Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նախագահութեամբ Տեղի Ունեցաւ Հոգեւորականաց Ժողով Ընդառաջ Ղեւոնդեանց Քահանայից Տօնի

     Երեքշաբթի, 22 Փետրուար 2022-ին, առաւօտեան ժամը 9.30-ին, Միացեալ Նահանգաց Արեւմտեան Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ․ Յովնան Ս. Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի գլխաւորութեամբ, Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին առիթով Առաջնորդանիս Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ մէկտեղուել էին ինչպէս Թեմէն ներս իրենց ծառայութիւնը բերող, այնպէս ալ հանգստեան կոչուած հոգեւորականութիւնը։

      Նախքան ժամերգութեան մեկնարկը, ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Մայր Տաճարի հոգեւոր հովիւ՝ Արժ․ Տ․ Խաժակ քհնյ․ Շահպազեանը, որմէ յետոյ օրուան խորհուրդին համահունչ իր խորհրդածութիւնը ներկաներուն փոխանցեց՝ Սէաթըլի Ս․ Յարութիւն Հայց․ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ․ Տ․ Վազգէն քհնյ․ Պօյաճեանը։

    Ապա Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ առաւօտեան ժամերգութիւն, որի աւարտին հոգեւորականաց թափօրը օրուան խորհուրդը փոխանցող շարականներու հոգեպարար երգեցողութեամբ՝ շարժուեցաւ դէպի Մայր Տաճարի գաւիթին մէջ զետեղուած Թեմի հանգուցեալ եկեղեցականներու յիշատակը յաւերժացնող յուշատախտակին առջեւ, ուր կատարուեց հոգեհանգստեան պաշտօն անոնց հոգիներու խաղաղութեան եւ հանգստութեան համար։

     Ժամերգութեան աւարտին Առաջնորդարանի «ՀԱՄԲԱՐ» սրահին մէջ մեկնարկուեցաւ այս տարուան Հոգեւորականաց ժողովին անդրանիկ ընդլայնուած նիստը։ Միասնական Տէրունական աղօթքէն յետոյ բացման խօսքով հանդէս եկաւ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Ս․ Արք. Տէրտէրեան եւ ժողովի քննարկմանը բերուած գլխաւոր նիւթերէն առաջ ներկայացուց ընդարձակ զեկոյց մը՝  բաղկացած քսանէ աւելի կէտերէ։ Սրբազան Հայրը ի շարս այլ նիւթերու անդրադարձաւ նաեւ Արեւմտեան Թեմի 95 ամեակի, Թեմական Պատգամաւորական Ժողովի, Քահանայական թեկնածուներու, Թեմի հրատարակութիւններուն, ACYO,  CYMA, Reclaim եւ այլ հարցերու, ապա հրաւիրեց օրուան բանախօսները, ովքեր հերթաբար ներկայացուցին իրենց զեկոյցները:

     Առաջին զեկոյցի նիւթը` «Աստուածպաշտութիւն, Ծիսական Պաշտամունք եւ Քրիստոնէական Կեանք», (Հոգշ․ Տ. Տաճատ ծ. Վրդ. Եարտըմեանը):

      Երկրորդ զեկոյցի նիւթը` «Եկեղեցական Աղօթքը իբր Հոգեւոր Ապրում» (Արժ․ Տ․ Վազգէն Քհնյ․ Մովսէսեան)։

     Երրորդ զեկոյցի նիւթը՝ «Սուրբ Պատարագին մասնակցութիւնը եւ ներգործութիւնը հաւատացեալի կեանքին մէջ» (Արժ․ Տ․ Աւետիս Քհնյ․ Աբովեան)։

     Օրուան բանախօսները արժէքաւոր յղումներով, ինչպէս նաեւ   մանրամասնութեամբ  ներկայացուցին նիւթերը՝ սպառիչ պատասխանելով նաեւ իրենց ուղղած հարցերուն։

       Ապա կէսօրուան ճաշի հատումէն ետք սկիզբ առաւ ժողովին երկրորդ նիստը, որի ընթացքին, եկեղեցականները խորութեամբ անդրադարձ կատարեցին նաեւ ծիսական, ու գործնական այլ հարցերու, որոնք հովուական կեանքի մէջ մնայուն ներկայութիւն ունին։ 

      Ժողովին Առաջնորդ Սրբազան Հօր հրաւէրով մասնակից դարձան նաեւ՝ Գերշ․ Պարգեւ Արք․ Մարտիրոսեանը, ինչպէս նաեւ Արարատեան Հայրապետական Թեմէն ժամանած՝ Արժ․ Տ․ Գրիգոր Քհնյ․ Գրիգորեանը, ով Երեւանի մէջ կը համակարգէ տաուն համախտանիշով երեխաներու «Արեւ խնամքի կեդրոնի» աշխատանքները։

         Ժողովի վերջաւորութեանը Առաջնորդ Սրբազան Հայրն իր դրուատանքի խօսքն ուղղեց ներկայ եկեղեցականաց իրենց յանձնառութեան եւ նուիրեալ ծառայութեան համար, ինչպէս նաեւ յորդորեց, որպէսզի անոնք Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց աննկուն ոգով շարունակէն  ծառայել «Վասն Հաւատոյ եւ Վասն Հայրենեաց»։

         Հուսկ ամենայնի՝ ժողովն աւարտուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Հայր Մեր» եւ «Պահպանիչ» աղօթքներով։

Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից Տօնը  Նշուեցաւ Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագով

      Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 6:30-ին՝ Նախագահութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ․ Յովնան Ս․ Արք․ Տէրտէրեանի, Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։

     Պատարագին ներկայ էին Գերշ․ Տ․ Պարգեւ Արք․ Մարտիրոսեանը, Թեմիս հոգեւորականաց դասը, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւնը։:

     Օրուան Պատարագիչն էր Օկլենդի Ս․ Վարդան Հայց․ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ․ Տ․ Գրիգոր Քհնյ․ Զաքարեանը։ Պատարագի եւ եկեղեցական շարականներու հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց Մայր Տաճարի «Շնորհալի» երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ՝ Բրշ․ Րաֆֆի Սրկ․ Միքայէլեանի։

       Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանաներու տօնին խորհուրդը հաւատացեալներուն փոխանցեց թեմի երիցագոյն եկեղեցականներէ՝ Հոգշ․ Տ․ Տաճատ Ծ․ Վրդ․ Եարտըմեանը։ Հայրը Սուրբը իբրեւ բնաբան ունենալով Եղիշէի հետեւեալ տողերը. «Այս հաւատքէն ոչ մէկը կրնայ մեզ խախտել եւ հեռացնել, ոչ հրեշտակները, ոչ մարդիկ, ոչ կրակը եւ ոչ ալ սուրը, ոչ ջուրը, ոչ ալ որեւէ դառն հարուած։ ․․․ Մեր հաւատքին ուխտը Աստուծոյ հետէ անլուծելի կերպով, ինչ որ անհնար է քանդել ու հեռանալ անկէ ոչ ներկայիս ոչ ապագային, ոչ յաւիտեանս յաւիտենից» (Եղիշէ, Երեւան 1989, էջ134), ապա իր խօսքը ձեւակերպեց ՝ ասելով, ահա՛ Հայ Առաքելական Սուրբ եկեղեցին տարին մէկ անգամ, պաշտօնապէս եւ յատուկ խանդաղատանքով կ’ոգեկոչէ յիշատակը Ե դարուն նահատակուած Ղեւոնդեանց քահանայից անունը կրող հոգեւորականներու դասին եւ երկու օր ետք ալ Վարդանանց մարտիրոսներուն։ Կ’ոգեկոչենք զարմանալի հաւատարմութեամբ՝ վերապրելու համար Քրիստոսի հանդէպ մեր հաւատքը, մեր Եկեղեցին եւ Հայրենիքը պաշտպանելու անոնց մարտիրոսութեան մարդկային եւ քրիստոնէական բացառիկ նշանակութիւնը եւ արժէքը։ Այնուհետեւ Հայր Սուրբը թափանցելով հայ ժողովուրդի պատմութեան խորքերը՝ եզրափակեց իր խօսքն ըսելով․ «Քրիստոնեայ աշխարհի մէջ կա՞յ արդեօք նման ժողովուրդ մը, որուն համար կրօնքը կեանք եւ կեանքն ալ կրօնք եղած ըլլայ։ Այս հոգիով է, որ մեր ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին դիմաւորեց իր թէ Քրիստոնէական եւ թէ ազգային ինքնութեան դէմ ողղուած բիրտ ոյժը»։

    Յաւարտ Սուրբ Պատարագի տեղի ունեցաւ «Հայրապետական Մաղթանք»՝ ի յիշատակ Ղեւոնդեանց քահանայից տօնի եւ Ազգիս Վեհափառ Հայրապետ՝ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի անուանակոչութեան առթիւ։

Դիւան Առաջնորդարանի

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ