COVID-19-ին կրնայ «ընկերանալ» վարակիչ այլ հիւանդութիւններ, որովհետեւ հիւանդի մը դիմադրողականութիւնը կը տկարանայ եւ չի կրնար հիւանտութիւնները արդիւնաւէտօրէն դիմակայել։ Այսպիսի կարծիք յայտնած է վարակաբան Նիքոլայ Մալիշեւ։
«Խօսքը թէ՛ վիրուսային, թէ՛ սնկային հիւանդութիւններու, թէ՛ «պաքթերիըլ» վարակներու մասին է։ Այդ կը բարդացնէ հիւանդութեան ընթացքը՝ մեծ վտանգ ներկայացնելով անհատի մը համար, որ հիւանդ է կամ արդէն յաղթահարած է հիւանդութիւնը»,- ըսած է Մալիշեւ։
COVID-19-ը կրնայ յառաջացնել նաեւ ֆոնային այլ հիւանդութիւններու վատթարացում՝ նոյնիսկ առողջ մարդոց մօտ, տեղեկացուցած է Ura.ru-ն:
«Իմիւնոլոճիսթ» Նիքոլայ Քրիւչքով իր կարգին նշած է, որ քորոնա ժահրը հիւանդներու մէկ մասին մօտ «կ՛ընկերանայ» «սայքոթին էթէք» ով, շնչառական, լեարդի-երիկամներու եւ սրտի անբաւարարութեամբ, ինչպէս նաեւ թոքաբորբոքումով, ուղեղի կամ սրտի կաթուածով։
Afhil.com