Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

ՄԱՀԱԶԴ

ՎԱՐԴԱՆ ԵԱՂՍԸԶԵԱՆ

18 Յունիս 1938, Հալէպ, Սուրիա – 1 Փետրուար 2022, Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա

Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր եւ հարազատին՝ ՎԱՐԴԱՆ ԵԱՂՍԸԶԵԱՆի մահը, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, 1 Փետրուար 2022-ին, Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա։

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 17 Մարտ 2022-ին, կէսօրուան ժամը 12։00-ին, Ֆորեսթ Լոն գերեզմանատան Old North Church եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք թաղման կարգը պիտի կատարուի նոյն գերեզմանատան մէջ, Հոլիվուտ Հիլզ (Forest Lawn Memorial Park – Hollywood Hills, 6300 Forest Lawn Dr, Los Angeles, CA 90068)։

Սգակիրներ՝

Տիկինը՝ Քաթիա Եաղսըզեան

Դուստրերը՝

Գալին եւ Արա Գանպէրեան

Վանիա եւ Մայք Շանլի

Թոռնիկները՝

Գօլէթ Գանպէրեան, Մաթէօ Գանպէրեան, Քեւըն Շանլի եւ Օուըն Շանլի

Քոյրը՝ Վարդուկ Մարտիրեան

եւ համայն Եաղսըզեան, Գանպէրեան, Շանլի, Համալեան, Մարտիրեան, Պոյաճեան,

Նորաշխարհեան, Ճէպէճեան, Ներսոյեան եւ Վարդերեսեան ընտանիքներ ու հարազատներ։

Փոխան ծաղկեպսակի կը խնդրուի նուիրատուութիւնները կատարել ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի Կրթաթոշակներու ֆոնտին։


Ատուր եւ Աղաւնի Եաղսըզեաններու որդին՝ Վարդան Եաղսըզեան, ծնած էր 1938-ին, Հալէպ, Սուրիա։ Անոր մահացած քոյրը՝ Զարուհի եւ եղբայրը՝ Յարութ, ամուսնացած էին Յակոբ Համալեանի եւ Անահիտ Առաքելեանի հետ։ Իսկ քոյրերէն Վարդուկը ամուսնացած էր ողբացեալ Մայք Մարտիրեանի հետ։

Վարդան Եաղսըզեան 1972-ին, Պէյրութի մէջ կ՚ամուսնանայ Քաթիա Նորաշխարհեանի հետ եւ 1984-ին անոնք կը տեղափոխուին Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա։ Այստեղ, Վարդան կը շարունակէ ծաղկեցնել ակնաբուժական իր հաստատութիւնը։ Հանգուցեալը յաջողակ ձեռնարկատէր էր, որ կը խօսէր քանի մը լեզուներ։

Չորս թոռնիկներուն հետ անցուցած պահերը երջանկագոյն ժամերն էին անոր համար։

Վարդան Եաղսըզեանի կատարած բարերարութիւններն ու բարեգործութիւնները հասած են աշխարհի ամենատարբեր կողմերը, արժանանալով Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնէն սրբատառ կոնդակի եւ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» մետալի։

Ողբացեալը պատուոյ նշան ստացած էր նաեւ Այնթապի հայրենակցական միութեան կողմէ։

Երիտասարդ տարիքէն գործուն մասնակցութիւն բերած էր սուրիահայ, եւ ապա՝ լոսանճելըսահայ համայնքային կեանքէն ներս, անդամակցելով եւ վարելով զանազան պաշտօններ Հալէպի Կիլիկեան վարժարանի, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան, Այնթապի հայրենակցական միութեան, ՀԲԸՄ-ի եւ ՍԴՀԿ-ի մէջ։ Շրջան մը Վարդան Եաղսըզեան վարած է նաեւ ատենապետութիւնը ՀԲԸՄ-ի Արեւմտեան ափի Շրջանակային յանձնաժողովին։

Թող անոր յիշատակը անթառամ մնայ բոլոր զինք ճանչցողներուն սրտերուն ու հոգիներուն մէջ։

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ