Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Մեծ Պահոց Խոհեր

Խոստովանիլ Եւ Խոստանալ

Գործքով Վերադառնալ Դէպի Աստուած

Փետրուար 28- Ապրիլ16 2022

Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ.ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Ապաշխարութեան մասին աստուածաբանական մօտեցումները թերի կը մնան, ըլլալով հանդերձ տեսականօրէն ճիշդ, իմաստասիրական մտորումները եւս կը մնան ակադեմական։ Հաւատացեալը անոնց կարիքը չունի եւ կամ չի հասկնար։ Առաջին պատեհութեամբ եւ անպայման ան պիտի դիմէ Աւետարանին։

Երկու Ուղղութեամբ

            Մեծ Պահքի հոգեւոր պատրաստութեան շրջանը կը սկսի այսօր 2022 Փետրուար 28-ին, եւ մեզի պարտք կ՛իյնայ յիշեցնել մեր հաւատացեալներուն ապաշխարանքով եւ խոստովանանքով խոստանալ Աստուծոյ իր պարգեւած ներման շնորհին, գործքով պատասխանել եւ ոչ միայն կրաւորական սպասումով։ Ենթակայական ըլլալ այնքան կենսական է այս պարագային որքան ապաւինիլ Աստուծոյ շնորհաց։ Խոստովանանքի եւ ապաշխարութեան Հայ Եկեղեցւոյ ընծայած առիթը մէկ ուղղութեամբ չէ որ պիտի ընկալենք, այլ երկու ուղղութեամբ, խոստովանելով եւ խոստանալով, նախ Աստուծմէ դէպի հաւատացեալը, եւ փոխադարձաբար երկրորդ ուղղութեամբ՝ մարդոցմէ դէպի Աստուած, գործքով եւ վճռական որոշումներով, այլապէս միայն ապաւինիլ «Աստուած թողութիւն շնորհեսցէ» ներողամիտ պարգեւին եւ ձեռնածալ սպասել մեր մեղաց թողութեան, կը մնայ ձեւական եւ ապարդիւն։

            Եթէ ուշադիր կարդանք ինչ որ ամէն կիրակի խմբական կամ անձնական խոստովանանքի ատեն կ՛արտասանենք, ամէն մէկ հատուածի մէջ ոչ միայն կը խոստովանինք մեր մեղքերը, կեանքի մէջ գործելի գրեթէ ամէն մեղք թուելով, այլ կը խոստանանք նաեւ զանոնք չկրկնել, նոյնիսկ եթէ հետզհետէ եւ ոչ միանգամայն։ Առիթը օգտագործելով կարելի չէ Աստուծոյ շնորհած քաւութեան եւ մաքրութեան դիմաց մնալ կրաւորական, ըսելով որ «ամէն կիրակի առիթը ունիմ մեղքերս խոստովանելու» դիւրին ճամբան գտած ըլլալով։ Խոստովանանքին «գինը» պէտք է վճարել որ է վճռական խոստումը։ «Մարդ ստեղծուեցաւ Աստուծոյ պատկերին համաձայն», որ կը նշանակէ աստուածային կայծ մը կայ ամէն մարդուս մէջ որ կարող կը դարձնէ միտքով եւ հոգիով, կամքով եւ ներքին արիութեամբ, գործքով պատասխանել նոյն շնորհաց։ Խոստովանիլ եւ խոստանալ զիրար պէտք է լրացնեն, այլապէս կը թերանանք մարդկային մեր պարտաւորութեանը մէջ «օգնելու» Աստուծոյ տուած պարգեւին մէջ, մենք մեզի օգնած չըլլալով, եւ մեղքի կեանքը  շարունակելով ։

Խոստովանանք

            Երբ հաւատացեալներ կը կարդան եւ կամ կը լսեն խոստովանանքի յատուկ մեղքերը, այնտեղ նաեւ լռելեայն կը խոստանան որ «չարաբանութիւն, սուտ, բամբասանք, հայհոյութիւն, որկրամոլութիւն, եւ «յարակից այլ մեղքեր» չգործեն։ Վստահաբար  խոստումը Աստուծոյ չի պատկանիր, այլ մեղաւոր մարդուն որուն վրայ պարտք կ՛իյնայ իր առօրեայ գործերու ընթացքին յիշել որ նոյն մեղքերը պիտի չգործէ որքան մարդկայնօրէն կարելի է, մասնաւորաբար Մեծ Պահքի այս շրջանին երբ քրիստոնեան ուտելիքի եւ հաճոյքներու չափն ու կշիռը իրենց նուազագոյնին պէտք է իջեցնէ։ Աստուածատուր «պատկերը» պէտք է վերականգնի մարդուս մէջ եւ անով զինուած ան պիտի խոստանայ խոստովանած մեղքերը նախ նուազեցնել եւ ապա բոլորովին իր կեանքէն մաքրել։

            Երբ իւրաքանչիւր ինը ցանկագրուած տուներուն մէջ ճշգրիտ մեղքերուն անուանումը կը կատարուի, հաւատացեալը ինք կ՛ըլլայ այդ մեղքերուն ենթական, քանի որ առաջին դէմքով շարադրուած են անոնք։ Միայն թուելով եւ խոստովանելով չէ որ մարդիկ կը բանան իրենց ներքին աշխարհը Աստուծոյ առջեւ, այլ զանոնք իրենց բերնէն եւ սիրտէն «մեղայ Աստուծոյ», այսինքն «Աստուծոյ առջեւ մեղք գործեցի» յայտարարելով ներքնապէս կը համոզուին որ այդ մեղքերը այլեւս կրկնուելու չեն գործնապէս, ինչպէս ընդհակառակը կը կրկնուին շնորհաց աղբիւրը եղող «Աստուծոյ թողութիւնը», որ միեւնոյն ատեն չի կրնար պատեհութեանց օգտագործման առիթ ընծայել։ Աստուծոյ հետ «սակարկութիւն» չէ այդ յարաբերութիւնը, «այսօր կը ջանամ մեղք չգործել, եւ սակայն վաղուան մասին վստահ չեմ» ըսելով։ Աստուածաբանական եւ իմաստասիրական դրութիւնները թէեւ ճիշդ եւ սակայն կը մնան ակադեմական, մինչ հաւատացեալը անոնց պէտք չունի եւ կամ չի հասկնար, ան Աւետարանին պէտք ունի եւ հոն պիտի գտնէ իր հոգեկան խաղաղութիւնը։

Տիրոջ Առակներն ու Հրաշքները

            Հաւատացեալին համար Աւետարանական պարզ դասերն են հարկաւոր, այն բոլոր առակները որոնք Տիրոջ կողմէ խօսուած են գլխաւորութեամբ փարիսեցիի եւ մաքսաւորի, անառակ որդիին եւ իր հօր վերաբերմունքը, եւ նման բազմաթիւ առակներու, որոնք հաւատացեալ մարդուն պիտի օգնեն իր խոստովանանքէն ետք «վերադառնալ», ինչպէս անառակ որդին առանց գիտնալու «ապաշխարեց», հակառակ ուղղութեամբ, վատնելով ամէն ինչ եւ սակայն վերադարձաւ իր հօրը տունը, վերյիշելով ամէն բարիք, ամէն ապաւէն փորձելով ու թշուառ մնալով։ Նոյնպէս նաեւ Տիրոջ կատարած այնքան խօսուն եւ դաստիարակիչ հրաշքները որոնք ամրապէս հիմնուած եղան մեղքի քաւութեան վրայ։   Եթէ հաւատացեալը իր խոստովանանքով պիտի բուժուի, նախ հիւանդ եւ մեղաւոր ըլլալը պիտի ընդունի եւ Տիրոջ հրաշքով պիտի բուժուի, միշտ յիշելով որ մեղքն է հոգիին հիւանդութիւնը, այնպէս ինչպէս հիւանդութիւնը՝ մարմինին։

            «Քաւեալ լիցին քեզ մեղք քո» եղած է Քրիստոսի կատարած ամէն մէկ հրաշքի պայմանը, որ պարզապէս կը նշանակէ թէ ինչ որ հիւանդութիւնն է մարմնին համար, մեղքն ալ նոյնն է հոգիին համար։ Յիսուսի կատարած բժշկութիւնները հիմնապէս կտրուկ այս է որ կը պատգամեն, գլխաւոր պայմանը հիւանդին հաւատքը ըլլալով, քանի որ հիւանդը եկած է կամ բերուած Յիսուսի մօտ հաւատքի ճամբով, եւ ոչ թէ փարիսեցիական խորամանկութեամբ «տեսնենք ինչ պիտի ընէ» մտածելով։ Առաւել եւս, հիւանդութեան տեսակն ու անոր հրաշքով բուժման հետ մարդուս տրուած է աստուածային առանձին     եւ գործնական պատգամները։ Եթէ անդամալոյծը բժշկուեցաւ մեղքի թողութենէն ետք, Տիրոջ պատգամը զոյգ թելադրանքը եղաւ, մեղք չգործել եւ ուղիղ քալել։ Եթէ խուլն ու համր մարդը հաւատքով մօտեցաւ եւ բժշկութիւն խնդրեց, Տիրոջ պատգամը այս անգամ երեք եղաւ, մեղքերդ քաւուած են, ուղիղ խօսէ, խոստովանէ թէ ով բժշկեց քեզ։ Նոյնպէս մնացեալ բոլոր հրաշքները առանց բացառութեան։

Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ

            Հայ Եկեղեցւոյ 12-րդ դարու տաղանդաւոր Հայրապետը սքանչելի շարականներ ու աղօթքներ յօրինած է։ Անոնցմէ եթէ միայն «Հաւատով խոստովանիմ» 24 տուն աղօթքը ուշադրութեամբ կարդանք հոն եւս պիտի տեսնենք ապաշխարանքի վերաբերեալ համարներ ուր խոստովանանքն ու խոստումը, կրաւորականն ու ենթակայականը զիրար կը գրկեն այնքան ներշնչիչ կերպով։ Այս աղօթքը եւս անձնական աղօթք մըն է, առաջին դէմքով գրուած, իւրաքանչիւր անձ ինք իրեն վերապահելով մեղքն ու խոստովանանքը, անպայման նաեւ խոստումն ու անոր գործադրութիւնը։

            «Ամենախնամ Տէր», տունէն սկսեալ մինչեւ վերջ կը տեսնենք գործնական այն խնդրանքն ու պատգամը որուն մասին կը գրենք սոյն խոհերը։ Այսինքն խոստանալ որ մեր միտքն ու հոգին, ականջն ու լեզուն, ձեռներն ու ոտները գործի լծուին, ուղիղ լսեն եւ ուղիղ գործեն։ Խղճմտանքս եւ մարմնոյս մեղքերը մաքրուին, կ՛ըսուի յաջորդ տունին մէջ, ոչ անպայման ծանրութիւնը Աստուծոյ վրայ բեռցնելով, այլ գիտակցելով որ ինք պիտի ըլլայ մեղքերու մաքրութեան ենթական ու պատասխանատուն։ «Իմաստութիւն Հօր Յիսուս» համարին մէջ խորհիլ, խօսիլ եւ գործել «յամենայն ժամ» կ՛ըսէ Հայրապետը, շեշտը ենթակայական եւ գործնական դարձնելով, եւ ոչ միայն կրաւորական։ «Չար սովորութիւններէ դէպի բարի սովորութիւններ» երթալը կը պահանջէ կամք եւ վճռակամութիւն, որուն հետեւանքով մեղքը պիտի սրբուի մեր կեանքէն ներս։

            Շնորհալի Հայրապետի մէկ ուրիշ սրտագրաւ շարականին, «Տարածեալ ձեռք ընդ ձեռաց ոտք ընդ ոտից ընթանալեաց» հոյակապ պատկերին մէջ, «ընդ» շաղկապը յարատեւ գործածուած է «փոխարէն» իմաստով, ուրկէ պատգամը կը հասնի մեզի, Խաչին վրայ քամուած ձեռքերուն եւ ոտքերուն փոխարէն, գործող եւ ընթացող մեր ձեռքերն ու ոտները պիտի շարունակեն Խաչեցեալին սկսած գործը։ Կեանքը պիտի տիրէ մահուան փոխարէն, կ՛ըսէ, եւ «եկեղեցին հաստատուելով» Յիսուսի կողէն բխած արեամբ եւ ջուրով, մին Սուրբ Պատարագի ընծայումով եւ միւսը՝ ջուրով Սուրբ Մկրտութեամբ։ Այս կը նշանակէ թէ հաւատացելոց խումբը որ սուրբ եկեղեցին կը կազմէ երկրի վրայ, պարտաւոր պիտի ըլլայ Խաչը կեանքի վերածելու գործքով, եւ այդ պիտի ըլլայ խոստովանանքին «գինը» իր ընդարձակ իմաստով, անձնականէն ընտանեկան, ընտանեկանէն համայնքային եւ առ հասարակ ի նպաստ մարդկութեան բարօրութեան։

Ժամագիրքը

            Մեր եկեղեցւոյ Ժամագիրքը եօթ ժամերգութիւններ կը պարունակէ, սաղմոսներով, աղօթքներով, մաղթանքներով եւ շարականներով հարուստ ուր եւս կը գտնենք մեղքի եւ անոր Աստուծոյ եւ մարդոց յարաբերական կեցուածքի մասին։ Յատկապէս աղօթքներէն մին նկատի կ՛առնէ, օրինակի համար, «զի մի ունայն լիցին վաստակք ծառայից քոց»։ Հոս կը հասկնանք որ հաւատացեալները աշխատանք ու վաստակ պէտք է յատկացնեն թէ՛ եկեղեցւոյ եւ թէ՛ իրենց ընտանիքին համար, խնդրելով Աստուծմէ որ իրենց մեղքերը հակակշռուին անոնց հետ ու Աստուծոյ աչքին նուազ մեղաւոր ըլլան, երբ մանաւանդ կը շարունակէ ըսելով, «այլ համարեա զաշխատութիւնս մեր ի գործ արդարութեան եւ ի պտուղ աստուածպաշտութեան»։

            Կ՛եզրափակեմ Մեծ Պահոց իմ խոհերը աղօթական մեր քառասնօրեայ ժամապաշտութեանց միասնաբար մասնակից դառնալով սովորականէն աւելի անդին, հետեւելով առաւօտեան Արեւագալի ժամերգութեան՝ Քրիստոս որպէս Լոյս Աշխարհի, եւ երեկոյեան Խաղաղական եւ Հանգստեան ժամերգութեանց ուր յանուն մեր Փրկչին կը փայլին երկու մեծագոյն սուրբերը Հայ Եկեղեցւոյ՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին ու Սուրբ Ներսէս Շնորհալին իրենց գերազանց աղօթքներով եւ երգերով։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ