Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, 2024

Շաբաթաթերթ

ՄԱՀԱԶԴ

ՍԻԼՎԱ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ – ՔԻՒՓԷԼԵԱՆ

(Ծնեալ Օգոստոս 19, 1955 Պէյրութ)

Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ տիկնոջ, մօր, մեծ մօր եւ քրոջ՝ Սիլվա Թիւթիւնճեան-Քիւփէլեանին մահը որ պատահեցաւ Փետրուար 15, 2022-ին յետ երկարատեւ հիւանդութեան։

Տան կարգը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 21, 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1։00-ին Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, 2215 E. Colorado Blvd., Pasadena CA 91107, ապա թաղումը պիտի կատարուի Hollywood Hils Forest Lawn գերեզմանատան մէջ։

Սգակիրներ՝

Ամուսինը՝ Կարօ Քիւփէլեան

Դուստրը՝ Տէր եւ Տիկ. Պրայըն եւ Փաթիլ Քաճիօքա եւ զաւակը Մէյսըն Արամ

Զաւակը՝ Տէր եւ Տիկ. Գրիգոր եւ Հէմա Քիւփէլեան

Քոյրը՝ Տիկ. Անի Պոտրումեան եւ զաւակները Միհրան եւ Թամար

Քոյրը՝ Տէր եւ Տիկ. Գալուստ եւ Այտա Իմաստունեան

Քոյրը՝ Տէր եւ Տիկ. Կարօ եւ Ռիթա Մուրատեան եւ զաւակը Անդրանիկ

Քրոջ դուստրը՝ Տէր եւ Տիկ. Իվան եւ Մարալ Մածունեան եւ զաւակները Ալիք, Քայլա եւ Դանիէլ

Տալը՝ Օրդ. Շաքէ Քիւփէլեան

եւ համայն Քիւփէլեան, Քաճիօքա, Պոտրումեան, Իմաստունեան, Մուրատեան, Պէզճեան, Ափէլեան, Հալաճեան, Աճեմեան ընտանիքները, ազգականներն ու բարեկամները։


Թաղումէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Phoenicia Ճաշարանը, 343 N. Central Ave., Glendale CA 91203։


Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել՝ City of Hope հիւանդանոցին։

ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ԳԻԾԵՐ

Ողբացեալ Սիլվա Թիւթիւնճեան – Քիւփէլեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան Օգոստոս 18, 1955-ին Գրիգոր եւ Ազատուհի Թիւթիւնճեանի երրորդ դուստրը։

Նախնական ուսումը ստացած է Պէյրութի Երուանդ Տեմիրճեան վարժարանէն ներս, իսկ երկրորդական ուսումը շարունակած է ՀԲԸՄ Դարուհի Յակոբեան վարժարանէն ներս։ Բարձրագոյն կրթութիւնը շարունակելով Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը վկայուած է Radiology Technician վկայականով։

1974 թուականին Հոկտեմբեր 13-ին կ՚ամուսնանայ իր սիրեցեալ ամուսնոյն Կարօ Քիւփէլեանի հետ։

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով կը փոխադրուին Ժէտտա, Սէուտ Արաբիա։

1981 թուականին կը փոխադրուին Ամերիկա, Գալիֆորնիա նահանգը, ուր կը բախտաւորուին առջինեկ զաւակով՝ Փաթիլ, ապա մանչ զաւակով՝ Գրիգոր։ Երջանկութիւնը կ՚ունենայ առաջին թոռնիկը վայելելու, բայց աւաղ շատ կարճ ժամանակով։

Երեսուն եօթ երկար տարիներ աշխատած է City National Bank-ին մէջ, դժբախտաբար անողոք հիւանդութեան պատճառաւ կը ստիպուի հեռանալ աշխատանքէն։

Հանգուցեալը եղած է ՀԵԸ-ի Արենուշ, ՀԲԸՄ-ի անդամ, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կլենտէյլ Փասատինայի մասնաճիւղի վարչական անդամ եւ յիսուն տարիներ վեթերան անդամուհի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան։

ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ

Ողբացեալ Սիլվա Թիւթիւնճեան-Քիւփէլեանի մահուան տխուր առիթով, մեր խոր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի ամուսնոյն՝ Ընկ. Կարօ Քիւփէլեանին, Դուստրին՝ Տէր եւ Տիկ. Պրայըն եւ Փաթիլ Քաճիօքա-ին, Զաւակին՝ Տէր եւ Տիկ. Գրիգոր եւ Հէմա Քիւփէլեանին, ինչպէս նաեւ ընտանեկան պարագաներուն։

ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն

«Նոր Օր»ի վարչութիւն

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ