Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2024

Շաբաթաթերթ

Ողբ. Սիլվա Թիւթիւնճեան – Քիւփէլեանի Քաղցր Յիշատակին

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Որպէս մի ծաղիկ

Հողից դուրս ելայ,

Կեանքին ժպտացի

Անցայ գնացի։

Աշխարհը որպէս

Մի քնքուշ երազ

Աչքովս տեսայ

Անցայ գնացի։

Գուսան Շահէն

Երեքշաբթի, Փետրուար 15, 2022-ին, ՀԲԸՄիութեան, ԹՄՄ-ի մեծ ընտանիքները ընդհանրապէս եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան մեր անդամները ու համակիրները մասնաւորապէս, սրտի դառն կսկիծով իմացան գաղափարի թանկագին ընկերուհի, ազնուաբարոյ տիկին մը, մայր մը, մեծ մայր, քոյր եւ հարազատ մը՝ ողբ. Սիլվա Թիւթիւնճեան-Քիւփէլեանի մահուան սպասելի լուրը։  Արդարեւ հանգուցեալը վերջին երկու տարիներուն կը տառապէր անողոք հիւանդութեամբ, իրեն պահապան հրեշտակի պէս իր կողքին տուաւ այսպիսի նուիրեալ ամուսին մը՝ յանձինս Ընկ. Կարօ Քիւփէլեանին։

Աստուած հանգուցեալին ֆիզիքական գեղեցկութիւն տուած էր, իմաստութիւն եւ մարդկային ամենաբարի շնորհներով օժտուած էր։ Ան ապրեցաւ եւ տեսաւ իր երկու սիրասուն զաւակները, Փաթիլին եւ Գրիգորին եւ երջանկութիւնը ունեցաւ տեսնելու անոնց ամուսնութիւնը եւ մէկ թոռնիկը։

Ընկերուհի Սիլվան ծնած էր Պէյրութ, Օգոստոս 19, 1955-ին։ Ան Գրիգոր եւ Ազատուհի Թիւթիւնճեաններու երրորդ դուստրն էր։ Նախնական ուսումը ստացած էր ՀԲԸՄիութեան Պէյրութի Երուանդ Տեմիրճեան վարժարանէն ներս, իսկ երկրորդական ուսումը շարունակած է ՀԲԸՄ Դարուհի Յակոբեան վարժարանէն ներս։ Ապա յաճախած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը եւ արժանացած է Radiology Technician վկայականին։

Փոքր տարիքէն Սիլվան եղած է վառվռուն շէն ու շէնշող փոքրիկ պատանի-երիտասարդուհի մը։ Հոկտեմբեր 13, 1974-ին թուականին կ՚ամուսնանայ ՀԲԸՄիութեան ակումբի մէջ ծանօթացած իր սիրեցեալ ամուսին՝ Ընկ. Կարօ Քիւփէլեանի հետ, կազմելով հայաբոյր ու ջերմ ընտանիք։

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառաւ նորապսակ զոյգը կը փոխադրուի Ժէտտա, Սէուտի Արաբիա, իսկ 1981-ին ԱՄՆ կը փոխադրուին եւ կը հաստատուին Գալիֆորնիա նահանգը։ Հոս կ՚ունենան իրենց երկու զաւակները, Փաթիլն ու Գրիգորը։

Ընկերուհի Սիլվա  Քիւփէլեան երեսուն եօթ երկար տարիներ աշխատած է Ամերիկայի մեծանուն City National Bank-ին մէջ։ Արդէն այս գործին մէջ առաջին տարիներուն իսկ, հասած է դրամատան փոխ նախագահի պաշտօնին։ Շնորհիւ իր ջերմ ու սիրալիր բնաւորութեան, արտակարգ կարողութիւններուն համար, հանգուցեալը միշտ ալ վայելած է դրամատան բոլոր գործընկեր – գործընկերուհիներուն ու մանաւանդ յաճախորդներուն յարգանքին ու սիրոյն։

Ողբ. Սիլվան եւ ամուսինը Ընկ. Կարօն երկուքն ալ փոքր տարիքէն մաս կազմած են ազգային կեանքին եւ ԱՄՆ հասնելուն պէս մաս կազմած են ՀԲԸՄիութեան, ԹՄՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի զանազան միաւորներու մէջ գործելով։ Ընկերուհի Սիլվան եղած է ԹՄՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի Գերսամ Ահարոնեան Ակումբի վարչական։

Ընկ. Կարօն եւ ողբ. Սիլվան անբաժանելի ընկերներն էին ուրիշ համախոհ շատ համակրելի Ընկ. Հրաչ եւ ողբ. Մարօ Աճէմեաններուն։ Երիտասարդ այդ երկու զոյգերը մեր ընկերային ձեռնարկները ճոխացնող եւ մթնոլորտը ջերմացնող զոյգերն էին։

Ընկերուհի Սիլվան յիսուն տարիէ աւելի ՌԱԿ-ի վեթերան ընկերուհի էր, երբ ընկեր մը կամ միութենական անդամ մը նիւթական կամ առողջական դժուարութիւն ունենար, Ընկերուհի Սիլվան անմիջապէս կ՚առաջարկէր «կ՚ուզէք գումար մը հաւաքենք եւ տանք» անմիջապէս պայուսակէն գումար մը հանէր եւ կու տար։

Մշտաժպտուն, ծառայասէր եւ ընկերային շատ հաճելի ներկայութիւն մըն էր մեր շրջանակէն ներս, որուն համար երկար ատեն պիտի յիշենք այս թանկագին ընկերուհին, որ գիտցաւ Աստուածապարգեւ իր կեանքը արժեւորել եւ իմաստաւորել միշտ ծառայելով եւ օգնելով  իր ժողովուրդին եւ մարդկութեան։

Իսկ աննշան եթէ մնայ

Երկրի մէկ խորշ հողակոյտն իմ

Եւ յիշատակս ալ թառամի

Ահ, այն ատեն ես կը մեռնիմ։

Պետրոս Դուրեան

Հանգուցեալ Սիլվային Տան կարգը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 21, 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1։00-ին Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, իսկ թաղման կարգը տեղի պիտի ունենայ Hollywood Hils Forest Lawn գերեզմանատան մէջ, անկէ ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Կլէնտէյլի Ֆինիսիա ճաշարանին մէջ։ Կը խնդրուի նկատի ունենալ այս կարգադրութիւնները։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ