Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Խորհուրդի Հերթական Ժողովը Գումարուեցաւ Ամն Արեւմտեան Թեմէն Ներս

      1 Մարտի 2022, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ․ Յովնան Ս․ Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի գլխաւորութեամբ՝ Առաջնորդարանի «Համբար» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու խորհուրդի հերթական ժողովը, որուն իրենց ներկայութիւնը բերին՝ Գերշ․ Տ․ Թորգոմ եպս․ Տօնոյեանը, Լոս Անճելըսի, Հարաւային Գալիֆորնիոյ և Հաուայան կղզիներու Ղպտական Ուղղափառ թեմի առաջնորդ՝ Միտրոպոլիտ Սերապիոնը, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգաց Ասորի արքեպիսկոպոսութեան պատրիարքական փոխանորդ Մար Կլեմիս Եւկենի Գապլանը, ուղեկցութեամբ իրենց թեմերու հոգեւորականաց։  Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին  նաեւ Արեւմտեան Թեմիս Լոս Անճելըսի շրջանի հոգեւորականները։

    Բացման աղօթքէն ետք, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Յովնան Ս․ Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան բարի գալուստ մաղթեց եւ պաշտօնապէս ներկայացուց ժողովին մասնակից եկեղեցականները։

      Յըթնացս ժողովի Առաջնորդ Սրբազան հայրերու կողմէ քննարկուեցաւ համատեղ միջոցառումներու անցկացումը՝ ինչպէս կիրակնօրեայ դպրոցներու, այնպէս ալ երիտասարդական առաքելութիւններու եւ մարդասիրական ծառայութիւններու ասպարէզներէն ներս։

      Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ խմբանկար Առաջնորդարանի «Թրփանճեան» շրջափակին մէջ։

             Դիւան Առաջնորդարանի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ