը կը յիշեցնեն։ Թէ՛ քաղաքական զարգացումները, թէ՛ քաղաքական յայտարարութիւնները, թէ՛ շատ երկիրներու կեցուածքը, եւ թէ՛ նոյնիսկ քաղաքացիներու վերաբերմունքն ու յայտարարութիւնները մեծ մասամբ նոյն գործելակերպը կը կրկնեն։

Պատերազմի ատեն ոչ մէկ կող լիարժէք յաղթող կը հանդիսանայ: Նոյնիսկ յաղթելու պարագային յաղթող կողմը մարդկային եւ նիւթական կորուստներ կ’ունենայ։ Իտէալական հասարակարգի պարագային, մարդիկ նիւթական պաշարներու կամ քաղաքական առաջնորդութեան համար զիրար չէին սպաններ,  կ’ապրէին համերաշխ, բարեկեցիկ եւ եղբայրաբար։ Բայց այդպիսի հասարակարգեր միայն մեր մանկապատանեկան պատկերացումներուն մէջ կան: Իրականութեան մէջ այնպիսի հասարակարգի մը մէջ կ’ապրինք, ուր զօրաւորը միշտ ճիշդ է։ Իսկ որպէս արդիւնք, կ’ունենանք նահատակուած հազարաւոր զինուորներ, զոհուած երեխաներ, զոհուած խաղաղ բնակչութիւն, աւերակի վերածուած քաղաքներ-գիւղեր, որբեր, հաշմանդամներ… Աշխարհի մէջ երեւի նոյնիսկ մէկ մարդ չի գտնուիր,  որ կը խրախուսէ պատերազմը՝ մարդկային կորուստներու գինով։

Մարդ ըլլալու կարեւորագոյն առաքելութիւններէն մէկը մարդասիրութիւնն է։ Եթէ միայն կոչերն ու համոզումները օգնէին պետութեան առաջնորդներուն հեռու մնալու պատերազմներէն եւ զինուած յարձակումներէն, երեւի թէ մոլորակի ամբողջ մարդկութիւնը կը միանար խաղաղութեան եւ մարդասիրութեան կոչին։ Շատ ու շատ ափսոս հազարաւոր կորուստներու համար, զոհուած զինուորներուն համար, անօթեւան մնացած ու փախստական դարձած մարդոց համար, որոնք երկրագունդի տարբեր վայրերու մէջ եւ տարբեր ժամանակաշրջաններուն տեղի կ’ունենան ու դեռ տեղի պիտի ունենան…:

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ