Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Շնորհաւոր Կանանց Միջազգային Օրը

Սիրելի մայրեր, քոյրեր, դուստրեր․․․

Սիրելի կանայք․․․

Թէեւ կանանց միջազգային օրը կը տօնենք տարուան մէջ միայն մէկ օր, բայց ի խորոց սրտի կ’ուզեմ մաղթել, որ բոլորիդ կեանքը ունենայ այնպիսի հնարաւորութիւն, որ տօն ըլլայ ոչ թէ միայն մէկ օրը, այլ՝ 365 օրերը։

Թող ձեր կեանքը ըլլայ լիարժէք, անցնի խաղաղութեան եւ բարօրութեան մէջ։ Ձեր ապրած իւրաքանչիւր օրը թող արժեւորուի մնայուն գործերով։ Ձեր կեանքի իւրաքանչիւր օրը ըլլայ լիարժէք ու գնահատուած:

Թող, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը ունենայ իր տեսլականի համապատասխան կեանքը ապրելու բոլոր նախապայմանները, որպէսզի ձեր կեանքը կառուցէք ու վայելէք ճիշդ այնպէս, ինչպէս ձեր սրտի, հոգիի եւ երազանքներու  ներդաշնակ էութիւնը կը թելադրէ:

Թող ձեր ձեռքբերումները շէնցնեն գիտութիւնը, մշակոյթը, կրթութիւնը։ Թող ձեր սերունդները ըլլան այն որդիներն ու դուստրերը, որոնք պիտի դառնան ձեր կեանքի ու գործի, ձեր վառ պահած օջախի շարունակողները։

Մայրերը, կանայք, քոյրերն ու դուստրերը  ունենան այն երջանկութիւնը, որ որդին, ամուսինը, եղբայրը, հայրն են․․․

Մանկիկի ծննդեան ուրախութեան արցունքներէն բացի երբեք արցունք չհոսի:

Գնահատուած , սիրուած եւ արժեւորուած ըլլաք սիրելի հայ եւ համայն աշխարհի կանայք։

Շնորհաւոր կանանց միջազգային օրը․․․

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ